Մեր Երրորդ Յարկի Պատշգամը


Փեկի Աւընեան*


Բէկի Աւընեան*

 

2020-ի Մար­տի սկիզբն էր, պսա­կա­ձեւ ժահ­րի սար­սա­փը հա­սած էր նաեւ Թո­րոն­թօ: Բո­լորս մտանք մեր թաքս­տոց­նե­րը` տու­նե­րը, մար­դը մար­դէն սկսաւ վախ­նալ, փո­ղոց­նե­րը ա­մա­յա­ցան, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը, ու­սում­նա­կան, միու­թե­նա­կան, կրօ­նա­կան եւ նոյ­նիսկ պե­տա­կան զա­նա­զան կեդ­րոն­ներ փա­կո­ւե­ցան ու գրե­թէ ա­մէն ինչ որ կա­րե­լիու­թիւն կար առ­ցանց կա­տա­րել` սկսաւ հա­մա­ցան­ցով ի­րա­կա­նա­նալ: Քա­ղա­քը դար­ձաւ ան­կեն­դան, մերթ-մերթ մօ­տա­կայ ան­տառ­նե­րէն ե­կող կեն­դա­նի­ներ սկսան ե­րե­ւիլ գի­շեր­նե­րը քա­ղա­քին մէջ: Այս­պի­սի ա­մա­յու­թիւն վեր­ջին ան­գամ Հա­լէ­պի (Սու­րիոյ) մէջ տե­սած էի, երբ պա­տե­րազ­մա­կան յար­ձա­կում­նե­րու վտան­գը նա­խա­տե­սե­լով ար­գե­լա­փա­կում յայ­տա­րա­րո­ւած էր, որ­մէ ետք, ե­րեք տա­րի­ներ ա­ռաջ Գա­նա­տա գաղ­թե­ցինք:

Ա­ռա­ջին քա­նի մը օ­րե­րը շատ հա­ճե­լի էին: Ան­մի­ջա­պէս անհ­րա­ժեշտ ու­տե­լիք­ներ, հա­կա­նե­խիչ­ներ եւ մաք­րու­թեան ա­ռար­կա­ներ գնե­լէ ետք տու­նը հան­գիստ, ան­հոգ, ննջա­րա­նէն խո­հա­նոց, խո­հա­նո­ցէն ճա­շա­րան, ճա­շա­րա­նէն բաղ­նիք, բաղ­նի­քէն ննջա­րան, հե­ռա­խօ­սը ձեռ­քեր­նիս տան ան­դամ­նե­րով այս օ­ղա­կը կը գծէինք: Հետզ­հե­տէ ձանձ­րոյ­թը սկսաւ, հե­ռա­խօ­սի գլխա­ւոր թե­ման այդ էր եւ` հա­կա­նե­խի­չի ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը շու­կա­յէն ներս: Ես այդ­քան ալ չէի ձանձ­րա­նար, դի­մա­տետ­րը, ա­րո­ւես­տը ( գե­ղան­կար­չու­թիւնն ու դաշ­նա­կի փոր­ձերս) եւ հա­շո­ւա­պա­հա­կան դա­սերս կը զբա­ղէց­նէին զիս:

Յա­րու­թեան տօ­նը մօ­տե­ցաւ, շա­տոնց Գա­նա­տա հաս­տա­տո­ւած բա­րե­կա­մու­հի­նե­րէս մէ­կը հե­ռա­ձայ­նա­յին մեր խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին յու­զիչ ձայ­նով մը ը­սաւ.

– Այս­պի­սի Զա­տիկ չեմ տօ­նած, ո’չ ­մայրս, ո’չ ­զա­ւակ­ներս եւ ո’չ­ ալ թոռ­նիկ­ներս մե­զի պի­տի գան: Որ­քա՜ն ­կա­րօտ­ցած եմ բո­լո­րին, միայն առ­ցանց կը տես­նեմ ի­րենց, նո­րա­ծին թոռ­նիկս տա­կա­ւին չեմ գրկած, չեմ համ­բու­րած, ալ կը բա­ւէ չեմ դի­մա­նար կա­րօ­տին: Ո­րո՞ւ ­հա­մար հաւ­կիթ ներ­կեմ, ո­րո՞ւ ­հա­մար կար­կան­դակ պատ­րաս­տեմ, տու­նը զար­դա­րեմ…:

Ձայ­նը խեղ­դո­ւե­ցաւ ալ չկրցաւ շա­րու­նա­կել խօս­քը: Գի­տեմ, կը հասկ­նամ ը­սածդ ը­սե­լու պէս ժպիտ մը գծագ­րո­ւե­ցաւ դէմ­քիս վրայ, եր­կա՜ր ­շունչ մը քա­շե­լէ ետք հան­դարտ ձայ­նով ը­սի.

– Մի նե­ղո­ւիր, մի յու­սա­հա­տիր, գալ տա­րի կը տօ­նէք: Մենք` սու­րիա­հա­յերս, պատ­մու­թեան է­ջե­րը ան­ձամբ ապ­րե­ցանք` պա­տե­րազմ, գաղթ, հա­մա­ճա­րակ, բայց ե­թէ մտա­բե­րենք որ այդ է­ջե­րը միայն դժո­ւար օ­րե­րու պատ­մու­թիւ­նը չեն ներ­կա­յաց­նէր այլ նաեւ` խա­ղա­ղու­թեան, եր­ջան­կու­թեան եւ բա­րի մար­դոց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, հե­րոս­նե­րու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով եւ Աս­տո­ւա­ծա­յին հրաշք­նե­րով փրկո­ւած ու գու­նա­ւո­րո­ւած մարդ­կա­յին կեանքն ու եր­կի­րը, այն ա­տեն մե­զի կը մնայ յոյսով ու համ­բե­րու­թեամբ ապ­րիլ սպա­սե­լով պատ­մու­թեան դրա­կան է­ջե­րը վե­րապ­րե­լու հեր­թին:

Հե­ռա­խօ­սը գո­ցե­լէս ետք, զգա­ցի, որ որ­քան ալ ես ին­ծի քաջ եւ վար­ժո­ւած կը կար­ծէի կա­րօ­տին եւ ներ­կայ կա­ցու­թեան, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այդ­պէս չէր…: Մեզ տան­ջող ցա­ւը դար­ձած էր հա­մա­մարդ­կա­յին, երբ պա­տե­րազ­մի ա­ղէ­տի մէջ էինք, ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թիւնն ու Հա­յաս­տա­նը նե­ցուկ կանգ­նե­ցան սու­րիա­հա­յու­թեան, բայց հի­մա այս տագ­նա­պը հա­մաշ­խար­հա­յին է, ով ո­րու պի­տի կա­րե­նայ օգ­նել ու տէր դառ­նալ, յա­ռա­ջա­ցած եր­կիր­ներ ո­րոշ ժա­մա­նակ մը կա­րե­լիու­թիւն ու­նին ի­րենց ժո­ղո­վուր­դին օգ­նե­լու, բայց տա­րի­նե­րէ ի վեր պա­տե­րազմ ու սով ապ­րող պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը գո­յա­տե­ւէին դուր­սէն ե­կած օգ­նու­թիւն­նե­րով ինչ­պէ՞ս ­պի­տի օ­ժան­դա­կեն ի­րենց ժո­ղո­վուր­դին:

Վե­րա­նո­րո­գո­ւած ցա­ւով ես ին­ծի սկսայ խօ­սիլ ու ը­սի.  «ՔՈ­ՐՈ­ՆԱ, չկար­ծես որ քու պատ­ճա­ռովդ նոր հասկ­ցայ սի­րած ան­ձերս գրկե­լու եւ կա­րօտս առ­նե­լու զրկան­քին ի­մաս­տը: Ո՜Չ ­քո­րո­նա, ես ար­դէն ութ տա­րի է գի­տեմ, ապ­րած եմ, հա­րա­զատ­նե­րուս հետ առ­ցանց ապ­րե­լու վար­ժո­ւած եմ, տա­ռա­պած եմ, ու­րախ եւ դժո­ւար օ­րե­րը ապ­րած եմ իմ փոքր ըն­տա­նի­քիս հետ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով․․․: Բայց հի­մա դուն այդ զգա­ցու­մը դար­ձու­ցիր հա­մաշ­խար­հա­յին, հա­մա­մարդ­կա­յին տագ­նապ, հա­րա­զատ­ներն ու ըն­կեր­նե­րը խզե­ցիր, ու նոր գաղ­թօ­ճա­խիս մէջ իմ նոր կազ­մած հա­րա­զատ­նե­րուս շրջա­նա­կը ինձ­մէ հե­ռա­ցու­ցիր ան­ժամ­կէտ ու ան­յայտ դա­դա­րով: Միայն թէ չխզես ինձ­մէ այն ինչ որ կը լու­սա­ւո­րէ միտքս ու հո­գիս․․․: Ես վարժ եմ այս կեան­քին․․․ Ու գի­տեմ որ մար­դիկ նոր մի­ջոց­ներ կրնան ստեղ­ծել ի­րարու հետ ապ­րե­լու հա­մար, նոյ­նիսկ քու ներ­կա­յու­թեամբ:

Օ­դը տաք էր, տրա­մադ­րու­թիւնս բարձ­րաց­նե­լու հա­մար պատշ­գամ ել­լայ, բայց ինչ ը­նեմ պատշ­գա­մը. մեր տու­նը շէն­քին ե­տե­ւի կող­մի 3-րդ ­յարկն է, ինք­նա­շարժ­նե­րու եւ աղ­բա­ման­նե­րու կող­մը: Մեր՝ Թո­րոն­թօ փոխդ­րո­ւած շրջա­նին ու­րիշ յար­մար վար­ձու տուն չգտանք: Այս շէն­քին մէջ բա­ւա­կան հա­լէ­պա­հա­յեր կա­յին, ո­րոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը մե­զի ա­պա­հո­վու­թիւն եւ հանգս­տու­թիւն կը ներշն­չէր եւ սկիզ­բի շրջա­նին հա­մար այդ մէ­կը կա­րե­ւոր էր: Հե­ռա­ձայ­նե­ցի 8-րդ ­յար­կի դրա­ցու­հիիս Ռո­զա­լի­նին, ո­րուն հետ մեր մտեր­մու­թիւ­նը գրե­թէ ըն­տա­նե­կան մտեր­մու­թեան մա­կար­դա­կին հա­սած էր եւ նոյ­նիսկ ժահ­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը մեզ չբաժ­նեց ի­րար­մէ, ը­սի․ «Քիչ մը անտ­րա­մա­դիր եմ, կ­’ու­զեմ ձեր պատշ­գա­մը սուրճ խմել»:

Բարձ­րա­ցայ վեր, ի­րենց պատշ­գա­մի այն­քան գե­ղե­ցիկ տե­սա­րա­նը տրա­մադ­րու­թիւնս չկրցաւ փո­խել, ո­րով­հե­տեւ վե­րէն տե­սա­րա­նը ան­կեն­դան էր, շար­ժում չկար, կեանք չկար, պա­տէն կա­խո­ւած նկա­րի կը նմա­նէր: Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ու­րա­խա­ցայ որ մեր պատշ­գա­մը այդ­քան բարձր չէր, բայց զգա­ցումս դրա­ցու­հիիս չյայտ­նե­ցի ․․․: Բա­ւա­կան զրու­ցե­լէ ու խնդա­լէ ետք, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցի ու ի­ջայ տուն: Սուրճ ե­փե­ցի, ա­թոռ մը պատշ­գա­մը տե­ղա­ւո­րե­ցի ու սուր­ճի գա­ւա­թիս հետ նստե­ցայ մեր գե­ղե­ցիկ ու կեան­քով լե­ցուն պատշ­գա­մը: Ե­ռու­զեռ կար վա­րը, հինգ վայր­կեա­նը ան­գամ մը ինք­նա­շարժ մը կու գար, տար­բեր ցե­ղե­րու պատ­կա­նող դրա­ցի­նե­րը տոպ­րակ­նե­րով շէնք կը մտնէին, հե­ռո­ւէն ի­րա­րու հետ կը խօ­սէին, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ գաղ­թած հա­յեր նոյն նիւ­թի շուրջ կը զրու­ցէին, ծա­նօթ­նե­րը վեր նա­յե­լով կը բա­րե­ւէին ին­ծի ու որ­պի­սու­թիւնս կը հարց­նէին (այս­պէս կը զբա­ղէին Հա­լէ­պի տա­րեց­նե­րը, ո­րոնց ժա­մա­նակ ո՜չ ­հա­մա­ցանց կար եւ ոչ ալ հե­ռա­խօս): Աղ­բա­ման­նե­րուն կող­մը բա­ւա­կան հին ա­ռար­կա­ներ, պա­րապ տու­փեր ու տե­սա­կա­ւոր աղ­բեր ի­րար­մէ ան­ջատ ան­ջատ տե­ղեր կը թա­փէին, պաշ­տօ­նեայ մար­դիկ ի­րենց ա­ռօ­րեայ վազ­քին պատ­ճա­ռով, տա­րի­նե­րէ ի վեր տու­նը դա­սա­ւո­րե­լու ա­ռի­թը չէին ու­նե­ցած:

Ու­րախ էի մար­դոց­մով, կեանք կար վա­րը, հե­ռա­խօ­սիս եւ հա­մա­կարգ­չիս դի­մաց տե­սա­կա­ւոր դէմ­քե­րով, բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, խել­քե­րով, բայց շօ­շա­փե­լիօ­րէն նոյն թո­ւայ­նա­կան DIGITAL սար­քէն ձանցձրա­ցած էի այ­լեւս:

Սուրճս խմե­լէ ետք ներս մտայ, Կուկ­լին մէջ փոքր պատշ­գամ­նե­րը ձե­ւա­ւո­րե­լու ու զար­դա­րե­լու նկար­ներ փնտռե­ցի ու ո­րո­շե­ցի պատշ­գամս նո­ւա­զա­գոյն ծախ­սով գե­ղեց­կաց­նել, ո­րով­հե­տեւ Քո­րո­նա­յէն ետք սկսած էի սի­րել մեր սահ­մա­նա­փակ տե­սա­րա­նով, բայց մար­դոց­մով հրա­պու­րող ու կեն­դա­նա­ցող մեր եր­րորդ յար­կի պատշ­գա­մը:

 

*Բէկի Աւընեանի այս գրութիւնը արժանացած է Կիւլպէնկեան Հաստատութեան «Խօսք Առ» ծրագրի մրցանակին: