“Միքայէլ Ոսկանեան Եւ Ընկերներ”ու Անդրանիկ Ելոյթը Թորոնթոյի Մէջ


Թ․ Տ․

Ըն­տա­նե­կան հա­ւաք մը ըլ­լար կար­ծես․ հա­րա­զատ­նե­րով, տան մէջ նստած՝ ու­րախ-զո­ւարթ, հա­մա­դամ ու­տե­լիք­ներ ու գի­նի սե­ղա­նին, ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րաժշ­տու­թիւն ու երգ, ի­րա­րու ըն­դե­լու­զո­ւած ծա­նօթ ու ան­ծա­նօթ մե­ղե­դի­ներ՝ հինն ու նո­րը միա­խառն, ծա­փեր ու պա­րեր, հա­կիրճ ընդ­մի­ջում­նե­րուն՝ տեղ-տեղ զրոյց­ներ․․․

Այս­պի­սին էր Հա­մազ­գա­յի­նի “Գլա­ձոր” մաս­նա­ճիւ­ղի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ՙՄի­քա­յէլ Ոս­կա­նեան եւ Ըն­կեր­ներ՚ (Miqayel Voskanyan & Friends ‘MVF’) ե­րե­կոն, 6 Յու­լիս 2018ին, Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հէն ներս։ Երեկոյի բա­ցու­մը կա­տա­րեց մաս­նա­ճիւ­ղի փոխա­տե­նա­պետ Ա­րա Հա­սըր­ճեան։ Հա­կիրճ նե­րա­ծա­կա­նէն ետք, ան կը հրա­ւի­րէ ե­րա­ժիշտ­նե­րը՝ թա­ռա­հար եւ եր­գող Մի­քա­յէլ Ոս­կա­նեան,  ՙսաք­սի­ֆոն՚ի վրայ Դա­ւիթ Մել­քո­նեան, դաշ­նա­կա­հար Ար­ման Փեշթ­մալ­ջեան, պաս կի­թա­ռի վրայ Գուր­գէն Ղա­զա­րեան, իսկ հա­րո­ւա­ծա­յին գոր­ծիք­ներու վրայ Մով­սէս Ղա­զա­րեան։ Կազ­մո­ւած՝ 2011ին, բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ շրջած, հռչա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նե­րու ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած, մրցա­նակ­նե­րու դափ­նե­կիր ՙՄի­քա­յէլ Ոս­կա­նեան եւ Ըն­կեր­ներ՚ը Թո­րոն­թո­յի մէջ ա­հա­ւա­սիկ իրենց անդ­րա­նիկ ե­լոյ­թը պի­տի տան․ ծա­փե­րու տա­րա­փին ներ­քեւ, դէ­պի բեմ կը յա­ռա­ջա­նան սե­ւազ­գեստ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։

Ա­ռա­ջին իսկ կա­տա­րու­մէն կը լսենք ե­րաժշ­տու­թեան զա­նա­զան ո­ճեր․ Ժո­ղովր­դա­յի­նին ե­կած միա­ցած են ՙրաք՚ը, ՙՖիու­ժըն՚ը, ՙճազ՚ը․ թա­ռը մուտք գոր­ծած է ՙճազ՚ա­յին ե­րաժշ­տու­թեան մէջ, մինչ ՙպաս կի­թառ՚ն­ ու ՙսաք­սի­ֆոն՚ը պատ­շա­ճե­ցո­ւա­ծ ա­շու­ղա­կա­նին ու դա­սա­կա­նին․․․  Ի վեր­ջոյ դուրս կու գայ ա­նակն­կալ­նե­րով լե­ցուն, նրբա­ճա­շակ ու հա­մա­հունչ ե­րաժշ­տու­թիւն, տեղ-տեղ ան­հա­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով, ինչ որ կը յայտ­նա­բե­րէ իւ­րա­քան­չիւր ե­րա­ժիշ­տի աս­տո­ւա­ծա­տուր տա­ղան­դը։

Սրտա­մօտ են ի հար­կէ Սա­յաթ Նո­վան ու Կո­մի­տա­սը․ թա­ռը կը տա­նի մեզ դէ­պի ան­ցեալ, մինչ հա­րո­ւա­ծա­յին գոր­ծիք­նե­րուն ստեղ­ծած արթ­նու­թիւ­նը կը վե­րա­դարձ­նէ դէ­պի ներ­կան։ Իսկ երբ Համ­շէ­նէն ու  Թիֆ­լի­սէն եր­գեր կը հնչեն, մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կ­’ունկնդ­րենք զա­նոնք․ մեզ քա­շո­ղը ոչ միայն իւ­րա­յա­տուկ ե­րաժշ­տու­թիւն­ներն են, այլ նաեւ լե­զուն։ Քիչ անց, փո­թոր­կոտ ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րուն կը յա­ջոր­դէ քնքոյշ ՙԼու­սի­նէ՚ն։

Այն­քան նուրբ ՙՄախ­մուր աղ­ջիկ՚ը ալ ա­ւե­լի զգա­յուն ու դիւ­թիչ կը դառ­նայ ՙՄի­քա­յէլ Ոս­կա­նեան եւ Ըն­կեր­ներ՚ու ինք­նա­տիպ կա­տա­րու­մով։

Շնոր­հա­ւո­րե­լի են կազ­մա­կեր­պող­նե­րը, հա­մա­դամ ու­տես­տե­ղէ­նը սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րող ա­րա­բե­րէ­նով ՙՆուր՚ ա­նու­նը կրող հաս­տա­տու­թեան սե­փա­կա­նա­տէր Տէր եւ Տիկ Նա­զար Չա­թա­լեան­նե­րը ։ Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին,« մինչ կե­նաց­նե­րը ու շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին, ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի վա­ճառ­քի սե­ղա­նին շուրջ շար­քի կե­ցած ներ­կա­նե­րը կը ծա­նօ­թա­նան նաեւ Մի­քա­յէլ Ոս­կա­նեա­նի տիկ­նոջ՝ Լու­սի­նէի հետ, ո­րուն նե­ցու­կը կը վա­յե­լէ խում­բը։ Փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով նշենք, որ ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րէն օ­րի­նակ­ներ տրա­մադ­րե­լի են Հա­մազ­գա­յի­նի Յ․Մա­նու­կեան գրա­դա­րա­նէն։

Ի հար­կէ խում­բին գնա­հա­տա­կան­նե­րը կը վե­րա­պա­հո­ւին ե­րաժշ­տա­գէտ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու։ Ու­շագ­րաւ է յայ­տա­գի­րին մէջ ընդգր­կո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու­ն այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, հի­նէն ու նո­րէն ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու մէկ­տե­ղու­մը, գոր­ծիք­նե­րը ի­րենց սո­վո­րա­կան բնա­գա­ւա­ռէն հե­ռաց­նե­լու եւ այլ եր­գե­րու պատ­շա­ճեց­նե­լու­ յան­դուգն քայ­լը ու վեր­ջա­պէս այն ջեր­մու­թիւ­նը որ կ­’արթն­նայ ունկնդ­րո­ղին սիր­տին մէջ հայ­րե­նի, ե­րի­տա­սարդ տա­ղանդ­նե­րու­ներ­կա­յու­թեամբ։