Մատաղիսի Մէջ Կ՛իրկանացուի Արցախի Ամենամեծ Տնտեսական Նախագիծը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրես»,- Մատաղիսի մէջ տրուեցաւ աւելի  քան 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագրի մեկնարկը։ Այնտեղ պիտի կառուցուի Թարթառի աջափնեայ ջրանցքը, որ կանոնաւոր պիտի ոռոգովէ 10 հազար հեկտար հողատարածք: ‹‹Արցախ Հէկ›› ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է, որ այս ծրագիրով պիտի կառուցուին 2 խոշոր եւ 2 փոքր ջրամբարներ եւ 5 ջրաելեկտակայաններ` ընդհանուր առմամբ 200 միլիոն Ք․ուաթ/ժ ելեկտրականութեան արտադրութեամբ: Ծրագիրը պիտի իրականուցուի օտարերկրեայ ներդրողներու միջոցներով։

‹‹Ջրանցքը պիտի հասնի Թարթառի աջափնեայ հատուած` ոռոգելով աւելի քան 10000 հա սեփականաշնորհուած հողատարածք Մարտակերտի, Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ: Մեր ամենամեծ հողերը, ուր տարեկան տեղումներու քանակը շատ քիչ է եւ որ կրնայ շատ մեծ արդիւնք տալ, նոյն այդ հողատարածքներուն վրայ կը նախատեսուի զարգացնել այգեգործութիւնը:

«Եթէ ընդհանուր առմամբ յառաջիկայ 5-7 տարիներուն մենք կրցանք 10000 հա նոր այգի տնկել, ապա ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ համախառն միրգի արտադրութիւնը հասցնել աւելի քան 200.000 թոնի, որ իր հերթին տասնեակ վերամշակող գործարաններու ստեղծման շարժառիթ պիտի հանդիսանայ: Առանց այս նախագիծի ատիկա թերեւս անհնարին պիտի ըլլար», նշած է Յարութիւնեան:

Անոր խօսքով` ծրագրի ծիրէն ներս միայն ելեկտրականութեան մարզին մէջ պիտի ստեղծուի աւելի քան 150 նոր աշխատատեղ:

Անդրադառնալով նախագիծի քաղաքական կողմին` ան ըսած է, որ տարիներէ ի վեր Արցախի իշխանութիւնները թէ՛ հրապարակաւ եւ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջոցով դիմած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն` Սարսանգի ջուրերը համատեղ օգտագործելու առաջարկով, քանի որ նախկին ջրանցքի ամբողջական մէկ հատուածը ներկայիս կը գտնուի ատրպէյճանական զօրքերու գրաւած տարածքներուն մէջ: Առաջարկը, սակայն, միշտ մերժուած է: Նախագիծի իրականացումով, ըստ Ա. Յարութիւնեանի, խնդիրը պիտի ստանայ վերջնական լուծում, եւ հարցի շուրջ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ այլեւս քննարկման խնդիր պիտի չըլլայ:

Իսկ ներդրող` «Մ.Էներգօ-լ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Մամունց ըսած է, որ հողատարածքները պիտի սկսին ոռոգովելու 2.5 տարի յետոյ, իսկ ընդհանուր ծրագրի իրագործումը պիտի տեւէ 4 տարի:

«Այժմ մասնագէտները կ՛ուսումնասիրեն ջրանցքի կառուցման հնարաւորութիւնները: Տեղանքի որոշ դժուարութիւններ կան, քանի որ ջուրը պէտք է անցնի սարերու մէջէն: Ներկայիս կ՛իրականացուին նախագծային աշխատանքները››, նշած է Մամունց: