Մարտակերտի Մեծ Շէն Գիւղի Բնակիչները Կը Շարունակեն Շէնցնել Բնակավայրը


Մեծ Շէն

«Արցախփրես»,- Մարտակերտի շրջանի Մեծ Շէն գիւղի բոլոր բնակիչները պատերազմէն ետք կը շարունակեն ապրիլ գիւղին մէջ ու շէնցնել հայրենի տարածքը։

Մեծ Շէնի գիւղապետ Դաւիթ Անանեան նշած է, որ բնակիչները սկսած են ապրելու իրենց բնականոն կեանքով:

«Պատերազմէն ետք՝ 2020-ի Դեկտեմբեր 1-ին, վերաբացուած է դպրոցը, ուր կը սորվի 50 աշակերտ, իսկ մանկապարտէզը` Դեկտեմբեր 7-ին, ուր կը յաճախէ 24 երեխայ: Ունինք բժշկական կեդրոն, ակումբ, մշակոյթի տուն, հանդիսութիւններեւ սրահ, որոնք կը գտնուին բարւոք վիճակի մէջ: Համայնքապետարանի շէնքը եւս կը գտնուի  լաւ վիճակի մէջ: Գիւղը գազ ունի , ապահովուած է ելեկտրականութեամբ: Ջուրի խնդիր ունէինք. Քսան օր շարունակ ջուր չէինք ստանար, բայց բոլոր խնդիրները լուծուած են», տեղեկացուցած է գիւղապետը:

Պատերազմի պատճառով գիւղը, բարեբախտաբար, շօշափելի վնասներ չէ կրած: Պատերազմական գործողութիւններէն ետք գիւղին մէջ եօթը ընտանիք վերաբնակած է: Մէկ տուն վերանորոգուած է, ուր վերաբնակած է Թալիշէն տեղահանուած ընտանիք մը: Այժմ կը վերնաորոգուի եւս մէկը` Հադրութէն տեղահանուած ընտանիքի մը տրամադրելու նպատակով:

Ըստ Անանեանի՝ գիւղացիները հիմնականօրէն կը զբաղին անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ, բանջարեղէնի մակումով: