Մարօ Մարտիրոսեանի Յիշատակին


(1943 Հալէպ – 2016 Թորոնթօ)

Մարոյին ծնունդը եւ անուանակոչութիւնը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ իր եղբայրը՝ Ալեքսանը. «Փոքր ծրարով աշխարհ եկած այս հոգին, զուգադիպելով Յուլիսի Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, մկրտած ու կնքած են զինք Մարի, սակայն ինք, միշտ ալ ուզած է կանչուիլ Մարօ»։

Ծնած է Հալէպ, Սասունցի եւ Աքշէհիրցի ծնողքէ։ Յաճախած է Բէթել Վարժարանը եւ Aleppo Collegeը եւ ապա նետուած է աշխատանքի։ Պատանեկութեան տարիները եղբայրը կը նկարագրէ՝ ըսելով․ «Ութ տարեկանին կորսնցուցած է իր հայրը, որմէ ետք փորձանքներու եւ զրկանքներու շարանով, անցած է մանկութիւն չունեցող «բախտաւորներու» շարքը։  Թէեւ թերահաս, սակայն իրեն սպասած են մեծերու վերապահուած պարտականութիւններն ու աշխատանքը»։ Մարոյին դերը տան մէջ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ ան․«Նախախնամութեան տնօրինումով մեզմէ առաջ եկած ես աշխարհ, եղած ես երէց ամէն ինչի մէջ, մարդկային դասաւորումով եղած ես մեզի քոյր, գոցելով բացը հանգուցեալ մեր հօրը, նոյն ատեն եղած ես տէրն ու նեցուկը մեր մօրը»։

1967ին, 23 տարեկանին, միայնակ գաղթած է Գանատա։ Իր առաջին  շաբթականը նուիրած է Թորոնթոյի Dupont փողոցի նորակառոյց Հայ Կեդրոնին։ Անմիջապէս պատրաստուած է եւ երաշխաւոր եղած է իր մօր Փառանձեմին, մեծ մօր եւ եղբայրներուն՝ Ալեքսանին և Յարութին։

Առաջին օրէն անդամակցած է ՀԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին։ Ապա միացած է ՀՕՄին, ՀՅԴին, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի շարքերուն։ Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան մէջ ստանձնած է վարչական և յանձնախումբային պարտականութիւններ։ Եղած է պատգամաւոր, պարախումբի անդամ, թատերախումբի դերասան, գրադարանի պատասխանատու, ատենադպիր, ատենապետ, հաշուապահ, այլ խօսքով՝ բոլոր միութենական պարտականութիւնները ստանձնած եւ կատարած է յանձնառութեամբ։ Մկրտիչ Մկրտիչեանը՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ատենապետը, կը հաստատէ, որ Մարոյին վստահուած գործերը կ՚ամբողջանային կատարեալ կերպով։

Աշխատած է դրամատան եւ զանազան ընկերութիւններու մէջ ստանձնելով տոմարակալութեան պաշտօնը։ Տիրացած է հաշուապահական եւ  ծաղիկներ ու բոյսեր յարդարելու վկայականներուն։ Ապա Flowers by Maro ծաղկավաճառի խանութը բացած է։ Իր հաշուապահական, գեղագրական եւ ծաղիկներ ձեւաւորելու կարողութիւնները սպաս դրած է միութենական, նիւթական եւ բարոյական տեղեկագրութիւններուն մէջ, ձեռնարկներու եւ բեմերու յարդարանքին  և գնահատագիրներ գրելուն։ Ամէն Կիրակի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիի խորանը ծաղիկներով զարդարած է։ Բոլորը ըրած է կամաւոր եւ առանց փոխադարձ ակնկալութեան։

