Մոնթրէալի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի Կիսանդրիի Բացման Առիթով Հարցազրոյց` Քանդակագործ Տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի Հետ


Տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեան Կոմիտասի կիսանդրիի բացուման ժամանակ արտասանած խօսքի պահուն, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Հարցազրոյցը վարեց` Էլօ Հերկելեան

Արդէն իսկ կայացած քանդակագործ է մոնթրէալաբնակ յայտնի բժիշկ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեան: Անոր տարբեր բնոյթի քանդակները մեծապէս գնահատուած են եւ հանգրուանած տարբեր թանգարաններու մէջ` ինչպէս Երեւանի Երեւանի «Արամ Խաչատուրեան», «Սարդարապատ»ի ազգագրական կամ Շարլ Ազնաւուրի թանգարաններուն մէջ: Այնուամենայնիւ, ի մասնաւորի գնահատուած են անոր դիմաքանդակները, որոնց կարեւոր մէկ մասը վերածուած է յուշարձաններու եւ զետեղուած հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու ու մայրաքաղաքներու մէջ, ինչպէս Եուսուֆ Քարշի, Արմէն Գարոյի եւ Կոմիտասի դիմաքանդակները Օթթաուայի, Ուաշինկթոնի եւ Մոնթրէալի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ:

Այս շարքի վերջինը անցնող շաբթուայ ընթացքին Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած անոր կիսանդրիի բացումն էր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Կիսանդրիի բացման զուգահեռաբար բացուեցաւ նաեւ Տարագճեանի շուրջ քսան ականաւոր հայ միտքերու դիմաքանդակներու ցուցահանդէսը Մոնթրէալի Համազգայինի Կոնճեան սրահին մէջ: Յիշելու համար քանի մը անուն կ’արձանագրենք Կոմիտաս, Արշիլ Կորքի, Դանիէլ Վարուժան, Ազնաւուր, Արամ Խաչատուրեան: Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ իբրեւ դիմաքանդակի բնագաւառի մէջ իրագործուած այս ցուցահանդէսի ու կիսանդրիի յղացման մասին, տոքթ. Տարագճեանի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կու կանք ստորեւ:

  • Ձեր արուեստը սկսած էք գեղանկարչութեամբ, քանդակի անցումը ի՞նչպէս եղաւ:

Փոքր տարիքէս նկարչութեան հանդէպ յատուկ սէր ունեցած եմ։ Մանկապարտէզի գիրքիս լուսանցքին վրայի գծագրութիւններս ուսուցչուհիներուս ուշադրութիւնը գրաւած են։ Տնօրէնուհին ծնողքիս թելադրած էր զիս արուեստի դասերու արձանագրել։ Հալէպի Սարեան Արուեստի Ակադեմիայի մանուկ աշակերտը դարձայ կարճ ժամանակուան մը համար։ Դասարանի կաւիճները տաշելով՝ փոքր քանդակներ կը պատրաստէի եւ դասընկերներուս բաժնելով զիրենք կ՚ ուրախցնէի։

 

  • Կը յիշէ՞ք ձեր կերտած առաջին քանդակը, ե՞րբ էր, ի՞նչ թեմա կը շօշափէր: 

Առաջին լուրջ քանդակի գործ մը պատրաստելս տասնամեակներ վերջ պատահեցաւ։ Մեր տան դաշնակի վրայ հայ երաժիշտի մը նուիրուած քանդակ մը պատրաստելու ծրագրիս արդիւնքը եղաւ՝ Սայաթ Նովայի եւ Կոմիտասի կիսանդրիները։ Նաեւ փորձեցի նկարչութիւնը եւ քանդակը միատեղել՝ ինչպէս 1700-ամեակի գործս, որ չորս պաստառներու համադրում մըն է մէջտեղը տեղադրուած քանդակով։

 

  • Ձեր քանդակները ընդհանրապէս համամարդկային հարցեր եւ իրավիճակներ կը ներկայացնեն, եւ ունին որոշ փիլիսոփայական խորք: Կրնա՞ք խօսիլ ձեր ներշնչման աղբիւրներու եւ նիւթերու ընտրութեան մասին: 

Ես ինքզինքս յանձնառու արուեստագէտ մը կը նկատեմ։ Գործերս ազգայինի միջոցաւ նաեւ համամարկային արժէքներ կը դաւանին։ Այո, ամէն գործ պէտք է մարդկային իրավիճակ ներկայցնելով փիլիսոփայական խորք մը ունենայ, այլապէս կը դառնայ պարզ զարդարուեստ։

Քանդակներու նախագիծը մտքիս մէջ կը ծնի եւ կը զարգանայ ապա, առանց գծագրական նախագիծ մը ունենալու, զանոնք կը սկսիմ կերտել։ Յաճախ քանդակը ինքնին ինծի որոշ ուղղութիւն կու տայ. ինպէս անուշադրութեանս պատճառով ջարդուած Սայեաթ Նովայի կիսանդրին, որ աւարտեցաւ սազը գլխուն յենարանը դառնալով։ Այս մօտեցումը սկսաւ գերիշխել գործերուս մէջ։ Քանդակներս առհասարակ իրենց կառոյցով ամբողջական չեն, բայց դիտելով ամբողջական կ’երեւան։ Ցուահանդէսներէս մէկուն ժամանակ այցելուի մը գրառումը «I am not missing the missing parts» անոր վկայութիւնն է։

 

  • Նկատելի է, որ ձեր քանդակներու ոճը դասական չէ, կարելի է համարել զանոնք գերիրապաշտական բնոյթի գործեր, ուր կերպարներու (բնորդներու) ոչ ամբողջական ուրուագծումը բնաւ չի խանգարեր անոնց ամբողջական հասկացումը: Ինչպէս օրինակ «Ընթերցողը», «Մաէսթրօ» կամ «Սօնաթօ» եւ այլ գործեր: 

Գերիրապաշտական ոճն է, որ կը տիրապետէ իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ։ Նպատակը դիտողին հիացնելը չէ այլ նաեւ քանդակի խորհուրդին ընկալման մէջ զինք ներգրաւելը:

 

  • Գեղանկարչութեան մէջ ամենէն դժուար փորձաքարը դիմանկարի կերտումն է: Կը թուի, որ ձեր մօտ լաւապէս դրսեւորուած է այդ մէկը, յատկապէս քանդակներու պարագային: Դիմաքանդակներ, որոնք բացարձակապէս կը բնորոշեն բնորդի դիմագիծերը առանց երբեք «լուսանկարչական» մանրամասնութիւններու, ուր առկայ է նաեւ հերոսի նկարագիրն ու երբեմն նաեւ մասնագիտութիւնը: Կ’ուզէի՞ք խօսիլ ձեր ընտրութեամբ դիմաքանդակի մը մասին ու մեկնաբանել զայն մեր ընթերցողներուն:

Դիմաքանդակ մը ինչպէս դիմանկարի մը պարագային՝ լուանկարչութիւնը փոխարինել չէ։ Այսօր միջոցներ գոյութիւն ունին մարդոց դէմքին կաղապարը հանելու եւ մոմէ թանգարանային արձաններու նման կրկնօրինակը պատրաստելու։ Բայց այս արդէն արուեստ չէ։ Յաջող դիմաքանդակը բնորդին նմանութիւնէն անդին, պէտք է անոր նկարագիրը արտացոլէ։ Պէտք է այնտեղ ըլլայ ապրում եւ կենդանութիւն։ Համաչափութիւնները յարգելը պայման չէ, այլ դիտողին վրայ ձգած ընդհանուր տպաւորութիւնն է կարեւորը։

