Մէկ Շաբթուան Մէջ՝ Երեք Զոհ


Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով այս շաբաթ Հայաստանը ունեցած է երեք զոհ։

Արցախի պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, Ապրիլ 24ին, զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 1997ի ծնունդ Նարեկ Հմայակի Յարութիւնեան: 20ամեայ Նարեկը Շիրակի մարզի Լեռնուտ համայնքէն էր: Ան երեք ամիսէն պիտի զօրացուրուէր ։ Տան աւագ եւ միակ արու զաւակն էր: Ծնողները գիւղատնտեսական աշխատանքներով կը զբաղին: Նարեկին հայրը՝ Հմայեակը, 3րդ կարգի հաշմանդամ է: 

Ապրիլ 25ին, հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զորամասերէն մեկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, մահացու գնդակ ստացած է զինծառայող, 1998ի ծնունդ Կարէն Արմէնի Աւետիսեան:

Ապրիլ 28ին, հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է զինծառայող, 1998ի ծնունդ Մհեր Ֆելիքսի Արզումանեան: Մհերը Սիւնիքի մարզի Առաջաձոր գիւղէն էր, 1 տարի ետք պիտի զօրացրուէր։ Ան ունէր 3 մեծ եղբայր եւ 1 կրտսեր քոյր: Ընտանիքը կ՛ապրի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ, կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ: Զոհուածին 3 եղբայրները ծառայած են:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուոր Նարեկ Հմայակի Յարութիւնեանը եւ Մհեր Ֆելիքսի Արզումանեանը յետմահու պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: