Յակոբ Օշականի Տպագիր Ժառանգութիւնը Հասանելի է Առցանց՝ Բաց Եւ Անվճար Ձեւաչափով


Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքըհամագործակցելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին հետ՝ առցանց հրապատարած է արեւմտահայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը եւ ան բաց եւ անվճար է ընթերցողներուն համար։

Այս համագործակցութիւնը կը միտի քայլ պահելու թուային եւ թեքնաբանական աշխարհին հետհաշուի առնելով հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ծրագիրին հիմնական նպատակներէն է այս հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը տրամադրելի դարձնել բոլորին՝ անվճար եւ առցանց ձեւաչափովապահովելով անոր հասանելիութիւնը եւ մատչելիութիւնըմիեւնոյն ժամանակ նպաստելու անոր պահպանումինտարածումինեւ եկող սերունդներուն փոխանցումին։

Այս ծրագիրին շնորհիւ թուայնացած է Յակոբ Օշականէն աւելի քան երեսուն գիրքներառեալ Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան բոլոր հատորներըԶուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանցԽոնարհներըԱնգղին կտուցին տակեւ աւելինԲոլոր նիւթերը թուայնացած են ո՛չ միայն պատճէնելովայլեւ թուանշուած ձեւաչափովոր թոյլ կու տայ գրութեան մէջ փնտռտուքներ կատարել։

Բոլոր նիւթերը հասանելի են Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին կայքէջէն՝ https://digilib.aua.am/am/ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ/library/553

Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը https://gulbenkian.pt/armenian-communities եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին։