Միացեալ Նահանգներու Ուայոմինկ Նահանգը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


«Ասպարէզ»․- Միացեալ Նահանգներու Ուայոմինկ նահանգը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է Ուայոմինկի կառավարիչ Մեթիու Միտի, որ այս առնչութեամբ յղած 21 Ապրիլ թուակիր նամակին մէջ դատապարտած է նման սպանդներ, որոնք եթէ մոռցուին, անպայման կը կրկնուին: Ան նաեւ դրուատած է ամերիկահայութեան գործունէութիւնն ու ներդրումը Միացեալ Նահանգներու մէջ` զայն նկատելով ներշնչող:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Նորա Յովսէփեան դիտել տուած է, որ այսպիսով Ուայոմինկի կառավարիչը եւս իր ձայնը կը միացնէ արդարութիւն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող կոչերուն, ինչպէս նաեւ այս ճանաչումով կը յարգէ յիշատակը մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն` աւելցնելով, որ Ուայոմինկ շրջանը օրին գործակցած է «Նիր Իսթ Ռիլիֆ»-ին հետ, որպէսզի վերապրող որբերուն անհրաժեշտ ապաստան եւ հոգատարութիւն տրամադրուի: