Մօտ 20 Հազար Ֆրանսահայեր Փարիզի Մէջ Խաղաղ Ցոյցի Ժամանակ Պահանջեցին Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը


Փարիզի ցոյցէն պատկերներ

«Արմենփրես»,- Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, Էյֆէլեան աշտարակի մօտ գտնուող Թրոքատերօ հրապարակին վրայ մօտ 20 հազար ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ խաղաղ ցոյց ըրին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու պահանջքով։

Ցոյցը կազմակերպած էր Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը: Հաւաքի ընթացքին համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին վիրաւորելուն եւ նշեց, որ ֆրանսահայերը իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Ֆրանսայի նախագահին: Ան աւելցուց, որ անթոյլատրելի է նման վիրաւորանքը եւ կոչ ըրաւ ոչ միայն դատապարտելու նման պահուածքը, այլեւ գործի անցնելու ու ինչ-որ ձեւով պատժամիջոցներ կիրառելու Թուրքիոյ նկատմամբ, կը յայտնէ «Արմենփրես» թղթակիցը Փարիզէն:

Ցոյցի մասնակիցները Փարիզի փողոցներով, Հայաստանի եւ Արցախի մեծ դրօշներով, նաեւ` Ֆրանսայի դրօշներով, քալեցին դէպի Արտաքին գործոց նախարարութիւն: Պատերազմի առաջին օրերէն Ֆրանսայի հայութիւնը ոտքի կանգնած է, կը կազմակերպէ միջոցառումներ, որոնց ամէն անգամ աւելի շատ թիւով մարդիկ կը մասնակցին: Անոնք կը միանան աջակցելու Արցախին ու Հայաստանին, կը պահանջեն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը։