Յանուն Իրաւունքի Իրականացած Ինքնաշարժներով Բողոքի 2-րդ Շքերթը Եւ Նուիրահաւաքը


Թորոնթոյի ինքնաշարժներով բողոքի 2-րդ շքերթէն պատկեր մը

«Թորոնթոհայ»,- Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 1։30-ին, հազարաւոր մասնակիցներու մասնակցութեամբ, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շրջափակէն ընթացք առաւ ինքնաշարժներով բողոքի երկրորդ եւ աւելի մեծ թիւով հայորդիներու մասնակցութիւնը ապահովող շքերթը։

Օնթարիոյ Միացեալ Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Միսիսակայի պատանիներու եւ Հայ Կեդրոնի երիդասարդներուն ու կամաւոր անհատներու օժանդակութեամբ եւ օգնութեամբ իրականացող շքերթը սկիզբ առաւ ժամը 1։30-ին։

Ռազմական ահազանգը հնչեց 2 վայրկեան տեւողութեամբ, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին անմահ հերոսներու յիշատակը, որմէ ետք արուեստագիտուհի Արմինիա Սարգիսեան երգեց Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները։

Ներկաներուն իր սրտի խօսքն ու պատգամը յղեց Միսիսակայի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան եւ նշեց, որ  այսօր մեր հայրենակիցները պատերազմի մէջ են, ուստի մենք եւս այդ պատերազմը ապրելով եւ զգալով պէտք է ամէն հնարաւոր միջոցներով մեր բողոքի ձայնը բարձրացնենք, յատկապէս Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցով։ Արցախեան պատերազմի զոհերուն եւ ի մասնաւորի հոգեւոր դասէն զոհուած երկու սարկաւագներու անմահ յիշատակին համար իր սքեմին վրայէն զինուորական տարազ կրող Տէր Միւռոնի աղօթած Տէրունական Աղօթքէն ետք սկիզբ առած շքերթը ուղղուեցաւ Victoria park-ի երկարութեամբ դէպի հարաւ մինչեւ Danfort, ապա՝ դէպի արեւմուտք մինչեւ Yong Street եւ քաղաքի կեդրոն` Downtown, որմէ ետք դէպի հիւսիս` Sheppard, ետքը մինչեւ արեւելք, ապա՝ Victoria Park-էն վերադարձաւ դէպի Հայ կեդրոնի շրջափակ։

Թորոնթոյի, Օուքվիլի, Հեմիլթընի, Քէմպրիճի, Միսիսակայի եւ Պրէմթընի հայորդիներու մասնակցութեամբ իրականացած շքերթի ընթացքին այլ վայրերէ ինքնաշարժներ ալ միացան եւ ամբողջ երկուքուկէս ժամուան տեւողութեամբ, բարձրախօսներու միջոցաւ, լսուեցան բողոքարկուներու ձայները եւ վանկարկուող լոզունքները, որոնցմէ կը յիշենք՝ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու, ահաբեկչական շարժումներուն վերջ տալու եւ Հայերը խաղաղութիւն, իսկ Ազերիները պատերազմ կ’ուզեն լոզունքները։ Հարիւրաւոր ինքնաշարժներէն կը ծածանէին Գանատային, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։

Հոկտեմբեր 18-ին եւ Նոյեմբեր 1-ին տեղի ունեցող զոյգ շքերթներուն նպատակը բողոքի շքերթ կազմակերպելէ անդին ունէր սուրբ նպատակ մըն ալ եւս՝ Արցախի հերոսամարտին եւ բանակին յատկացնելիք նուիրահաւաք մը, որուն շնորհիւ զոյգ շքերթներու մասնակիցներուն նուիրատուութեան շնորհիւ գոյացած 60,000 Գանատական տոլարը կը ղրկուի Արցախ՝ զօրակցելու մեր բանակին եւ մեր գոյապայքարին։

Հետեւեալ յղումով կրնաք դիտել այսօրուան յաջող շքերթին ընթացքը։