Մեղրիկ Սրբազանին Յիշատակով


Մա­րալ Պէ­քա­րեան

Բա­ւա­կան դժո­ւար է ըն­դու­նիլ, որ բո­լո­րիս հա­րա­զատ եւ իւ­րա­յա­տուկ հո­գե­ւո­րա­կան մը` Մեղ­րիկ Սրբա­զա­նը, այս կեան­քէն հե­ռա­ցաւ յետին ձգե­լով ա­նա­ւարտ ծա­ռա­յու­թիւն մը: Վստահ էինք բո­լորս, որ ան տա­կա­ւին շատ տա­լիք ու­նէր ե­կե­ղե­ցիին, ազ­գին եւ մշա­կոյ­թին: Հո­գե­ւո­րա­կան մը, որ բնաւ դա­դար առ­նել չէր սի­րեր, այլ միշտ պէտք էր իր ժա­մա­նա­կը տար ու բաժ­նէր ու­րի­շին հետ:

Բախ­տա­ւոր կը զգամ, որ ըն­տա­նիքս իր ժա­մա­նա­կէն եւ ներ­կա­յու­թե­նէն վա­յե­լե­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ: Ըն­տա­նի­քի ան­դա­մի պէս կը մտնէր մեր տուն, միշտ պատ­մե­լիք եւ լաւ խօս­քեր ու­նէր ը­սե­լիք ա­մէն մէկ տան ան­դա­մին: Եր­բեմն նոյ­նիսկ հան­դի­մա­նա­կան ցուց­մունք­ներ ալ կու տար: Ի­րեն նա­յո­ղը եւ գոր­ծե­լու հան­դէպ սէ­րը կը մղէր, որ ու­րիշ­ներ ալ մղո­ւին եւ աշ­խա­տին ե­կե­ղե­ցիին հա­մար: Ա­մէն մար­դու հա­մար գործ կար, ա­մէն մարդ կրնար մաս­նակ­ցիլ աշ­խա­տան­քով մը կամ ծա­ռա­յու­թեամբ մը, որ զգար, թէ ինքն ալ ե­կե­ղե­ցիին եւ Աս­տու­ծոյ հա­մար բան մը կը կա­տա­րէ: Պէտք էր ա­մէն մարդ, մե­ծէն փոքր, մաս­նակ­ցէր ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին եւ իր ծրա­գիր­նե­րուն: Եր­բեմն աշ­խա­տանք­նե­րը մին­չեւ ուշ գի­շեր կը տե­ւէր, սա­կայն չէինք զգար յոգ­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ կը նա­յէինք մեր Հո­գե­ւոր Հո­վի­ւին, եւ կը տես­նէինք, որ ինքն ալ դա­դար չէր առ­ներ:

Ին­ծի հա­մար ան­մո­ռա­նա­լի են այն օ­րերն ու պա­հե­րը, երբ Մեղ­րիկ Սրբա­զա­նը, ինչ­պէս միշտ, կը սի­րէր հիւ­րեր բե­րել մեր տուն եւ տան ճրա­գը տար­բեր շուն­չով վա­ռել: Կը սի­րէր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ ե­րաժշ­տու­թեան հան­դէպ իր սէ­րը իրեն հետ կը տա­նէր ա­մէն տուն։ Կ­’եր­գէր ու կը նո­ւա­գէր, եւ բնա­կա­նա­բար մեր տու­նը կ­’այ­լա­փո­խո­ւէր եւ կար­ծէք կը դառ­նար մշա­կու­թա­յին տուն։ Չէր մոռ­նար, յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն տալ մա­նուկ­նե­րուն, փոք­րե­րուն՝ միշտ սոր­վեց­նե­լով՝ պէտք է յար­գեն ու սի­րեն ի­րենց ծնող­նե­րը։ Կ­’ու­զէր թոյլ տար, որ ա­նոնք ի­րենց շնորհ­քները դուրս բե­րեն, եր­գեն եւ ինք քա­ջա­լե­րէ։ Իսկ ե­թէ մէ­կը չմաս­նակ­ցէր, յա­ջորդ հան­դի­պու­մին բար­կու­թիւն մը կամ քա­րոզ մը պի­տի ըլ­լար․․․։

Վստահ եմ, որ Մեղ­րիկ Սրբա­զա­նին մա­սին շատ եր­կար կա­րե­լի է գրել եւ պի­տի գրո­ւի միշտ։ Իր գործն ու նո­ւի­րու­մը ա­մէն տեղ ձգեց տի­պար հո­գե­ւո­րա­կա­նի պատ­կե­րը։ Կը ցա­ւինք ու կը նե­ղո­ւինք իր բա­ցա­կա­յու­թեան, բայց կը հա­ւա­տամ, որ երկն­քի մէջ ալ ը­նե­լիք ու­նի, եւ պէտք է բո­լո­րը գոր­ծի մղէ․․․․ Իր յի­շա­տա­կը, իր ոտ­նա­հետ­քե­րը եւ նո­ւի­րու­մը տա­կա­ւին եր­կար պի­տի յի­շենք ու վե­րապ­րինք։ Վստահ ենք, որ ի­րեն պէս ու­րիշ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ պի­տի գան եւ շա­րու­նա­կեն ա­նա­ւարտ մնա­ցած ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

Յի­շա­տա­կը ա­նա­թա­ռամ մնայ։