Մեղրիկ Սրբազանի Վաստակին Մասին


Մեղրիկ Եպս․ Բարիքեանի կողմէ պատրաստուած՝ Ս․ Զատկուան առթիւ երաժշտական բեմականացման մասնակիցները՝ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։

Ժիւ­լիէթ Սար­գի­սեան

 

Մեղ­րիկ Սրբա­զա­նին ան­ժա­մա­նակ մա­հը խոր ցա­ւով ցնցեց բո­լորս։

«Թա­գա­ժահր»ը, դա­րուս ա­մե­նա­տա­րա­ծուն հա­մա­ճա­րա­կը, ա­նո­ղո­քօ­րէն հա­րո­ւա­ծեց նաեւ այս մեծ հո­գե­ւո­րա­կա­նը եւ մենք մնա­ցինք ան­հաշտ ու անմ­խի­թար իր կո­րուս­տին։

Բարձ­րա­հա­սակ, ներ­կա­յա­նա­լի, եր­կար մօ­րու­քով, ազ­նո­ւա­կան կե­ցո­ւած­քով, խո­նարհ եւ աշ­խա­տա­սէր հո­գե­ւո­րա­կա­նը չկար այ­լեւս։

Աշ­խոյժ եւ գոր­ծօն ար­դիւ­նա­ւէտ կեան­քը, այ­սօր լռած եւ դար­ձած է յի­շա­տակ։

Ան օժ­տո­ւած էր իւրա­յա­տուկ տա­ղանդ­նե­րով, զորս ի գործ դրաւ ան­սա­կարկ եւ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով։ Թէեւ Թո­րոն­թո­յի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին ե­ղած էր գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քի եւ հո­վուու­թեան իր ա­ռա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, սա­կայն կրցած էր իր աշ­խա­տու­նակ բնա­ւո­րու­թեամբ այն­քան մը հա­մո­զիչ ըլ­լալ իր շրջա­պա­տին, որ ե­կե­ղե­ցին վե­րա­ծո­ւած էր մեղ­ուի փե­թա­կի մը, ու իր շուրջ հա­ւա­քած գա­ղու­թիս ե­րի­տա­սար­դու­թեան նշմա­րե­լի խումբ մը՝ ծա­ռա­յե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։

Ծա­ռա­յու­թեան իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը վա­րա­կիչ էր։ Ծա­ռա­յեց ե­րէցին, դպրո­ցին, նաեւ բո­լոր ա­նոնց եւ գա­ղութ­նե­րուն, ո­րոնց մօտ իր ներ­կայու­թեան անհ­րա­ժեշտու­թիւ­նը տե­սաւ՝ ժուժ­կա­լու­թեամբ եւ մնա­յուն։

 Իր օ­րով Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին պայ­ծա­ռա­ցաւ եւ օ­րի­նա­կե­լի դար­ձաւ։

Մեղ­րիկ Սրբա­զան նա­խան­ձախն­դիր էր։ Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հա­ւատ­քի մարդ էր, ըն­տիր ե­կե­ղե­ցա­կան, ծնած էր ե­կե­ղե­ցա­կան ըլ­լա­լու, կո­չո­ւած էր Աս­տու­ծոյ խօս­քը քա­րո­զե­լու։ Քաջ տե­ղեակ էր Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին պատ­գամ­նե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­կան ծէ­սե­րուն, կա­նոն­նե­րուն եւ սրբա­զան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն։ Այս բո­լո­րը գոր­ծով վկա­յեց, բա­ցա­ռիկ բծախնդ­րու­թեամբ եւ համ­բե­րու­թեամբ։

Գա­ղու­թա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեանք կազ­մա­կեր­պե­լու իր տա­ղան­դին չափ էր նաեւ տանղան­դա­ւոր ե­րաժշ­տա­գէտ։ Սրբա­զա­նը ե­րա­ժիշտ էր։ Ե­րաժշ­տա­կան իր գոր­ծե­րը ամ­փո­փած էր 14 եւ ա­ւե­լի հա­տոր­նե­րու մէջ։

Գա­ղու­թիս հրամ­ցուց ան­մո­ռա­նե­լի նո­ւա­գա­հան­դէս­ներ եւ թատ­րոն­ներ։

Նա­խա­ձեռ­նեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ մե­ծա­հա­սակ­նե­րու Ս. Գրոց սեր­տո­ղու­թիւն­ներ, կազ­մա­կեր­պեց երգ­չա­խում­բեր տար­բեր տա­րիք­նե­րու եւ ա­ռաջ­նոր­դեց «Bible camp»-եր։

Մեղ­րիկ Սրբա­զան ու­նէր գրե­լու ան­վի­ճե­լի տա­ղանդ։ Գրեց հո­գե­ւոր յօ­դո­ւած­ներ, ճա­ռեր։ Հրա­տա­րա­կեց գրքեր, «Շո­ղա­կաթ»ը, իր լայ­նա­ծա­ւալ է­ջե­րով։ Ան­յող­դողդ հա­ւատ­քով եւ կարո­ղու­թեամբ յաղ­թա­հա­րեց բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։

Տե­սիլք ու­նե­ցող հո­գե­ւոր հայր ե­ղաւ, նո­րո­գեց, զար­դա­րեց, ձեռ­նար­կեց, ձեռ­նադ­րեց, գնահա­տեց, շեշ­տը դնե­լով միշտ հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն վրայ։ Բար­ձա­գոյն մա­կարդա­կի վրայ կա­տա­րեց ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին տա­ղա­ւար­նե­րու տօ­նե­րը։ Իր ան­զու­գա­կան քա­րոզ­նե­րով պատ­գա­մեց, սոր­վե­ցուց եւ հո­գե­ւոր սնունդ մա­տա­կա­րա­րեց։

Իր քաղցր բնա­ւո­րու­թեամբ, ժպի­տով ու խրատներով կրցաւ ե­կե­ղե­ցին ե­րի­տասար­դաց­նել. ե­ղաւ երիտասարդին խորհր­դա­տուն եւ դաս­տիա­րա­կը։

Հո­գե­ւոր բա­րիք­ներ բաժ­նեց բո­լո­րին։ Ա­ւե­տա­րա­նի օ­րի­նա­կով՝ ՍԷՐ բաժ­նեց բո­լո­րին՝ անխ­տիր։ Օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց, շէն­ցուց եւ ար­դիւ­նա­ւո­րեց։

Մեղ­րիկ Սրբա­զան բա­րեմ­տօ­րէն վա­րո­ւեցաւ իր հո­գե­ւոր խնամ­քին յանձ­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Ե­ղաւ ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար եւ կրցաւ ար­ժե­ւո­րել իր վրայ դրո­ւած ծանր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Հան­դար­տա­բա­րոյ, աս­տո­ւա­ծա­պաշտ, մար­դա­սէր, հիւ­րա­սէր, հա­ւատ­քի տէր այս ե­րի­տա­սար­դ հո­գե­ւո­րա­կա­նը քա­ջա­լե­րեց կրթա­կան մշակ­նե­րը, ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը։

Սի­րեց բո­լո­րը եւ սի­րո­ւե­ցաւ բո­լո­րէն։

Ար­ժա­նա­ցաւ հայ հա­մայն­քին խոր յար­գան­քին։

Դժո­ւար է կեդ­րո­նա­նալ յա­տուկ ե­րե­ւոյ­թի մը վրայ եւ «այս Մեղ­րիկ Սրբա­զա­նին աւանդն է» ը­սել։ Բազ­մա­թիւ են ա­նոնք։ Ամ­փո­փե­լով կա­րե­լի է ե­րեք գլուխ­նե­րու բաժ­նել.

ա-Ե­րի­տա­սար­դա­ցուց ե­կե­ղե­ցին․ ներգ­րա­ւեց Թո­րոն­թո­յի կրտսեր սե­րուն­դը, խան­դա­վա­ռեց տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը եւ ե­կե­ղե­ցին ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մաս դար­ձուց։

բ-Թո­րոն­թօ կե­ցու­թեան տա­րի­նե­րուն ա­նընդ­հատ բա­րե­զար­դեց ար­դէն իսկ ճար­տա­րա­պե­տա­կա­նօ­րէն գե­ղե­ցիկ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղե­ցին։

գ-Ան­խոնջ ա­ղօ­թեց։ Բծախնդ­րօ­րէն եւ յար­գան­քով հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւանդու­թիւն­նե­րը ա­մէն օր գոր­ծադ­րե­լով պահ­պա­նեց։

Քրիս­տո­նէա­կան հաւատ­քը իր էու­թեան ող­նա­սիւ­նը կազ­մեց։

Բազ­մաշ­նորհ այս Հո­գե­ւո­րա­կա­նին յի­շա­տա­կը Թո­րոն­թոհա­յու­թեան, ԻՐ ԱՆ­ՍԱ­ԿԱՐԿ եւ ԱՆՆ­ԿՈՒՆ ԾԱ­ՌԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ պի­տի ըլ­լայ։

Յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ, Սրբա­զա՛ն Հայր։