Մարսէյլի Հրապարակներէն Մէկը Պիտի Կոչուի Սողոմոն Թեհլերեանի Անունով


«Արմինըն Ուիքլի»․- Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Սողոմոն Թեհլերեանի անունով, որ 1921ի Մարտ 15ին Պեռլինի մէջ գնդակահարեց Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ Փաշան:

Հրապարակի բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21ին: Հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցին Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտին, շարք մը հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Մարսէյլի քաղաքապետարանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը:

1921ին Թեհլերեան մասնակցած է Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան` առաջադրանք ստանալով սպաննել Եղեռնի գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Նոյն տարուան Մարտ 15ին Պեռլինի մէջ ան կը գնդակահարէ Թալէաթը եւ կը ձերբակալուի: Սակայն 1921ի Յունիս 2ին գերմանական դատարանը անմեղ կը ճանչնայ զայն: