Մեկնարկեց ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Համահայկական 3րդ Բանակումը


«Խանասորից Շուշի, յաղթանակից  յաղթանակ» բնաբանով, Յուլիս 30ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու Համահայկական 3րդ բանակումը: ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ իրականացած այս բանակումը իր շուրջ համախմբեց 230 պարման-պարմանուհիներ, որոնք եկած էին Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Հայաստանի եւ Արցախի պատանեկան միութիւններէն:

Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԹՈՒՄՕի այգիին մէջ, ուր բարի գալուստի խօսքէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի քարտուղար Անուշ Յովհաննէսեան բեմ հրաւիրեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէնուհի Կիւրեղեանը, որ լուսարձակի տակ առնելով Համահայկական բանակումներու անհրաժեշտութիւնը, մատնանշեց, որ նման նախաձեռնութիւններ հայրենաճանաչութեան, հայ մշակութային արժէքներու պահպանութեան կողքին մեծապէս կը նպաստեն պատանեկան միութիւններու անդամներուն միջեւ կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան ոգիի բարձրացման` դառնալու հայ ժողովուրդի արժանընտիր զաւակները:

Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան ողջունելով բանակողները ըսաւ. «Այսքան մեծ թիւով պատանիներու մէկտեղումը մեզի իրաւունք կու տայ յայտարարելու, որ համահայկական բանակումները իրենց նպատակին ծառայած են: Հայաստանագնացութիւնը միայն տեսարժան վայրեր կամ պատմամշակութային կոթողներ այցելելը չէ, այլ նաեւ հայրենի հողին եւ հայրենիքի ժողովուրդին հետ անմիջական շփման մէջ ըլլալն է: Ութ օրերու ընթացքին դուք առիթը պիտի ունենաք ծանօթանալու հայրենիքի ձեր գաղափարական ընկերներուն, անոնց երազանքներուն եւ ապրումներուն: Հայաստանագնացութեան երկրորդ եւ կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը գիտելիքներու ձեռքբերումն է դասախօսութիւններու եւ խմբային աշխատանքներու ընդմէջէն` զարգացնելով ձեր վերլուծական միտքը: Յառաջիկայ օրերուն, ձեր ընտանիքներէն ու շրջապատէն հեռու, պիտի ունենաք ե՛ւ ուրախ ու բերկրալի պահեր, ե՛ւ դժուարութիւններ, սակայն մեր կարեւորագոյն նպատակը դաշնակցական պատանիի կամքը կոփելն է, հաւաքական կեանքով ապրելու փորձն է: Արդ, ես կոչ կ՛ուղղեմ, որ բոլորդ առաւելագոյնս օգտուիք ձեզի մատուցուած բոլոր կարելիութիւններէն, իրականացնէք մեր երազանքն ու դառնաք իտէալ պատանիներ եւ արժանավայել կերպով պանծացնէք բանակումի նշանաբանը»:

Ապա բոլոր պատանիները շրջեցան ԹՈՒՄՕի կեդրոնին մէջ եւ տեղւոյն դասախօսներէն մէկուն կողմէ տրուած հակիրճ տեղեկութիւններուն շնորհիւ առիթը ունեցան ծանօթանալու կեդրոնի ենթաբաժանումներուն ու մատուցած ծառայութիւններուն: Ապա ելոյթ ունեցաւ «Մասունք» երգի ու պարի համոյթը եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Անկէ ետք բանակողները ուղղուեցան Քանաքեռաւան շրջանի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրը:

Նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 8:30ին տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, բանակավայրի բարերարներ, ծնողներ եւ գաղափարական ընկերներ:

Մարիա Սարգիսեան իր բացման խօսքով շեշտեց, որ համահայկական այս բանակումները հայրենիք-սփիւռք մերձեցման հարազատ արտայայտիչներն են եւ անոնք իրենց անջնջելի դրոշմը կ՛ուրուագծեն իւրաքանչիւր դաշնակցական պատանիի հոգեկերտուածքին մէջ` ձեւակերպելով իսկատիպ հայն ու ապագայի ղեկավարը:

Ապա խօսք առաւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Սագօ Արապօղլեան, որ ըսաւ. «Երազի մը իրականացումն է այս բանակավայրը, երազ մը, որուն հիմը դրուեցաւ Սերժ Գալուստեանի յիշատակը յաւերժացնելու: Երազ մը, որ խանդավառեց աշխարհի չորս կողմերէն հայորդիներ, որոնք բանակավայրի  բարգաւաճման համար տրամադրեցին իրենց ժամանակը, աշխատանքն ու լուման եւ երբեմն ալ մեծագումար նուիրատուութիւնը:

«Եւ այս բոլորը, որովհետեւ հաւատացի՛նք, որ մեր պատանի սերունդին իրաւո՛ւնքն է բանակում կատարել հայրենի հողին վրայ կառուցուած սեփակա՛ն բանակավայրի մէջ, որ կ՛ամբողջացնէ դարուս պայմանները: Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով կու գամ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Էլիզապեթ Սիսեռեաններուն, որոնց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններով կարելի եղաւ իրականացնել բանակավայրի շինութիւնները:  Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ կատարել ներքին սարքաւորումները, յատկապէս` տէր եւ տիկին Վահան եւ Մանոն Բժշկեանին (Միացեալ Նահանգներ), Համազգայինի Քանատայի «Գլաձոր» մասնաճիւղին, տիկին Սեդա Կուկունեանին, Թեհրանէն` Մանուկեան ընտանիքին, Սան Ֆրանսիսքոյէն` տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեանին, Հրաչ Ճապրայեանին (Գանատա) եւ տէր եւ տիկին Հայկ եւ Էլիզա Թիթիզեաններուն (Անգլիա)»:

Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին սոյն հոգեհարազատ բանակավայրի կառուցման ու յարդարման:

Բանակավայրի հիմնական բարերարներէն Հրաչ Սիսեռեան սրտի անհուն բերկրանքով իր ուրախութիւնը յայտնեց նշեալ իրագործումին համար, որ առիթը պիտի ընծայէ իւրաքանչիւր պատանիի` վայելելու բանակում կատարելը հայրենի հողին վրայ, որմէ ինք եւ իր սերնդակիցները կամայ թէ ակամայ զրկուած էին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի իր եզրափակիչ խօսքով նախ շնորհաւորեց նման մեծ իրագործումները եւ հաստատեց, որ այս բանակավայրին գոյութիւնը ինքնին զօրաւոր դաշոյն մըն է` խրուած կողին բոլոր այն թշնամիներուն, որոնք ուզեցին ոչնչացնել հայ ժողովուրդը: Ան շեշտեց, որ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հայրենի հողին վրայ համախմբուած 230 այս պատանիները լաւագոյն պատասխանն են յոռետես այն մունետիկներուն, որոնք հայ ժողովուրդի ձուլումի, տկարացման, մեր երիտասարդութեան ուծացման եւ հայրենիքի ու հայկականութեան կորստեան ստապատիր մթնոլորտ կը ստեղծեն: Ապա խօսքը ուղղելով բանակող պատանիներուն, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Պատահական չէ, ո՛չ ալ հաճոյքի համար է, որ դուք հոս էք,  ձեր գիտակցութեան մէջ ձեզ հոս մղողը ձեր արեան կանչն է, ձեր ցեղին ձայնն է, Արարատի փէշերուն մեր թշնամիին դիմաց թումբ կանգնելու վճռականութիւնն է, հայրենիքին համար պայքարելու եւ զոհուելու կոչն է, որուն ձեզմէ առաջ անսացին շատեր, որոնք կռուեցան, պայքարեցան, նահատակուեցան, որպէսզի դուք ապրիք, որպէսզի դուք կարենաք ձեր ազատ կամքով ազատ, անկախ Հայաստանի հողին վրայ Դաշնակցութեան պատանեկան միութիւններու բանակում կազմակերպել»:

Անդրադառնալով Հրաչ Սիսեռեանի նուիրատուութեան` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ ան եղած է ՀՅԴ Լիբանանի «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան անդամ, մեծ հաւատք ունեցած է պատանեկան շարժումին նկատմամբ, գնահատելի դերակատարութիւն ու ներդրում ունեցած է ՀՄԸՄի համահայկական կառոյցին մէջ` միշտ ըլլալով պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կողքին: Ան շեշտեց, որ Հրաչ Սիսեռեան եղած է այն հազուագիւտ բարերարներէն, որ առանց իրեն կատարուած դիմումին, ինք նախաձեռնեց այս բանակավայրը իր այսօրուան տեսքով Դաշնակցութեան նուիրելու եւ Սերժ Գալուստեանի յիշատակը յաւերժացնելու քայլին:

Ապա, լուսարձակի տակ առնելով Սերժ Գալուստեանի երկարամեայ վաստակը` յատկապէս պատանիներուն եւ պատանեկան միութիւններու կեանքին մէջ, Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ, թէեւ դժբախտաբար ան չնահատակուեցաւ, այլ բնական մահով հեռացաւ մեզմէ, սակայն իր անունը կրող եւ յիշատակը յաւերժացնող այս բանակավայրն ու նման կառոյցներ կոչուած են իրենց երդիքին տակ կազմաւորելու այնպիսի սերունդներ, որոնք  ապագային պիտի ըլլան Դաշնակցութեան զինուորներ, անձնազոհներ եւ մահապարտներ` ի խնդիր Հայ դատի արդար լուծման եւ մեր ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերատիրացման: Ան եզրափակեց շեշտելով, որ ճիշդ է, թէ Սերժ Գալուստեան ֆիզիքական ներկայութիւն չէ մեր մէջ, սակայն անոր անունը առյաւէտ անմահ պիտի մնայ ազատ, անկախ հայրենիքի հողին վրայ` շնորհիւ այս ազգակերտ կառոյցին, որ պիտի գոյատեւէ բոլորին հաւաքական ճիգով` ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, շնորհիւ այդ բանակավայրին մէջ կոփուելիք սերունդներուն, որոնք պիտի ըլլան փաստը, թէ Սերժ Գալուստեանին ցանած սերմերը իրենց բերքը տուած են` կերտելով այնպիսի տղաք ու աղջիկներ, որոնք պատրաստ են նահատակուելու Հայ դատին համար:

Գեղարուեստական յայտագիրով  ելոյթ ունեցան Գէորգ Հաճեան եւ Մարի Մուրատեանի անուան երգին պարի «Ակունք» համոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ կոմիտասագէտ, յօրինող Արթուր Շահնազարեանի: Անոնք յաւելեալ փայլք տուին օրուան հանդիսութեան եւ խանդավառեցին ներկաներն ու բանակողները իրենց ներկայացուցած ռազմահայրենասիրական երգերու ու պարերու ճոխ հաւաքածոյով:

Ներկաները գոհունակ սրտով բաժնուեցան բանակավայրէն` իրենց հետ տանելով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն պատրաստած յեղափոխական երգերու խտասալիկները: