Միսիսոկայի Հայութիւնը Տօնախմբեց Եկեղեցւոյ 25ամեակը


Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի, Փետրուար 10ին, Միսիսոկայի Crystal Grand սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Միսիսոկայի Ս. Վարդան ծուխի հիմնադրութան 25ամեակը, պատուոյ ներկայութեամբ Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմեն Եգանեանի եւ տիկնոջ՝ Մարիա Եգանեանի, ինչպէս նաեւ Միսիսոկա քաղաքի քաղաքապետ Պօննի Քրօմպիյի։ Ներկայ էին նաեւ թեմի Թեմական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ Օհան Օհաննէսեանն ու Առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Թորօնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը, եւ այլ պատուարժան հիւրեր։ Պատուոյ հիւրերուն դիմաւորեցին Միսիսոկայի Ս. Վարդան ծուխի հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանը, եւ ծուխի ատենապետ Լօրիս Տումանեանը։ Հացի ու աղի օրհնութենէն ետք կատարուեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմեն Եգանեան, Միւռոն քհնյ. Սարգիսեան, Միսիսոկա քաղաքի քաղաքապետ Պօննի Քրօմպիյ, Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեան, ծուխի ատենապետ Լօրիս Տումանեան

Ծխական խորհուրդի անդամ Հուրի Սիմոնեան հրաւիրեց ծուխի ատենապետ Լօրիս Տումանեանը, որ հակիրճ ներկայացուց ծուխի 25ամայ գործունէութիւնը եւ յառաջիկայի մեծ նախաձեռնութեան նպատակաւ, յայտարարեց որ ծուխը իր ամէն ջանքը պիտի ընէ 2020ին հիմնելու իր համայնքային կեդրոնը, ՀԱՅՈՑ ՏՈՒՆ անուամբ, եւ յիշեալ նպատակաւ սկիզբ կը դրուի համայնքային կեդրոնի նուիրահաւաքի նոր ծրագիրը։

Գնահատագրերով պարգեւատրեցան 25 տարիներ ծառայած 7 ընտանիքներ, որոնք մեծ դեր ունեցած են, ծուխի հիմնադրման եւ աշխուժացման մէջ։ 7 ընտանիքներն էին՝ տոքթ. եւ տիկ. Պերճ եւ Մանօ Արթինեան, տէր եւ տիկ. Մարտիկ եւ Լիլիան Սվաճեան, տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Լիւսի Համպոյեան, տէր եւ տիկ. Պերճ եւ Անի Շալվարճեան, տէր եւ տիկ. Վազգէն եւ Անի Ալթունեան, տէր եւ տիկ. Լօրիս եւ Ճուլիա Տումանեան, Առնօ Սարկաւագ եւ տիկ. Քրիսթին Էրմարգարեան։ Ծխական խորհուրդի անունով Հուրի Սիմոնեան գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանին, որ վերջին 5 տարիներուն կը հովուէ Միսիսոկայի եւ Հալթըն-Փիլ շրջանի փոքրիկ ծուխը:

Միւռոն քհնյ. Սարգիսեանը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Սրբազան հօր, դեսպանին եւ պատուոյ հիւրերուն, որոնք յարգեցին փոքրիկ ծուխի 25ամեակի յատուկ այս երեկոն իրենց ներկայութեամբ։ Գնահատեց հիմնադիր անդամներուն, նախկին եւ ներկայ ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնց ծառայութեամբ այսօր կանգուն է եւ կը ծաղկի Միսիսոկայի համայնքը։

Դեսպան Եգանեան նշեց, որ այս տարի Հայաստան եւ Գանատա դիւանագիտական յարաբերութեան հաստատման 25 տարին է եւ անոր մէջ մեծ դեր ունեցած են, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ նաեւ Գանատայի հայ համայնքները ամենուր։ Գնահատեց Տէր հօր ծառայութիւնը, իր կողքին ունենալով ժրաջան ծխական անդամներ եւ կամաւորներ։

Միսիսոկա քաղաքի քաղաքապետ Պօննի Քրօմպիյ, Միւռոն քհնյ. Սարգիսեան, ատենապետ Լօրիս Տումանեան

Առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն, անդրադառնալով բոլոր նախկին հիմնադիրներուն, որոնց աշխատանքի արդիւնքն է ներկայ 25ամեակի տօնախմբութիւնը, յիշելով 1991ին  թեմակալ Առաջնորդը՝ Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանը, որուն օրհնութեան ներքոյ հիմնադրուեցաւ ծուխը։ Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ հովիւի ծառայութեան հիմնական առաքելութիւնն է ժողովուրդին առ Աստուած բերել եւ զԱստուած փառաբանող հաւատացեալներով բազմացնել եկեղեցին։ Գնահատեց Տ. Միւռոնի եւ ծխական խորհուրդի ծառայութիւնը եւ 25ամեակի գեղեցիկ կազմակերպումը։

Օնթարիոյ նահանգի պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փաթրիք Պրաունի անունով շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի նամակ մը ուղղուած էր Ս. Վարդան ծուխին որն ընթերցեց Միսիսոկա-Էրընմիլզ շրջանի պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու տիար Շըրիֆ Էլ Սապաուին։

Միսիսոկայի Հայութիւնը

Առաջին անգամ ըլլալով Միսիսոկայի քաղաքապետարանը իր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական ծուխի ձեռնարկին յանձին քաղաքապետին՝ Պօննի Քրօմպիյի։ Ողջունելով ներկաները քաղաքապետուհին շնորհաւորեց Միսիսոկայի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25ամեակը, յատկապէս գնահատելով կամաւոր ծառայասերներուն եւ Միսիսոկա քաղաքի եւ քաղաքապետարանի անունով շնորհավորանքի եւ գնահատանքի նամակը փոխանցեց Տ. Միւռոնին եւ ատենապետ Լօրիս Տումանեանին։

Միսիսոկայի համայնքի շնորհալի երիտասարդ երգչուհի Անայիս Ճէլիլեան գեղեցիկ ձայնով ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով Աւէ Մարիան եւ Քօն Թէ Փարթիրօ երգերը, իսկ հայկական հեզաճկուն պարով ելոյթ ունեցաւ Մարիա Ճէլիլեանը:

Մինչ պարային ուրախ երեկոյին անցնիլը, Տ. Միւռոն կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուոյ հիւրերուն, եւ նշեց թէ երեք կարեւոր մղիչ ուժեր կան զոր ոգեւորած եւ քաջալերած են մեր եկեղեցին եւ համայնքը, ուստի 25ամեակի նուիրուած երեք մրցանակ-պարգեւները կը փոխանցուին՝ հայութեան հոգեւոր կեդրոն Ս. Էջմիածինը ներկայացնող եկեղեցական թեմին յանձին Առաջնորդ Սրբազանին, Հայաստան աշխարհ հայրենիքը ներկայացնող դիւանագիտական հաստատութեանը յանձին դեսպանին եւ հիւրընկալ Միսիսոկա քաղաքի ներկայացուցիչ քաղաքապետին։ Պատուոյ հիւրերու ներկայութեամբ Հալթըն-Փիլ Հայ գործարարներու միութեան կողմէ գնահատուեցան 2016 տարուան ընթացքին ընտրուած չորս ընկերութիւնները, որոնք մեծ դեր ունեցած են Եկեղեցւոյ եւ համայնքին օժանդակելու ինչպէս նաեւ Սուրիահայ գաղթականներու օգնութեան մէջ։ Չորս ընկերութիւններն էին՝ Raffi Jewelers յանձին Պետրոս Կարապետեանի, Lorne Park Jewelers յանձին տիար Վանիկ Ճէլիլեանի եւ Ռաֆֆի Գէորգեանի, Crystal Grand Banquet Hall յանձին Գրիգոր Մարգարեանի եւ Կարեն Մարգարեանի եւ Moneysworth & Best հաստատութեան Նալպանտեան ընտանիքին (վերջինս ներկայ չէին օրուան ձեռնարկին)։

author-avatar

This author has not supplied a bio yet.