«Մոնսանթօ». Չարիք Մը, Որ Հիմա Եւ Ընդմիշտ Դուրս Պէտք Է Մնայ Հայաստանէն


Նաթան Պետրոսեան


Նոյեմբեր 1ին, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երեւանի մէջ կազմակերպած էր խորհրդաժողով մը, որ նպատակ ունէր ներդրումներ կատարել հայաստանեան գիւղատնտեսական մարզին մէջ: Ամերիկեան դեսպանատունը Հայաստանին ներկայացուց «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը, որպէսզի ներդրումներ կատարէ յիշեալ մարզին մէջ: «Մոնսանթօ»ն ամերիկեան համաշխարհային ընկերութիւն մըն է, որուն գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգին մէջ:

«Մոնսանթօ»ն կը զբաղի սերմնացուի եւ բուսական աշխարհի ծինային նախագծումով: Ծինային նախագծում կը նշանակէ վերաբաղադրուած «Տի.Էն.Էյ.»ներու եւ «Առ.Էն.Էյ»ներու, ծինային կերտուածքներու (բջիջէն) առանձնացման եւ ձեռնածութիւններու ենթարկման, ծինային այլ կերտուածքներու մէջ ներմուծման մեթոտներու եւ ճարտարարուեստի ամբողջութիւն: Ծինային ճարտարագիտութեան նպատակն է փորձառական մեթոտներու միջոցով տարրալուծարանային պայմաններու մէջ ստեղծել ծինային նոր յատկանիշներով օժտուած կերտուածքներ:

Ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքը (Genetically modified organism) այն է, որ ծինային կերտուածքը արհեստականօրէն փոխուած է ծինային ճարտարագիտութեան մեթոտներով: Այս եզրը կը կիրարկուի բոյսերու, անասուններու եւ մանրէներու ու ժահրերու համար:

«Բնապահպանական բժշկութեան ամերիկեան ակադեմիա»ն կը ստիպէ բժիշկներուն ծինային փոփոխութեան չենթարկուած սնունդ պատուիրել հիւանդներուն: Անոնք (Բնապահպանական բժշկութեան ամերիկեան ակադեմիա) յիշած են ուսումնասիրութիւններ, որ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքը կը պատճառէ մարմնական վնասուածք, աղիքներու ու ստամոքսային եւ դիմադրողական համակարգի խանգարումներ, արագ ծերացում եւ սեռային անկարողութիւն: Նաեւ, Ամերիկեան հանրային առողջութեան ընկերութիւնն ու Ամերիկացի հիւանդապահներու ընկերակցութիւնը քանի մը բժշկական խումբերու կողքին, կը դատապարտեն կովերու աճին վերաբերող հորմոնը, ծինային փոփոխութեան ենթարկելը, որովհետեւ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կովերու կաթը աւելի շատ IGF-1 հորմոն կը պարունակէ իր մէջ, ինչ որ քաղցկեղ կը պատճառէ:

Բոլոր նշուած տուեալները փաստացի են եւ ոչ միայն տեսութիւններ. «Տը Ֆուտ Էնտ Քեմիքըլ Թոքսիքոլոճի» պաշտօնաթերթը հրապարակեց առնէտներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը եւ յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն. «50 տոկոս արու եւ 70 տոկոս էգ առնէտներ վաղաժամօրէն մահացան, իսկ ծինային փոփոխութեան ենթարկուած եգիպտացորէն կերած առնէտները երիկամներու եւ լեարդի վնասներ ունեցան»:

Բոլոր նախորդ տողերը առողջապահական բնագաւառին կը վերաբերէին: Ինչ կը վերաբերի տնտեսականին, նոյն ահռելի վիճակն է: Գիւղատնտեսական ոլորտի սեփականաշնորհումի դրօշակիր ըլլալով՝ «Մոնսանթօ» ընկերութիւնը եգիպտացորենի, սոյայի եւ բամպակի շուկայի մենաշնորհին տէրը (Միացեալ Նահանգներու մէջ) դարձած է (ըստ «Ալթերնե»չ պարբերաթերթին):

Մէկ կողմէ, վնասելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի առողջութեան, իսկ միւս կողմէ՝ խոչընդոտ դառնալով արդար շուկայական մրցակցութեան համակարգին, «Մոնսանթօ»ն եւ իր նման ծինային փոփոխութեան ենթարկուած կերտուածքներ արտադրող ընկերութիւնները կը հանդիսանան մեծագոյն վտանգ ո՛չ միայն հայաստանցի քաղաքացիին եւ ընկերային-տնտեսական արդարութեան համար, այլ նաեւ՝ աշխարհի եւ մարդկութեան համար, եւ անոնց դէմ պատժական քայլեր պէտք է առնուին: