Մարաշէն Մինչեւ Եգիպտոս Ու Այսօր Արդէն` Երեւան. Կեանք Փրկած Վերարկուի Մը Պատմութիւնը


Եգիպտահայ Երուանդ Գանիմեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց իր հօր վերարկուն: Հայրը` Էֆլաթոն Գանիմեանը, այս վերարկուն կրած է Մարաշէն մինչեւ Եգիպտոս գաղթի ճանապարհին:

Էֆլաթոն Գանիմեան մեծ ընտանիքի` Յովհաննէս Գանիմեանի եւ Մարիամ Չալէյեանի եօթներորդ զաւակն էր, ծնած էր Մարաշ` 1900ի Օգոստոս 16ին:

1920ի սկիզբը, երբ ֆրանսական զօրքերը կը հեռանային Մարաշէն Էֆլաթոն Գանիմեան գաղտնի միանալով անոնց` հեռացած է հայրենի քաղաքէն: Ցուրտ եղանակային պայմաններուն դիմակայելու համար` Մարիամ` Էֆլաթոնի մայրը, իրենց տան գորգը վերաձեւած է վերարկուի եւ տուած որդիին: Ֆրանսական զօրքերուն հեռանալէն ետք քեմալականները կը մտնեն Մարաշ, հայերը կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան եւ շուրջ 20 օր կենաց մահու կռիւ կու տան: Երիտասարդ Էֆլաթոն փրկուեցաւ վերահաս մահէն` նախապէս փախուստի դիմելով: Էֆլաթոն Գանիմեան Եգիպտոս գաղթելէ ետք կ’ամուսնանայ Ազնիւ Օրջանեանի հետ եւ կ’ունենան հինգ երեխայ: Էֆլաթոն Գանիմեան մահացած է 1985ին:

Մարաշը (Գերմանիկէ) կը գտնուի Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ` Ատանայէն մօտ 60 քմ հիւսիս` Տաւրոսի լանջերուն, Սէյհան կամ Ճիհուն գետի արեւելեան հովիտին, այժմեան Թուրքիոյ մէջ: Մարաշ անունը յայտնի է հին ժամանակներէն : Ան Կիլիկիոյ հայաշատ ու հարուստ քաղաքներէն էր: Դեռեւս խաչակրաց արշաւանքներու շրջանին (11-13րդ դարեր) Մարաշի եւ անոր շրջակայքը հայերը բնակչութեան գերակշռող տարրն էին: 16րդ դարուն Մարաշն անցած է Օսմանեան Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ: Ժամանակակից Մարաշը հիմնադրուած է 17րդ դարուն: Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ Մարաշն ունէր շուրջ 40,000 հայ բնակչութիւն, որոնք հիմնականին մէջ կը զբաղուէին առեւտուրով, արհեստով, երկրագործութեամբ:

Մարաշցիներու, ինչպէս նաեւ ողջ արեւմտահայութեան նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ գործադրուած բռնաճնշումներն ու հայահալած քաղաքականութիւնը սաստկացաւ յատկապէս 19րդ դարու 2րդ կէսէն: 1895ի Նոյեմբեր 5ին (17 նոր տոմարով) թրքական կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ջարդը, որ մարաշցիներուն մօտ յայտնի է «Մեծ կոտորած» անունով, խլեց շուրջ 1000 հայու կեանք:

Մարաշի հայութեան տարագրութիւնը կը սկսէր 1915ի Յուլիս 25ին (Օգոստոս 7) հիմնականօրէն դէպի Սուրիա: Անոնցմէ շատերը կոտորուեցան գաղթի ճանապարհին կազմակերպուած ջարդերուն ժամանակ:

1918ին Մուտրոսի զինադադարէն ետք, երբ թրքական զօրքերը դուրս բերուեցան Կիլիկիայէն, շուրջ 25,000 մարաշցիներ, որոնք 1915ին քաղաքէն տարագրուած ու հրաշքով ողջ մնացած էին, վերադարձան իրենց հայրենի քաղաք:

Օգտուելով դաշնակիցներու միջեւ առաջ եկած հակասութիւններէն` Օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան կողմը Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ հետզհետէ թափ հաւաքող ազգայնական շարժումը սկսաւ նպատակաուղղուած բռնութիւններ կիրառել հայ բնակչութեան դէմ` փորձելով կանխել անոնց վերադարձը:

1920ի Յունուար 21ին քեմալական զօրքերը յանկարծակի յարձակումով զգալի կորուստներ կը պատճառեն քաղաքին մէջ ամրացած ֆրանսական կայազօրին: 1920ին քեմալականները յաջողեցան պայմանաւորուիլ ֆրանսացիներուն հետ, որոնք իրենց զօրքերը դուրս հանեցին Կիլիկիայէն: Ֆրանսական հրամանատարութեան անորոշ դիրքորոշումը կը ստիպէ հայ բնակչութեան խիստ անհաւասար պայմաններու մէջ դիմելու ինքնապաշտպանութեան: Ինքնապաշտպանական փոքրաթիւ ուժերն, այլեւս անկարող ըլլալով դիմակայել թրքական գերակշիռ ուժերուն, ստիպուած կ’ըլլան յանձնուիլ թուրքերուն:

Շուրջ 20 օր տեւած գոյամարտը հայ ժողովուրդի պայքարելու վճռականութեան ապացոյցն էր:

Փրկուած մարաշցիներու պատառիկները ապաստան գտան Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, Եւրոպայի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Հրաւային Ամերիկայի մէջ, ԱՄՆ-ի մէջ։

Մարաշցիները իրենց հայրենակիցներուն նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն ցոյց տալու համար 1924ին կը հիմնեն Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը:

Երեւանի արեւելեան կողմը հիմնադրուած աւանը, ուր բնակութիւն  հաստատած են ներգաղթած մարաշցիները, ի պատիւ Մարաշի՝ անուանուած է Նոր Մարաշ: