.«Միակ Ելքը Աթէշեանի Հրաժարականն է». «Ակօս»ի Սիւնակագիրը` Պատրիարքի Ընտրութիւններու Հարցով Պոլսոյ Հայութեան Տրամադրութիւններուն Մասին


Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»ի սիւնակագիր Օհաննէս Քըլըչտաղը անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ու նոր պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ ստեղծուած նոր զարգացումներուն ու, մեկնաբանելով եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաժարականն ու պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի պահուածքը, փորձած է ներկայացնել հայ համայնքի ներքին տրամադրութիւնները:

«Միակ ելքը` Աթէշեանի հրաժարականը» վերնագրուած յօդուածին մէջ Քըլըչտաղը կը պատմէ, որ Աթէշեանն ու անոր պահուածքը 9 տարի շարունակ ստեղծած եւ կը շարունակէ ստեղծել խնդիրներ Թուրքիոյ հայութեան համար:

«Սահակ Մաշալեան, հակառակ անցեալին իր գործած քանի մը սխալներուն, հրաժարականի բաց նամակով նոր պատրիարքի ընտրութեան 9ամեայ ճգնաժամի ընթացքին կատարեց իր ամենապատուաւոր քայլը: Մենք պարտաւոր ենք անոր շնորհակալ ըլլալու», գրած է Քըլըչտաղը` աւելցնելով, որ Մաշալեանի նախորդ սխալներն ալ, ինչպէս արդէն պարզ կը դառնայ, կատարուած են Աթէշեանի դրդումով:

Հեղինակը նշած է, որ թէեւ հայ համայնքը շատոնց գիտէր Աթէշեանի ով ըլլալը, սակայն սա բոլորովին այլ դէպք է, երբ փոխպատրիարքին դիմակը կը պատռուի իրեն հետ միասին տարիներ շարունակ ծառայած բարձրաստիճան հոգեւորականին կողմէ:

Օհաննէս Քըլըչտաղը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Աթէշեան, փաստօրէն, իր աթոռին մնալու համար մարդոց սպառնացած է «պետութեան մահակով»։

«Հիմա մենք այստեղ բարձրաստիճան հոգեւորականի՞ մասին կը խօսինք, թէ՞ թաղային հեղինակութեան», հռետորական հարց տոած է ան:

Յօդուածագիրը, խօսելով Աթէշեանի` համայնքի հոգեւոր առաջնորդութիւնը ստանձնած անցած 9 տարիներու մասին, կը նշէ, որ վերջինս այս ամբողջ ընթացքին աննախադէպ լարուածութիւն ստեղծած է համայնքին մէջ, կուտակած է բարկութիւն իր անձին հանդէպ եւ կը շարունակէ կուտակել:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 13ին Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան պաշտօնապէս հրաժարական տուած է, ինչպէս նաեւ յայտնած պատրիարքի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու եւ Պոլիսը լքելու մասին: Մաշալեան իր որոշման համար մեղադրած է պատրիարքի փոխանորդ Աթէշեանին եւ յայտարարած, որ վերջինս ամէն կերպով կը խոչընդոտէ նախընտրական գործընթացն ու կը խախտէ եկեղեցական կարգը:

author-avatar

This author has not supplied a bio yet.