Մեկնարկած են Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս Չուերթները


ԵՐԵՒԱՆ․- «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ, Յունիս 28ին, տեղի ունեցաւ Դամասկոս- Երեւան-Դամասկոս երթուղիի պաշտօնական բացումը, որուն  ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պատուաւոր հիւրեր:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդուղիի գլխաւոր վարչութիւնը «Շամ ուինկս» օդանաւային ընկերութեան Դամասկոս-Երեւան-Դամասկոս երթուղիով թռիչքներ իրականացնելու թոյլտուութիւն տրամադրած էր: Չուերթները պիտի իրականացուին շաբաթը մէկ անգամ` իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի: