Մօտ1․1 Միլիոն Տոլար՝ Թալիշի Զարգացման Համար․ «Հայաստան» Հիմնադրամ


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ հիմնադրամը, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի աջակցութեամբ, մօտ 541.331.200 դրամի ներդրում կ՛ընէ անցած տարուն ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ամենաշատ տուժած գիւղի`Թալիշի զարգացման նպատակով:

Գումարը պիտի ուղղուի գիւղապետարանի, բժշկական կեդրոնի, ակումբի, հանդիսութիւններու տան շէնքի վերակառուցման, գիւղապետարանի եւ հանդիսութիւններու սրահի շէնքերու տարածքի բարեկարգման, 18 տան վերակառուցման եւ վերանորոգման:

Նման ծրագիրներ իրականացուած են նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ, վերակառուցուած են բազմաթիւ բնակելի տուներ: