Մենք Չենք Եկած, Որ Ընտրական Ձայները Հաշուենք, Մենք Այստեղ Ենք Ապագայի Համար․ Ատոմ Էկոյեան


«Մեդիամաքս», «Սիվիլնեթ»․- «Քաղաքացի դիտորդ» նախաձեռնութիւնը Մարտ 31ին ասուլիսի հրաւիրած էր Սերժ Թանկեանի, Արսինէ Խանջեանի, Ատոմ Էկոյեանի եւ Էրիկ Նազարեանի մասնակցութեամբ: Անոնք ներկայացուցին, թէ ինչու որոշած են գալ որպէս դիտորդ Ապրիլ 2ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Ատոմ Էկոյեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է զարգացնել ժողովրդավարութեան «մկանը», որուն համար ընտրութիւնները կրնան լաւ առիթ դառնալ:

«Մենք պէտք չէ զոհ դառնանք բռնակալութեան, ինքնաբռնակալութեան եւ անտարբերութեան: Մենք չենք եկած, որ ընտրական ձայներ հաշուենք, մենք այստեղ ենք ապագայի համար: Մեր այս քայլով ցանկանք աջակցիլ խոստումնալից երիտասարդ առաջնորդներուն` Հայաստանը աւելի ժողովրդավար դարձնելու համար», ըսած է բեմադրիչը:

Ամերիկահայ ռոք երաժիշտ, System of a Down խմբի մեներգիչ Սերժ Թանգեան ըսած է, որ «ներկայիս հայ ժողովուրդը առաւել քան երբեւէ պէտք է գիտակցի իր ձայնի կարեւորութիւնը»։

«Մենք եկած ենք այստեղ հայ ժողովրդին ներշնչելու համար, որպէսզի իրենք հասկնան իրենց ձայնի կարեւորութիւնը,- ըսած է Սերժ Թանգեան, – մենք շատ ուրախ եւ հպարտ ենք, որ այստեղ ենք: Մեր այս քայլով կը ցանկանանք պայքարիլ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն դէմ: Հանրութեան մէջ անարդարութեան նկատմամբ անտարբերութիւնը պէտք է դադրի»:

«Մենք Հայաստանի քաղաքացիներ չենք եւ չենք կրնար քուէարկել, բայց որպէս դիտորդ ունինք այդ կարելիութիւնը: Մենք որոշեցինք`  ժամանակն է, որ ինչ-որ ձեւով յղանանք այս նոր մօտեցումը, որ Սփիւռքի մէջ ապրող հայը եւ հայրենիքի մէջ ապրող հայը, ունենան իրենց անհատական որոշումի ոչ միայն կարիքը, այլեւ կարիելիութիւնը», ըսած է դերասանուհի Արսինէ Խանջեան։

Բեմադրիչ Էրիկ Նազարեան յայտնած է, որ ինք Հայաստան ծնած է, չորս  տարեկանէն ապրած է Ամերիկա, յաճախ եկած է իր հայրենիք, բայց երթալով ինքզինք աքսորուած կը զգայ` որպէս սփիւռքահայ: Բայց հակառակը պէտք է ըլլար։ Տարիներու ընթացքին շատ անտարբերութիւն կը տեսնէ, 25 տարի է` վատ լուրը` վատ լուրի վրայ:

«Մենք կ՛ուզենք հասկնալ, թէ այս ընտրութեան գարծընթացը ինչպէս կը կատարուի, մեքանիզմը ինչպէս է, ինչ թերութիւններ կան, ինչ հնարաւորութիւններ կան», ըսած է բեմադրիչը: