Մետասաներորդ Ժամը


Կարօ Արմենեան

«…Չարաշահութեան ախտը պէտք է դուրս շպրտուի մեր երկրի հասարակութեան կեանքէն։ Ան պէտք է արմատախիլ ըլլայ իր տեղը զիջելով ուղղամիտ եւ հպարտ մարդոց հասարակակարգին։ եւ դատելով իրերու ընթացքէն մենք ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, որ ան անպայման դուրս պիտի գայ մեր երկրի կեանքէն յատկապէս վերջին պատերազմի յառաջ բերած նոր ինքնագիտակցութեան շնորհիւ։ Ան դուրս պիտի շպրտուի կա՛մ պետական քաղաքականութեամբ եւ կա՛մ ի հեճուկս անոր…Այս ընտրութիւնը շատ յստակ է այսօր եւ հնչա՛ծ է ժամը։ Պէտք է յուսալ եւ սրտանց մաղթել, որ Պր. Նախագահը, Պր. Վարչապետը եւ իրենց գործընկերները այս կենսական ընտրանքին լիովին գիտակցին եւ գործեն մետասաներորդ ժամու սուր զգացողութեամբ։»

(«Եկած Է Ժամը Գօտիները Սեղմելու…Բայց Որո՞նց Մէջքին», Կարօ Արմենեան, Մայիս 31, 2016)

Երբ հասած ենք այն կէտին, ուր երբեմնի ազատամարտիկները իրենց զէնքերու փողերը կը դարձնեն դէպի ներքին քաղաքական ոլորտ եւ աննախընթաց թափով եւ աննախընթաց զայրոյթով կ՚ընդհարուին երկրի ապահովութեան ուժերուն, մենք արդէն հասած ենք սահմանագիծ եւ մեր հաւաքական ինքնութեան բոլոր նախադրեալները դրուած են նժարի վրայ։ Էրեբունի քաղաքամասի ոստիկանատան առջեւ, հակընդդէմ դիրքերու ետին, այժմ դարան մտած երկու կողմերը մեր ազգային ինքնագիտակցութեան իրական չափանիշն է, որ պիտի վճռեն շուտով եւ մեր բոլորին հաշւոյն։

Ահաւոր բան է գտնուիլ այսքան հեռուն եւ գոյութեանդ բոլոր բջիջներով կանգնած ըլլալ հոն, Էրեբունիի երկու հակամարտ զէնքերուն միջեւ։ Մեր անկախ պետականութեան քսան հինգերորդ տարին յանկարծ դրած է մեզ այս անհեթեթ եւ միաժամանակ ողբերգական դրութեան մէջ։ Այս պահուն գիշեր է Երեւանի մէջ, իսկ մեր կեանքերուն վրայ կախուած է ծանր հարցականը։ Արդեօ՞ք…

Ողբերգութիւնը այն է, որ այս անօրինակ հակամարտութեան կողմերէն իւրաքանչիւրը որեւէ բանական ելք չունի այսօր։ Անոնք երկուստեք կը գտնուին նոյն փակուղիին մէջ։ Ապահովութեան ուժերը գիտեն, որ արիւնահեղութեամբ կարելի չէ վերջ տալ այս ըմբոստութեան։ Արիւնահեղութեամբ կրնայ միայն ծաւալիլ ըմբոստութիւնը եւ երկիրը տանիլ աւելի մեծ արիւնահեղութեան եւ ինքնակործանումի։ Ոստիկանատունը գրաւած զինեալները գիտեն, որ իրենք կրնան միայն վարկաբեկել իրենց պահանջատիրութիւնը, եթէ իրենց զէնքերը ուղղեն իրենց պատանդներուն դէմ, որոնք իրենց եղբայրներն են։ Իսկ երկուքն ալ քաջ գիտեն, որ այս անմիտ գործընթացը ստոյգ ինքնասպանութիւն է մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին համար։

Ազգային այս տագնապին լուծում կրնայ բերել միայն հանրապետութեան վերին իշխանութիւնը՝ ի՛նք։ Մենք ուզեցինք հաւատալ Պր. Նախագահի Փետրուար 12-ի եւ Պր. Վարչապետի Մայիս 12-ի հանգամանալից յայտարարութիւններուն եւ յուսացինք, որ իշխանութիւնը անկեղծ երկխօսութեան կ՚ըսկսէր մեր ժողովուրդին հետ եւ վճռական եւ անմիջական քայլեր կ՚առնէր երկրէն ներս չարաշահութեան (կոռուպցիա) համակարգը լուծարքի ենթարկելու, մենաշնորհները ջարդելու, քաղաքական արդարախոհ մշակոյթի մը հունը պատրաստելու։ Ակնկալեցինք, որ Չորսօրեայ Պատերազմը զարթուցիչ կը հանդիսանար իշխանութեան՝ երկրէն ներս արագընթաց յեղաշրջումի մը վստահելի երաշխիքները տեսանելի դարձնելու եւ ժողովուրդը հաւաքագրելու այդ ընդհանրական գործին համար։ Այսօր, աւելի քան երբեք, ժողովուրդի լայն խաւերուն մէջ արմատացած է այն սուր գիտակցութիւնը, որ ոչինչ կրնայ փոխուիլ ժողովուրդի կեանքին մէջ որքան ատեն, որ մենաշնորհային համակարգը կը կապտէ բոլոր իր հնարաւորութիւնները իրեն թողնելով միայն երկրէն դուրս գալու եւ պարտադրաբար հայրենազուրկ ըլլալու դաժան հնարաւորութիւնը։ Անկախ այն բանէն, թէ ու՞ր կը հասնի Էրեբունիի ողբերգութիւնը այս գիշեր կամ յաջորդող օրերուն, այս մեծ խնդիրն է, որ պիտի ճշտէ ճակատագիրը մեր երկրի վաղուան ուժին եւ կայունութեան։

Ինքն իր պետութեան դէմ զինեալ պայքարի ելլելու ներկայ մոլորութիւնը յուսահատ արարք մը ըլլալով հանդերձ՝ յստա՛կ ազդարարութիւն մըն է, որ մենք ազգովին կը գտնուինք հոգեբանական հսկայ անելի մը մէջ։ Այս բանին պէտք է գիտակցինք ազգովին եւ գործենք օրհասական պայծառատեսութեամբ։ Մայիսի 31-ին կը շեշտէի, թէ իշխանութիւնը պէտք է գործէ «մետասաներորդ ժամու զգացողութեամբ»։ Արթնցէ՛ք, Ընկերներ։ Մետասաներորդ ժամը հասած է։ Այս պահուս մետասաներորդ ժամն է արդէն Երեւանի մէջ եւ ամէն տե՛ղ՝ ուր հայութեան սիրտը կը բաբախէ։