Ամենէն աւելի ծառայած է ՀՕՄին։ Եղած է ատենապետուհի, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ եւ զանազան յանձնախումբերու մէջ բերած է իր զգալի ներդրումը։ Իր ատենապետութեան շրջանին Թորոնթոյի ՀՕՄի մասնաճիւղը անուանակոչուած է Ռուբինա, հերոսուհի Ռուբինա Օհանջանեանի յիշատակին։ Նաեւ Seven Oaks ծերանոցի Հայկական բաժինը իր եւ աշխատակից ընկերուհիներու աշխատանքով եղած է։ Ատոր իբրեւ արդիւնք՝ հիմքը դրուած է Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, որ մինչեւ օրս կ՚աջակցի ուղղութիւն տալով նորեկներուն, կարիքաւորներուն եւ երէցներուն։ Մեծ էր իր դերը ՀՕՄի 25ամեակի փառաւոր տօնախմբութեան եւ գրքոյքի պատրաստութեան մէջ։  Մեր տօնավաճառներուն տօնածառի զարդարանքներէն մինչեւ մեծաքանակ վաճառականներու հետ համաձայնութիւնները կը համադրէր։ Արիւնարշաւի աշխատանքը Blood Donor Clinicին հետ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ընկերուհի Իրէն Ղազարեանին Bone Marrow գտնելու համար։ Ինչ որ ըրաւ, համոզումով ըրաւ, դադար չունեցաւ եւ յոգնիլը իր առօրեային մէջ չէր։

Ընկերուհի Մարօն եղած է առատաձեռն թէ՛ իր ժամանակով եւ թէ՛ իր կարողութեամբ։ Թռիչք եւ տեսիլք ունէր ան։ Նուիրեալ եւ հաւատարիմ էր։ Կը հաւատար իր անդամակցած միութիւններու առաքելութեան եւ այդ ուղղութեամբ ջանք չէր խնայեր։ Ան կը ներշնչէր իր ընկերուհիները։  Մարոյին նման ընկերուհիներու կը պարտինք ՀՕՄի վերելքը եւ յառաջդիմութիւնը։

Կնքամայր էր Սեւանին, Վարուժանին, Տարօնին, Արինին եւ Մեղրիին։ Որպէս հօրաքոյր սէր եւ գուրգուրանք ցոյց տուաւ առանց ակնկալութեան եւ սպասումի։ Ինչպէս Տարօնը կը գրէ․ «Իր յարատեւ նուիրումի օրինակը մեզի համար իր ամէնէն յատկանշական կտակն է»։

Անվախ էր, այցելած է եւ միշտ քաջալեր եղած բանտերու մէջ գտնուող հայ ազատամարտիկներուն, անտեսելով նոյնիսկ վտանգը ու այդ օրերուն որպէս ահաբեկիչ մը այցելած ըլլալու պետական մեղադրանքի հագամանքը։

Հետզհետէ, երբ առողջութիւնը տուժեց, հիւանդանոցէն հազիւ կազդուրուած, կրկին վազեց Հայ Կեդրոն շարունակելու իր անաւարտ գործերը, որոնց կատարումին ջանք չխնայեց։ Այլ առողջական խոչընդոտներ դանդաղեցուց իր թափը, բայց ոչ իր սէրը եւ ոգեւորութիւնը դէպի իր ազգային և գրական հետաքրքրութիւնները։ «Հորիզոն» Շաբաթերթի գրական յաւելուածին կը հետեւէր հետաքրքրութեամբ։

Վերջին տարիներուն ֆիզիքապէս չարչարուեցաւ, բայց չգանգատեցաւ։ Իր եղբօր դուստրը՝ Սեւանը, միշտ հոգատար էր իրեն։ ՀՕՄի ընկերուհիները այցելեցին զինք հիւանդանոցին մէջ, տունը եւ վերջերս հանգստեան տան մէջ։  Ընկերուհին եւ ՀՕՄի աշխատակիցը՝ Սիւզի Գալթակեանը,  դամբանականին մէջ մեծ համարումով արտայատուեցաւ Մարոյին յանձնարութեան, ՀՕՄի մէջ զինուորագրութեան, անդադար աշխատանքին, առաքելութեան հանդէպ սիրոյն և հաւատարմութեան։

Այժմ, իսկապէս Մարոյին յոգնած ոսկորները իրենց հանգիստը կը գտնեն, այնքան տառապանքէ վերջ, սակայն իր անուրանալի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը կը մնայ մեր գաղութի կեանքին մէջ։

Մարօն այս աշխարհէն մեկնեցաւ Դեկտեմբեր 21ին, թաղումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 23ին։

Սեւանը կը գրէ․ «Դուն իմ հերոս, յոյսի փարոս, ժառանգդ մեզի ըլլայ օրինակ հզօր, յիշատակդ անթառամ մնայ ու ցանած հունձքդ ծաղկի, բազմանայ, ովկեան մը բերք դառնայ»։

Աստուած հոգիդ լոյսերու մէջ շողացնէ։

Սոյն գրութիւնը դամբանականներու եւ իր կենսագրական տուեալներու համադրումն է։

Յունուար 12, 2017