  • Դիմաքանդակներու մասին խօսելով չենք կրնար չանդրադառնալ ձեր յուշարձանային (մոնումէնթըլ) այն գործերուն, որոնք զետեղուած են կարգ մը կարեւոր քաղաքներու հրապարակներու վրայ: Խօսեցէք խնդրեմ ձեր վերջին իրագործումին Կոմիտասի յուշարձանի բացման մասին, որ տեղի ունեցաւ վերջերս Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Իմ կերտած յուշարձաններուս երեքը անհատներու նուիրուած են։ Անոնք ունին նոյն լուծումը։ Պատուանդանները պարզ յենարաններ չեն, այլ միաձուլուած են բնորդի մարմնի մասերուն եւ կը ստեղծեն տինամիք վիճակ մը։ Օթթաուայի Եուսուֆ Քարշը իր լուանկարչական գործիքով՝ նկարելու պահին, Ուաշինթոնի դեսպան Գարեգին Փաստրմաճեանը, որ պատուանդանին վրայ պինդ բռնած է գլխարկը, որու տակէն դուրս եկած է յեղափոխական Արմէն Գարոն բնորոշող Պանք Օթոմանի պայթուցիկի պատրոյգը։ Իսկ նորագոյն գործիս Կոմիտասի մարմինը սեւ կրանիթեայ պատուանդանն է, որու առջեւէն՝ սքեմին թեւերէն դուրս ելած ձեռքերով, երաժշտական արձանագրութեան ոլորուած էջ մը բռնած է։ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած այս յուշարձանը, արդէն մէկ տարի առաջ ձուլուած էր իր ծննդեան օրը բացումը կատարելու համար։ Բայց քաղաքապետարանի հետ գործ ունենալու բարդութիւնները չէինք երեւակայեր որ այսքան կարող էր ըլլալ։

Նախ ճամբայ ելանք թոյլատուութիւն խնդրելով հանրապատկան Parc de l’Armenie ի մէջ տեղադրելու։ Մերժումի պատասխանը չափազանց անհեթեթ էր։ Վերջերս նորոյթ դարձած՝ հանրայայտ անձերու հասցէին սեռային ոտնձգութիւններու եւ կամ ցեղապաշտական արտայայտութիւններու ամբաստանութեանց  տարափին պատճառով, քաղաքապետարանը արգիլած  է ահատներու արձաններ կանգնեցնել։ Պուրակին դիմացը մեզի պատկանող հողին վրայ իսկ յուշարձանը կանգնեցնելու արտօնութիւն ստանալը տեւեց աւելի քան եօթ ամիս։

Յաջողեցանք արձանը զետեղել 2019-ի Դեկտեմբրին միայն. բայց մնացեալ շրջապատի գործը, նախ ձմեռնային եղանակի ապա COVID-19-ի պատճառով կարելի եղաւ միայն անցեալ շաբաթ աւարտել։

 

  • Այս առիթով զուգահեռաբար բացուած է նաեւ ձեր կերտած դիմաքանդակներու փունջի մը ներկայացումը Համազգայինի Կոնճեան ցուցասրահին մէջ: Մասնաւորապէս ի՞նչն է ձեզ հրապուրողը կերպարի ընտրութեան մէջ. անոր ազգային արժէ՞քը, մասնագիտութի՞ւնը, դէմքի արտայայտչականութի՞ւնը թէ այլ դրդապատճառ մը:

Գանատայի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան հովանաւորութեամբ՝ Մոնթրեալի Հայ Կեդրոնին մէջ ցուցահանդէսիս բացումը տեղի ունեցաւ, որ 23 տարիներու աշխատանքիս արգասիքն է։ Այնտեղ ներկայացուած են ականաւոր հայերու 20 դիմաքանդակներ եւ 5 կիսանդրիներու պատկերներ, ընկերակցած իրենց կենսագրական բացատրութեամբ։

Բնորդներու ընտրութիւնը եղած է տարբեր պատճառներով՝ անձնական նախասիրութիւն, արտայատչական ինքնատպութիւն եւ կամ հաստատութենէ մը պատուէր։ Ամենակարեւորը ինծի համար այդ անհատին արժէքն է եւ իր ներդրումը մեր հաւաքականութեան համար։

Այստեղ ցուցադրուած են նաեւ իմ նոր տիպի գործերս՝ երկչափ քանդակները, որոնք լաւագոյնս կը դիտուին յատուկ լուսաւորումով։

Կարելի է ցուցահանդէսը առցանց այցելել հետեւեալ կապով՝  https://tinyurl.com/y4rgf22e

Շնորհակալութիւն

 

Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրիի բացման հանդիսութենէն պատկերներ