Քոնկրեսի Միջանկեալ Ընտրութիւններուն Ներկայացուցիչներու Տուն Անցած է 3 Հայ Օրէնսդիր


Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով Ներկայացուցիչներու տուն անցած է 3 հայ օրէնսդիր: Ինչպէս կը հաղորդէ Հայ դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի էջը, նախնական արդիւնքներով Քոնկրես անցած են Էնթընի Պրինտիսի , Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփիր:

Էնթընի Պրինտիզին Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած գաղթականներու ժառանգ է: Անոր նախնիները ծնած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իսկ Ցեղասպանութեան ժամանակ գաղթած են Հալէպ: Պրինտիզին ընդգծած է, որ անհամբեր կը սպասէ ամերիկահայ համայնքին, Քոնկրեսի ամերիկահայ ներկայացուցիչներուն հետ աշխատելուն, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնները առաջ մղելուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով զբաղուելու հնարաւորութեան:

Հայկական արմատներ ունեցող Աննա Էշուն եւ Ճեքի Սփիրը եւս վերընտրուած են Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ:

Միեւնոյն ժամանակ, Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթը վերընտրուած է Մեն նահանգի Ուեսթպրուք քաղաքի քաղաքային խորհուրդի անդամ:

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախմբի աջակցութիւնը վայելով   թեկնածուներուն մէկ մասը եւս  յաղթած է ընտրութիւններուն: Հայամէտ դիրքորոշում ունեցող թեկնածուներէն Քոնկրես անցած է Պոպ Մենենտեսը, Տէյվիտ Վալատաօն:

Ներկայացուցիչներու պալատ անցած են դեմոկրատներ Փիթըր Վիսքլոզքին, Ճիմ Պենքսը, Անտրէ Քարսընը, Ճոն Եարմութը, հանրապետական Կուս Պիլիրաքիսը եւ այլն: