«Միշտ Դէպի Առաջ Պէտք է Նայիս, Ոչ Թէ Ետ». Սուրիահայ Արհեստաւորին Պատմութիւնը


“Սիվիլնէթ”,- Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն փրկուած եւ ընտանիքով Հայաստան ներգաղթած Ալեքսան Տէիրմէնճեանը արդէն 5 տարիէ Երեւան կ՛ապրի եւ յաջողած է իր սեփական գործը ունենալու: Կ՛ըսէ, որ իր յաջողութեան գրաւականը լաւատեսութիւնն էր, եւ այն, որ ետ չնայեցաւ:

«Եթէ ետ նայիս, ապագադ չես կրնար տեսնիլ»,- վստահ է ան:

Բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջէն անցնելով` այսօր ան Երեւանի արուարձաններէն մէկու մէջ ինքնաշարժներու  տեխնիկական սպասարկման եւ վերանորոգման կեդրոն բացած է, որ երեք տարուան ընթացքին կրցած է լաւ համբաւ ձեռք բերել եւ բազմաթիւ յաճախորդներ գրաւել: Հայաստանի մէջ սուրիահայ արհեստաւորները լաւ անուն ունին, շատերը կը նախընտրոեն անոնց դիմել` վստահաբար նշելով, որ սուրիահայերը լաւ մասնագէտներ են, ազնիւ եւ նուիրուած աշխատողներ:

«Զիս կը սիրեն յաճախորդներս: Մանաւանդ, որ գիտեն սուրիահայ եմ, ինծի շատ կը վստահին ու կը յարգեն, ես ալ շատ գոհ եմ իրենցմէ: Շատ կը սիրեմ Հայաստանը: Այս հինգ տարուան մէջ ոչ մէկը մեզի նեղութիւն տուած է, հակառակը` բոլորը կ’օգնեն մեզի, լաւ կը վերաբերին, կը յարգեն»,- կ՛ըսէ մասնագիտութեամբ Ալեքնսանը:

Ան կ՛սըէ, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ հիւրընկալ են ու սրտաբաց, ինչ որ զինք գրաւեց առաջին իսկ օրէն:

«Աշխատանքիս դիմաց մարդիկ միշտ կ՛ուզեն ինծի աւելի լաւութիւն ընել. կամ լաւ խմիչք մը կը բերեն` որպէս շնորհակալութիւն, կամ ուրիշ լաւութիւն մը կ՛ուզեն ընել, բայց ես ընդամէնը իմ աշխատանքս կ’ընեմ»,- ուրախութեամբ կը պատմէ ան:

Ան կ՛ըսէ, որ փորձած է անցեալի մէջ ձգել 2012ին իրենց հանդիպած բոլոր դժուարութիւնները` Հալէպի մէջ զինեալներու կողմէ ռմբակոծուած տունն ու արհեստանոցը, Սուրիայէն Թուրքիա հասնելու ճանապարհին զինեալներու ահասարսուռ դէմքերն ու սպառնալիքները, կեանքի ու մահուան միջեւ տանջալի մտքերը: Ի վերջոյ, Հայաստան հասնելէ ետք կրկին հանդիպեցած է դժուարութիւններու, երբ ստիպուած եղած է նոյնիսկ մէկ տարիով ընտանիքը Հայաստան ձգել, հեռանալ Հոլանտա` աշխատանք գտնելու, քանի որ Հալէպի մէջ կորսնցնելով ողջ ունեցուածքը, հարկադրուած էին ամէն ինչ զերոյէն սկսելու:

«Հալէպէն Հայաստան հասնելու ընթացքին, ճիշդ է, շատ դժուարութիւններ տեսանք, բայց հասկցանք, որ աս է մեր տունը,- կ՛ըսէ ան: – Հայաստանէն լաւ տեղ չկայ, ես շատ երկիրներ ման եկած եմ, բայց հոս ապահով է ու անվտանգ, եւ մեր կեանքը սկսաւ նոր էջէ»:

Հոլանտայէն վերադառնալէ ետք ան կ՛որոշէ իր սեփական գործը ստեղծել ու Հայաստանի մէջ յաջողութիւնը վերջապէս կը ժպտի իրեն: ՄԱԿի գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի առաքելութեան դրամաշնորհի միջոցով ան կը բանայ իր արհեստանոցը:

«Գործիքներ առի, տարածք վարձեցի ու սկսայ աշխատցնելու», ոգեւորուած կը պատմէ ան:

Պատերազմ տեսած, կորուստներ ունեցած Ալեքսան Տէյիրմէնճեանը ապագայի մեծ յոյսեր եւ միայն Հայաստան մնալու ցանկութիւն ունի:

«Ամէն մարդ իր տեսակով յաջողութիւն մը կ’ունենայ: Իմ գործս հոս լաւ է ու երթալով լաւ պիտի ըլլայ: Ճիշդ է, մենք պատերազմի պատճառով լքած ենք մեր տունը, բայց երկիր մը, ուր պիտի երթաս, պէտք է յարմարիս, դուն քեզ պիտի համոզես այդ մտքին, որ հանգիստ ապրիս, ալ խելքդ ու միտքդ պէտք չէ անցեալի մէջ ձգես, թէ դուն ինչպէս կ’ապրէիր Սուրիոյ մէջ: Ատիկա լմնցաւ, պրծաւ, դուն նորին պիտի նայիս, նոր յաջողութիւններ փնտռես, նոր գործ փնտռես, հասկնաս ինչպէս զաւակներդ իրենց նպատակին հասցնես: Միշտ առաջ պէտք է նայիս, ոչ թէ ետ»: 

Յօդուածը պատրաստուած է ՄԱԿի գաղթականութեան գործակալութեան աջակցութեամբ: