Մարկ Արենի «Անատոլիական Պատմութիւն» Best Seller-ը Կը Բեմականացուի Յայտնի Դերասաններու Մասնակցութեամբ


«Թորոնթոհայ» – 2020-ի Ապրիլ ամսուան սկիզբէն Հայաստանի Հանրային Հեռուստակայանը՝ Հ1-ը, կը ցուցադրէ թրքացած հայերու թեման արծարծող հետաքրքրական եւ բարձրորակ հեռուստաշարք մը «Անատոլիական Պատմութիւն» անունով, որ նկարահանուած է Հայաստանի, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Արեւմտահայաստանի եւ այլ վայրերու  մէջ։

Բեմադրիչ Հրաչ Քէշիշեանի, սենարիստ Անահիտ Աղասարեանի, դերասաններ` Սերժ Աւետիքեանի, Խորէն Լեւոնեանի, Սօս Ջանիբէկեանի, Լուիզա Ղամբարեանի եւ այլ հայրենի դերասաններու մասնակցութեամբ նկարահանուած հեռուստաշարքը բեմադրուած է արձակագիր Մարկ Արենի (Կարեն Մարգարյան)` «Անատոլիական պատմութիւն, այնտեղ, որտեղ ծաղկում են վայրի վարդեր» վէպի նիւթին հիման վրայ։ 2008-ին հրատարակուած այս վէպը հանդիսացած է Երեւանի գեղարուեստական գրականութեան Best seller-ը։

Մուսթաֆա Ղազի անունով հայատեաց տարեց թուրքին ժամացոյցը կը դադրի աշխատելէ (ըստ թուրքերուն` մահուան նշան է) եւ ահա այդ օրուընէ սկսեալ կը փոխուի թուրքին կեանքը, իսկ մա՞հը…դիտելով պիտի իմանանք, թէ ո՞վ է կամ ի՞նչն է հոն մահացողը։

Հայկական օրօրոցային` “Օրրիմ”ը լսող մոլեռանդ թուրքին ու անոր չորս զաւակներուն կեանքը տակնուվրայ կ’ըլլայ, երբ անոնց դէմ կը բացուին անկանխատեսելի դռներ, որոնք Հայկական Ցեղասպանութեան ողբերգական իրականութիւնը կը պարզեն իրենց աչքերուն առաջ։

Մեծ վարպետութեամբ նկարահանուած ու բծախնդրութեամբ բեմադրուած հեռուստաշարքի ընթացքին հեռուստադիտողը հերոսներուն հետ կը բացայայտէ անցեալի գաղտնիքները, որոնք խաբուսիկ կեանք մը ապրող Մուսթաֆա Ղազիին ու անոր ընտանիքին համար անկիւնադարձային իրականութիւններ կ’ըլլան։

Վերջին երկու տարիներուն հայ գրական ստեղծագործութիւններուն նոր շունչ տուող Հայաստանի Հանրային Հեռուստակայանը, Ցեղասպանութեան 105-ամեակին եւ յատկապէս Ապրիլ ամսուան մէջ ներկայացուցած իր այս ուրոյն նախագիծով անգամ մը եւս կ’արժանանայ հեռուստադիտողին բարձր գնահատականին։

“Անատոլիական Պատմութիւն” հեռուստաշարքը կրնաք դիտել հետեւեալ յղումով

https://www.youtube.com/watch?v=dqFXkmXpZhI&feature=share

Հաճելի դիտում կը մաղթենք բոլորիդ։

Մարկ Արենի “«Անատոլիական պատմութիւն, այնտեղ, որտեղ ծաղկում են վայրի վարդեր» գիրքին կողքը

Մարկ Արեն վէպը գրելու դրդապատճառներուն մասին կը զրուցէ Հանրային Հեռուստակայանի թղթակիցին հետ: Հարցազրոյցը կրնաք լսել ստորեւ․