Մշակոյթի Եւ Գրականութեան Օր Մը Քեսապի Մէջ


«Գանձասար»․- Մշակութային կեանքի երկար ընդմիջումէ մը ետք, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը նախաձեռնած էր մշակութային եւ գրական երեկոյի մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակի մահուան 45ամեակին, ինչպէս նաեւ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի հեղինակած «Քեսապ-2014, Տեղահանութիւն Եւ Վերադարձ» գիրքին մատուցման ու գինեձօնին:

 Յունուար 21ին, Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ, պատմական ու գողտրիկ վայրի մը մէջ, հաւաքուած էին գիւղիս հոգեւոր հովիւներ` Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան եւ Տէր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Քեսապի մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կէս հարիւրակ մը համագիւղացիներ:

Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան անդամ Մարալ Կարճիկեան, որ բարի գալուստի պատշաճ խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ գիրքի հեղինակին կենսագրական տուեալները:

Օրուան բանախօս` Յասմիկ Աւագեան-Սաղտըճեան ծնած է Երեւան, հոն ուսանած ու աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի գրականութեան ճիւղը:

Գիրքին հեղինակ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան, ծնած է Տըրպէսիէ, ուսանած  է Հալէպ` աւարտելով Հալէպի Պետական Համալսարանի Տնտեսագիտութեան բաժինը` մասնագիտանալով վիճակագրութեան ճիւղին մէջ: Հեղինակն է «Քեսապ Շրջանի Հայութեան Վիճակագրութիւն 2006-2007» գիրքին՝ հրատարակուած 2010ին:

Օրուան բանախօսը հետաքրքրական վերլուծութեամբ մը ներկայացուց Պարոյր Սեւակի կեանքն ու գործը` անդրադառնալով վաղամեռիկ գրագէտին կեանքի փուլերուն, անոր մտաւոր զարգացումին, հասնելով մինչեւ համալսարանէն ներս որպէս դասախօս իր դրական ներկայութեան: Ան միաժամանակ պեղեց բանաստեղծին հոգեկան աշխարհը, վերլուծեց անոր բանաստեղծութիւններուն խորքն ու ոճը, ներաշխարհի ալեկոծումներն ու փոթորկումները`  ամբողջական պատկեր մը ներկայացնելով Պարոյր Սեւակ մտաւորականին ու բանաստեղծին մասին:

Երեկոյի գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուեցաւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը: Աստղիկ Դանիէլեան ասմունքեց «Բարեւ» բանաստեղծութիւնը, իսկ Շողակ Ղազարեան` «Ապրիլ» քերթուածը:

Այնուհետեւ, Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան հանդէս գալով նախ իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց քեսապահայութեան, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ գիրքին հովանաւորին:

Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրքին հետեւեալ երեք մասերը.-

-Պատմական` Տեղահանութեան, Լաթաքիա կեցութեան եւ վերադարձի:

– Երկրորդ մաս` վիճակագրական սիւնակներ ստոյգ տուեալներով:

– Երրորդ մաս` լուսանկարներով լուր պատմումի բաժին:

Ան անդրադարձաւ գիրքին խորքին ու տեղեկութիւններու ներկայացման ամփոփ եւ խիտ ըլլալու այժմէական անհրաժեշտութեան մասին եւ այլն:

Ապա ներկայ երկու հոգեւոր հայրերուն եւ հեղինակին ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը:

Հուսկ ներկաներուն գիրքէն մէկական օրինակ յատկացուեցաւ, որմէ ետք երեկոն վերջ գտաւ մշակութային հոգեպարար մթնոլորտի մը մէջ: