Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ֆինանսաւորումով Կառուցուած Նոր Կիլիկիոյ Մէջ Բնակարաններ Ստացած Են 15 Ընտանիքներ


«Արցախփրես»․- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով կառուցուած Մարտակերտի շրջանի Նոր Կիլիկիա շրջանին մէջ 15 բնակարաններ յանձնուած են իրենց տէրերուն:

Բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու եւ  բազմազաւակ ընտանիքներու:

Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Խաչատրեան ըսած է, որ այն տարածքը, ուր կառուցուած են բնակարանները, բնակիչներուն համար սուրբ վայր է, որովհետեւ արցախեան գոյամարտի ժամանակ հայ քաջորդիները հակառակորդին յառաջխաղացքը այստեղ կասեցուցած են:

«Սկզբնական շրջանին կառուցուած եւ բնակիչներուն բաժնուած են 10 բնակարաններ: Այնուհետեւ սկսած է 22 առանձնատուներու  կառուցումը: Այսօր արդէն 15 բնակարաններ յանձնուած են: Բնակարանները կը համապատասխանեն քաղաքաշինական ժամանակակից պայմաններուն: Կառուցուած են բոլոր ենթակառուցուածքները, բարեկարգուած են ճամբաները», ըսած է Վ. Խաչատրեան: