Յայտնի Երգչուհի Շեր Եւ Քիմ Քարտաշեան Հայաստան Այցելելու Ցանկութիւն Կը Յայտնեն


“Արմենփրես”,- Քիմ Քարտաշեան եւ յայտնի երգչուհի Շեր  միասին Հայաստան այցելելու ցանկութիւն յայտնեցին Քարտաշեանի պատկերասփիւռի յայտագիրէն:

Քարտաշեան իր ընկերուհիներուն հետ գացած էր Լաս Վեկաս՝ Շերի համերգին: Ելոյթէն ետք երգչուհին հանդիպած էր Քարտաշեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին անոնք անդրադարձան հայութեան: Քիմը յայտնած է, որ շատ բարձր կը գնահատէ Շերի ծառայութիւնները հայ համայնքին:

«Ես կը փափաքիմ դարձեալ Հայաստան երթալ», ըսած է Շեր, եւ Քիմը արձագանգած է ըսելով, որ ինքն ալ կը փափաքի երթալ Հայաստան եւ առաջին իսկ առիթով պատրաստ է ընկերակցելու Շերին:

«Մենք կրնանք միասին երթալ այնտեղ: Ես շատ կ՛ուզեմ Հայաստան երթալ, ինծի համար հիմա ատիկա շատ անհրաժեշտ է», եզրափակած է Շեր: