Յայտնի Են Ընտրութիւններուն Նախնական Արդիւնքները․ Հայաստանի Ազգային Ժողով Կ՛անցնին 4 Քաղաքական Ուժեր


ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը (ԿԸՅ) Ապրիլ 3ի կէսօրին տեղի ունեցած նիստին ամփոփեց Ապրիլ 2ին կայացած ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները:

Համաձայն այդ տուեալներուն` Ազգային Ժողով կ’անցնի 4 քաղաքական ուժ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւն` 49,12%, «Ծառուկեան» դաշինք` 27,32%, «Ելք»` 7,77%,  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն` 6,57%:

ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան ներկայացուց նախնական արդիւնքներուն արձանագրութիւնը, որ ստորագրեցին ԿԸՅ  անդամները:

Ըստ որուն` կուսակցութիւններուն  միջեւ ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով`

«Ելքէ»կուսակցութիւններու դաշինք –  122049, 7,77 %

«Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւն – 14746, 0,94%

«Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւն – 58277, 3,71%

«Ծառուկեան» կուսակցութիւններու դաշինք – 428965, 27,32%

«Կոնգրես- ՀԺԿ» կուսակցութիւններու դաշինք – 25975, 1,65%

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն – 771247, 49,12%

Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն – 11745, 0,75%

«Օհանեան-Րաֆֆի –Օսկանեան» կուսակցութիւններու դաշինք – 32504, 2,07%

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն – 103173, 6,57%