«Մենք Ենք, Մեր Սահմանները. Բոլորս Արցախի Համար» Խորագիրով՝ Համազգային Դրամահաւաք-Արշաւ


«Մենք Ենք, Մեր Սահմանները. Բոլորս Արցախի Համար» խորագրով համազգային դրամահաւաք-արշաւ սկսած է «Հայաստան» համահայկական Հիմնադրամը` աջակցելու Արցախի մէջ ամուր կանգնած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: 

«Ասիկա ծանրակշիռ ժամանակ է, քանի որ մենք կ՛առերեսուինք Ցեղասպանութենէն ի վեր մեր` որպէս հայ ժողովուրդի գոյութեան վրայ ամենամեծ յարձակումին: Հիմա աննախադէպ գործողութեան ժամանակն է, աննախադէպ քաջութեան ժամանակը: Եւ անկախ ձեր գտնուելու վայրէն, Ասիկա մեծ զոհաբերութեան ժամանակն է», ըսուած է Հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել Հիմնադրամի կայքին մէջ www.himnadram.org հասցէով, ինչպէս նաեւ փոխանցումներ կատարելով ՀՀ Կեդրոնական դրամատան յատուկ հաշուեհամարներուն (ՀՀ դրամ, ԱՄՆ տոլար, ՌԴ ռուբլի, Եւրօ հաշուեհամարները` նոյն էջին վրայ):

«Ըրէ՛ք ձեր ներդրումը հայրենիքի պաշտպանութեան ծանր, բայց շատ կարեւոր գործին մէջ: Ասիկա պէտք է դիտարկել ոչ թէ նուիրատուութիւն, այլ ներդրում ամբողջ հայութեան եւ հայերու ապագային համար: Իւրաքանչիւրս պէտք է մեծ գումարներով մասնակից ըլլանք, մեր աշխատավարձերուն 10%-ի, 20%-ի եւ նոյնիսկ 100%-ի չափով: Այս պահուն մեր բոլորին նպատակը պէտք է ըլլայ հաւաքել մէկ միլլիառ տոլար, այլ ոչ թէ քանի մը միլլիոն»:

Եթէ փոխանցման հետ կապուած խնդիրներ ըլլան, որեւէ հարցի պարագային, Հայաստանէն ու Եւրոպայէն զանգել (+374) 96 86 95 96, (+374) 96 86 95 88 հեռախօսահամարերուն: Միացեալ Նահանգներէն` 1-800-888-8897, (818) 243-6222

Ըրէ՛ք ձեր ներդրումը: www.himnadram.org

ԱՄՆ հարկերէն պահուող նուիրատուութիւններուն համար: www.armeniafund.org