Մենք Հաստատակամ Ու Ամբողջական Հաւատքով Պիտի Վերակառուցենք Քանդուածը․ Ժիրայր Րէիսեան


“Արմենփրես”․- Հաստատակամ ու հաւատքով վերակառուցել այն ինչ քանդուած է. Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Րէիսեան, ամփոփելով 2017 թուականը, կը պատմէ Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակի, վերականգնման գործընթացի մասին: Տարին լի էր դժուարութիւններով, բայց՝ դրական զարգացումներով: Ժիրայր Ռէիսեան կարեւոր կը համարէ դեռ 2016ի Դեկտեմբերին Հալէպի ազատագրումը, որ յոյս ներշնչեց յետագայ դրական զարգացումներուն:  Շուտով ազատագրուեցաւ Տէր Զօրը, որ, ըլլալով համահայկական ուխտավայր, կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար:

«Ճիշդ է Տէր Զօրի մէջ հայկական համալիրը քաղաքի բազմաթիւ շէնքերու նման ահաբեկչութեան թիրախ դարձած է, սակայն Հալէպի մէջ եւ այլուր մենք հաստատակամ ենք ու ամբողջական հաւատքով լեցուած, որ պէտք է վերակառուցենք այն, ինչ քանդուած է: Իրականութեան մէջ չենք կրնար ըսել, որ պատերազմը վերջնական աւարտած է, սակայն եղան յաղթանակներ եւ ձեռբերումներ, եւ կրնանք ըսել, որ Սուրիոյ գլխուն կուտակուած ամպերը կը ցրուին», ըսած է Ժիրայր Րէիսեան:

Խօսելով Հալէպի մէջ եղած իրավիճակի մասին` պատգամաւորը նշած է, որ նախորդ տարիներու համեմատ անցնող մէկ տարուան ընթացքին պատկերը այլ էր: Հալէպ երկար ժամանակ հոսանքէ զրկուած էր, այսօր, թէկուզ ոչ ամբողջ օրը, սակայն մէկ մասով լուսաւորում կայ: Ջրամատակարարումը արդէն բնականոն ընթացք ունի: «Արդէն ջուրի տագնապը չկայ, յուսանք, որ մեր բոլորին համար ան չի կրկնուիր: Քաղաքին մէջ զինուորական երեւոյթները գրեթէ վերացած են, նուազագոյնի հասած: Կեանքը վերարդարձած է իր բնականոն հունին: Ճիշդ է տնտեսական դժուարութիւններ կան, սակայն պետութիւնը եւ ժողովուրդը միասնական են: Այժմ կ՛իրականցուի քանդումներէ գոյացած հողակոյտերու մաքրութիւնը: Կրնանք ըսել, որ վերակառուցման փուլը սկսած է: Մարդիկ քիչ-քիչ կը վերականգնեն իրենց տուները, գործատեղիները: Մօտ ապագային մարդիկ աւելի հաստատակամ պիտի վերադառնան նախկին օրերուն», ըսած է Րէիսեան:

Հայ համայնքը ուսումնասիրած ու հաշուառած է վնաս կրած հայկական հաստատութիւնները եւ փուլ առ փուլ զանոնք կը վերականգնէ: Հալէպի մէջ գտնուող նշանաւոր «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանի շէնքը, որ ռազմական գործողութիւններու կիզակէտին էր, վնասուած էր: Այժմ կառոյցին մէկ մասնաշէնքը վերականգնուած է, աշակերտներրը վերադարձած են իրենց դասերուն: Յառաջիկային պիտի վերականգնուի երկրորդ շէնքը:

Իսկ ճանապարհները ընդհանուր առմամբ անվտանգ են: Հազուադէպ կրնան «անակնկալներ» պատահիլ, բայց, ընդհանուր առմամբ, ճանապարհները ապահով են: Հալէպի մէջ հայկական կեանքը կրկին իր բնական հունով կ՛ընթանայ` միութիւններ, ակումբներ, մշակոյթի տուներ, իրենց աշխատանքին վերադարձած են: Թէեւ, Ժիրայր Ռէիսեան կը նկատէ, որ այն դժուարին ժամանակներու մէջ ալ անոնք կը գործէին: «Հայկական դպրոցները, եկեղեցիները պատերազմի տարիներուն չփակեցին իրենց դռները: Կարելի է ըսել, որ այս ընթացքին ազգային կեանքը ոչ մէկ ձեւով ընկրկեցաւ: Հիմա հայկական կեդրոնները, ակումբները աւելի աշխոյժ սկսած են գործելու: Մանաւանդ, որ տօնական շրջան է, քաղաքը որոշ չափով ամանորեայ զարդարանքի, լուսաւորութեան մէջ է: Հայկական ակումբները աշխուժացած են ամանորեայ ձեռնարկներով», ըսած է պատգամաւորը:

Ինչ կը վերաբերի Հալէպի ազատագրումէն ետք բնակիչներու, տեղի հայերու տեղաշարժերուն, ապա ան նշած է, որ կան մարդիկ, որոնք վերադարձած են, որոշներու վերադարձը ընթացքի մէջ է: Կը վերադառնան Հալէպէն դուրս եկած եւ Սուրիոյ այլ քաղաքներ տեղափոխուած մեր հայրենակիցները, նաեւ անոնք, որոնք ժամանակաւոր կը բնակէին Լիբանանի, Հայաստանի, արեւմտեան տարբեր երկիրներու մէջ: Պատգամաւորը վստահութիւն յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին այդ թիւը պիտի աւելնայ։