Մէկ Տարի Անց Ունինք Աւելի Պաշտպանուած Սահմաններ. Արծրուն Յովհաննիսեան


«Արմենփրես»․- Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանն ու Արցախը զգալի աշխատանք կատարած են սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Առաջնագիծին վրայ կանգնած զինուորներուն անվտանգութեան համար առնուած են զգալի քայլեր, յագեցուած են համապատասխան պաշտպանական եւ արհեստագիտական սարքերով: Եղած են նոր զինատեսակներով համալրումներ, որոնք որոշ առումով կ՝երեւին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ չէ, որ կ՝ըսուի: Գործընթացներ կան, որոնք իրենց խօսքը կ՝ըսեն յստակ իրավիճակներու ժամանակ: Հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը` այսօր վստահաբար կրնանք ըսել, որ մէկ տարի անց ունինք աւելի պաշտպանուած սահմաններ: Բայց պիտի ուզէի այստեղ ընդգծել, որ բնակաբանար խօսքը միայն պաշտպանութեան մասին չէ: Ինչպէս գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը վերջին ելոյթին ժամանակ նշեց, կան այլ գործառոյթներ, որոնք կանխարգելիչ են, անվտանգութեան համար հեռանկարային են: Հայաստանը ձեռք կը բերէ ճարտարագիտական այնպիսի գերժամանակակից միջոցներ, որոնք թոյլ պիտի տան գործը պաշտպանութեան չհասցնելու», ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմէն ետք քաղած դասերուն` Արծրուն Յովհաննսիսեան նշած է, որ նոյնիսկ զօրավարժութեան ժամանակ կը կատարուին վերլուծութիւններ, դասեր կը քաղուին, հետեւաբար մարտական գործողութիւններու ժամանակ նոյնպէս կը կատարուին հետեւութիւններ:

«Ամենօրեայ աշխատանք կը կատարուի, ամէն օր հետեւութիւններ կ՝ըլլան սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ»,- աւելցուցած է ՊՆ մամուլի խօսնակը: Ապրիլեան պատերազմէն ետք յատուկ ուշադրութեան կ՝արժանանայ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը՝ ընդհանուր պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով։ Ան ընդգծած է, որ այդ ոլորտին մէջ կը կատարուի զգալի աշխատանք, որուն մասին չեն կրնար բարձրաձայել:

Անդրադառնալով ապրիլեան զոհերու ընտանիքներուն աջակցելու գործընթացին՝ Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ այս գործին մէջ բաւարար գնահատական չի կրնար ըլլալ:

«Այս գործընթացը բոլոր ուղղութիւններով ունի մշտական պահանջ: Թէ՛ հասարակութեան, թէ պետութեան կողմէն ապրիլեան գործողութիւններու զոհերուն ընտանիքները աւելի շատ ուշադրութեան արժանացան, քան նախորդ տարիներուն զոհուածներուն ընտանիքները, բայց միեւնոյն է, ատիկա բաւարար չէ: Ատիկա մշտական գործընթաց է»,- ըսած է ան:

Խօսելով 2017 թուականէն սկսեալ մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած կամ վիրաւորուած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար գանձուած 1000 դրամներուն եւ ձեւաւորուած հիմնադրամին մասին` Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ արդէն երկու շահառուի մասին տուեալներ եղած են, հիմնադրամի կայքին մէջ պիտի տեղադրուին բոլոր մանրամասնութիւնները: