Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Նոր Ջուղայի Հայ Համայնքին Հետ


ՍՊԱՀԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Հինգշաբթի, Փետրուար 28ին այցելեցին Սպահանի Սուրբ Ամենափրկիչ վանական համալիր, ուր դիմաւորուեցան Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի կողմէ:

Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը շրջեցաւ վանական համալիրին մէջ եւ ծանօթացաւ թանգարանի պատմութեան: Այնուհետեւ այցելեց Սպահանի «Արարատ» ակումբը եւ հանդիպեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի հազարաւոր ներկայացուցիչներուն հետ:

Փաշինեան ողջունելով Նոր Ջուղայի հայ համայնքը, ըսաւ․ «Ուրախ եմ տեսնել այն մթնոլորտը, որ առկայ է Նոր Ջուղայի, Թեհրանի, Փարիզի, Քէօլնի հայութեան մէջ, այն բացառիկ ազգային միասնութիւնը, որ ունինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութենէն ետք:

«Համոզուած եմ, որ այդ ժողովրդական յեղափոխութիւնը դուք կը համարէք ձեր անձնական յաղթանակը, որովհետեւ ատիկա ժողովուրդին յաղթանակն է, հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ ներդրում ունի այդ յաղթանակին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր քաղաքացիական յաղթանակի համար, որովհետեւ բոլորով մեծ քայլ կատարած ենք, որ մեր երազանքները դառնան իրականութիւն․․․»:

Վարչապետը շարունակեց՝ ըսելով. «Մեր հազարամեայ փորձութիւնները հասցուցած են մեզի հանգրուանի մը, որ մենք որպէս ժողովուրդ հասունցած ենք ունենալու հզօր պետութիւն: Մենք պէտք է ամուր պահպանենք մեր ինքնութիւնը, անսասան միասնութիւնը եւ տուրք չտանք օտարամոլութեան, թոյլ չտանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործեն քաղաքական գործիչներ, որոնք աւելի շատ օտարերկրեայ գործակալներ են, քան իրենց սեփական երկրի քաղաքացիները:

«Մենք որպէս ժողովուրդ այլեւս թոյլ պիտի չտանք դաւադրութիւններ մեր պետականութեան նկատմամբ, թոյլ պիտի չտանք ոեւէ մէկուն մեզ օգտագործելու որպէս մանրադրամ իր աշխարհաքաղաքական խաղերուն մէջ, թոյլ պիտի չտանք, որ մեր իսկ եղբայրները օգտագործեն մեր պետութիւնը աւերելու, քանդելու, թուլացնելու համար: Որովհետեւ սա հայ ժողովուրդի միասնութեան բացառիկ ժամն է եւ մենք պէտք է վերադառնանք 374 թուական ու թոյլ չտանք Պապ թագաւորի սպանութիւնը՝ ամենամեծ դաւադրութիւնը մեր ժողովուրդին նկատմամբ:

«Մենք թոյլ պիտի չտանք որեւէ մէկուն մտքով անցնի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը կրնան մեր ձեռքէն խլել, որովհետեւ մենք Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ ենք, Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ ենք, մենք Տիգրան Մեծի ժառանգներն ենք, մենք Պապ թագաւորի ժառանգներն ենք եւ մենք պիտի ուղղենք այն պատմութիւնը, որ խլուած է մեր ձեռքէն», յայտարարեց վարչապետը: