Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ


Արցախցի մանուկ մը

Լոռի Պէրպէրեան

Մանկութիւնը կեանքի ամէնէն ուրախ հանգրուաններէն մէկը պէտք է ըլլայ։ Համաձա՞յն էք։ Կ՛երեւի աշխարհը հակառակ կարծիք ունի այս նիւթին շուրջ, որովհետեւ հայրենաբնակ հայ երեխան դատապարտած է մանկութեան մը, որ անդադար կը ոտնակոխուի պատերազմի արիւնաքամ հետքերով։ Ամէնէն վաղ օրինակը այս ողբերգութեան՝ այս դարուն ծնած Արցախցիի մը  մանկութիւնն է։ 

Իմ տարիքիս Արցախցի մանուկ մը արդէն երկու պատերազմ տեսած է՝ մէկը տասներեք, իսկ միւսը տասնըեօթը տարեկանին։ Ան իր երանելի օրերը անցուցած է գերեզմանոցներ այցելելով ու իր դասընկերներուն մահուան առիթով անյապաղ ողբալով։ Իր ընկերները դիակներու կողքին տօնած են իրենց 18 տարեկանի տարեդարձները, զէնքը ամուր գրկած՝ մարած են կարկանդակի մոմերը։ Ու չեն վարանած պատմելէն իրենց բոլոր տեսածներուն մասին, ինչպէս` անգութ մահուան, արեան ու դժբախտութեան։ Անոր ապագայի երազանքները այնքան խառնուած են, որ ներկայիս իր երեւակայած ամենամեծ իրագործումը՝ մէկ օր եւս ողջ մնալն է։ 

Իսկ ինձմէ մի քանի տարի փոքր Արցախցի մանուկը մինչեւ տասը հաշուել սորվելէն առաջ սորվեցաւ աշխարհի անարդարութեան մասին։ Իր կեանքի առաջին լուսաբացերէն արդէն սորվեցաւ ճիչն ու ցնցումը ռումբի, հայեացքը սարսափի։ Ան առանց որեւէ չարութիւն ընելու զրկուեցաւ թաղի բակին մէջ ազատօրէն վազուզելէ եւ արեւի փայլուն ճառագայթներէն։ Ան իր ուզած խաղալիքը փնտռելու տեղ՝ իր անյայտ եղբօրը նկարը փնտռեց նահատակած երկար պաստառին վրայ։ Իրեն համար հերոս հայրը առասպել դարձած է արդեն, իսկ իր կեանքին սպառնացող սահմանակիցները՝ մղձաւանջերուն սովորական կերպարները։ Եկէք հիմա պատկերացնենք այս երեխան սովորական մանկան պէս պիտի մեծնայ, մտածէ ու երազէ։ Դժուար է, չէ՞։ 

Այս փոքրիկը ինչպէ՞ս պիտի պոռթկայ չարութեան դէմ, երբ արդէն գիտէ, թէ աշխարհը իր ականջները գոցած է ու որքան ալ լայ, պիտի չլսուի։ Այս մանուկը ինչպէ՞ս ինքնիրմով պիտի հպարտանայ, երբ աշխարհը իրեն արդէն համոզած է, որ իր գոյութիւնը այդքան ալ կարեւոր չէ։ Յոռեգոյն ուսուցիչը Արցախցի լուսաւոր մանկան համոզած է, որ ան արժանի չէ մանկութեան ընկերակցող անվե՜րջ անհոգութեան ու ազատութեան։ Մինչ այդ, թշնամին կը փորձէ քանդել Արցախի դպրոցները ու ջնջել անոնց սնուցանած յոյսն ու լաւատեսութիւնը Արցախցի մանկան յիշողութենէն։ 

Սակայն, պատերազմի ամենացնցիչ հետեւանքները կրելով հանդերձ, Արցախցի երեխան անյայտ միջոցով մը յաջողած է այտերը ընդդիմացնել արցունքներու հեղեղին ու մշտական ժպիտ մը ծաղկել իր երեսին վրայ։ Ու իր փոքր տարիքին արդէն ան հաստատ որոշած է, որ երբ մեծնայ քաջ զինուոր պիտի դառնայ ու իր ազգին փրկութեան համար պիտի պայքարի։

Այսպիսով՝ ամենադառն մանկութեան տէր Արցախցի մանուկը կը յաղթահարէ կեանքը ե՛ւ մահը։