Մեկնարկեց 2017ի «Արի Տուն» Ծրագիրը


Ապրիլ 10ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ 2017ի Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Այս փուլով Հայաստան այցելած է 66 պատանի ու աղջիկ  Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ-Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէյլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:

Մասնակիցներուն ողջունած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշած է. «Բարով եկած էք Հայրենիք, սիրելի՛ պատանիներ եւ աղջիկներ: Ձեզմէ շատեր առաջին անգամ կ՛այցելեն Հայաստան եւ վստահ եմ, որ անիկա անմոռանալի պիտի դառնայ ձեզի համար, եւ դուք պիտի վերադառնաք Ֆրանսա` կրկին Հայաստան գալու ցանկութեամբ, երազանքով»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեանին` 11 տարի շարունակ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն այցը Հայաստան հովանաւորելուն համար:

Այնուհետեւ նախարարը «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով շապիկ եւ գլխարկ հագցուցած է ամենակրտսեր մասնակիցին՝ Ալֆորվիլի «Ս. Մեսրոպ-Արապեան» վարժարանի սան Յարութիւն Վրթանէսեանին:

«Ս. Մեսրոպ-Արապեան» կրթարանի անունէն շնորհակալական խօսքով հանդէս եկած է հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սիրարփի Կոսոյեան: Ան նշած է, որ երեխաներն անհամբերութեամբ եւ մեծ սիրով կը սպասեն Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելութիւններուն:

Արիտունցիները երգեցին եւ արտասանեցին հայ հեղինակներու, գրողներու ստեղծագործութիւններ: Կոմիտասեան կատարումներով հանդէս եկաւ Արարատեան թեմի «Ծաղկազարդ» համոյթը:

Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան դիտելու «Արի տուն» ծրագիրի մասին պատմող ֆիլմ մը: