Մարտունի Քաղաքին Մէջ Բազմաբնակարան Շէնքեր կը Կառուցուին


Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ, վերջերս շահագործման յանձնուած թաղամասի մը հարեւանութեամբ, նոյն նախագիծով կը կառուցուի նոր թաղամաս։

«Նոր թաղամասը պիտի ունենայ 4 քառայարկ  շէնք, 92 բնակարանով: Այժմ հողային հարթեցման եւ կրաշաղախի աշխատանքները արդէն աւարտած են: Երկու շէնքին մէջ կը կատարուին պատերու շարուածքը, միւս երկուքին մէջ` հիմքի կառուցումը: Շէնքերու նկուղային յարկերը նախատեսուած են ապաստարաններու համար»,- ըսած է Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարօ Թովմասեան:

Ան աւելցուցած է, որ այդ 92 բնակարանները պիտի տրամադրուին զոհուած զինծառայողներու, սպայական անձնակազմի եւ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու: