Յաջորդական Նուաճումները Նոր Յանձնառութիւններու կը Մղեն Եուրոզը


Եուրոզի ստեղծագործութիւններէն՝ «Փոխաբերութիւն»

Մով­սէս Ծի­րա­նի


Տնան­կի` (homeless) կար­գա­վի­ճա­կէն հա­զիւ ձեր­բա­զա­տո­ւած եւ շնոր­հիւ իր ար­տա­կարգ տա­ղան­դին, յան­կարծ` ա­ռանց մաս­նա­ւոր ճի­գի, Եու­րո­զի տա­րի­նե­րու ե­րա­զան­քը ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նար ու երփ­նագ­րե­լու յար­մա­րա­ւէտ բա­ցա­ռիկ պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծո­ւէին ի­րեն հա­մար: Այդ օ­րէն ի վեր առ­հա­ւա­կա­նօ­րէն իր մէջ կու­տա­կո­ւած լից­քա­թա­փո­ւե­լու ներ­քին մղում­նե­րը հան­գիստ չեն տար ա­նոր:Ե­թէ հետ­ւինք իր կեան­քի կշռոյ­թին, պի­տի նշմա­րենք, որ ան ոչ միայն ա­րար­չա­կան հեշ­տան­քի ՙան­բա­ւա­րա­րո­ւա­ծու­թե­նէ՚ կը  տա­ռա­պի, այլ նաեւ ի վե­րուստ գե­ղա­գի­տա­կան յա­րա­տեւ ո­րո­նում­նե­րու ՙդա­տա­պար­տո­ւած՚ կը թո­ւի ըլ­լալ: Ճշմար­տու­թիւ­նը այն է, որ այս ա­րո­ւես­տա­գէ­տը ոչ կը գո­հա­նայ ի­րե­րա­յա­ջորդ նո­ւա­ճում­նե­րով և ոչ ալ կը շլա­նայ մի­ջազ­գա­յին գնա­հա­տում­նե­րէն, ընդ­հա­կա­ռա­կը, այս­պի­սով ան ինք­զինք ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նոր յանձ­նա­րա­ռու­թիւն­նե­րու տակ կը դնէ: Կա­րե­նալ յայտ­նա­բե­րե­լու եւ դրսե­ւո­րե­լու հա­մար իր էու­թեան մէջ ան­թե­ղո­ւած ո­գե­ղէն գան­ձե­րը` ան ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը մխրճո­ւի իր են­թա­գի­տա­կի­ցի հո­գեմ­տա­ւոր ծալ­քե­րէն ներս ու կը շա­րու­նա­կէ իր բեղմ­նա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը: Հասկ­նա­լի է, որ այս բո­լո­րը գե­րա­գոյն ճիգ, լա­րո­ւած ու յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք կը կ­’են­թադ­րեն: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ Եու­րո­զին ոչ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ներ­քին կրա­կը կը պակ­սի, ոչ հզօր ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը եւ ոչ ալ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը:

Հոս պի­տի չանդ­րա­դառ­նանք ա­նոր ան­ցեա­լի այն նո­ւա­ճում­նե­րուն, ո­րոնք ար­դէն իսկ ծա­նօթ են մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն:

Այս պա­րա­գա­յին ա­ռիթ­նե­րը ե­րեքն են:

գ. Ա­ռա­ջի­նը՝ նախ ան­ցեալ տա­րո­ւայ Նո­յեմ­բե­րին, Եու­րո­զի մէկ գլուխ գոր­ծո­ցը՝ ՙԾա­ռե­րու Պա­րը՚, մշտա­կան ցու­ցադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ ա­մե­րի­կեան Coral Springs Museum of Art ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւես­տի թան­գա­րա­նին կող­մէ: Իւ­ղա­ներ­կով կտա­ւի վրայ երփ­նագ­րո­ւած այս մեծ­ղի գոր­ծը՝ ՙԾա­ռե­րու Պա­րը՚, կը պատ­կա­նի Symbiosis շար­քին: Սիմ­պիո­սիս  հին յու­նա­րէ­նով բա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ ՙհա­մա­կեն­սու­թիւն՚: Եու­րոզ կ­’ակ­նար­կէ մա­դու եւ բնու­թեան հա­մա­տեղ հա­մե­րաշխ գո­յակ­ցու­թեան: Փաս­տօ­րէն մարդն ու բնու­թիւ­նը ստեղ­ծո­ւած են զի­րար ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ ի­րա­րու գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, սա­կայն այ­սօր գաղտ­նիք մը չէ, որ բնու­թիւ­նը անխ­նայ կեր­պով կը փճա­ցո­ւի մար­դու կող­մէ եւ մե­ծա­գոյն տու­ժողն ու զո­հը նոյն ինքն մարդ­կու­թիւնն Է: Հոս ա­րո­ւես­տա­գէ­տը հան­դէս կու գայ իբրև բնու­թեան եւ կեան­քի պաշտ­պան: Այս ա­ռի­թով թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նը՝ Julia Andrews կ­’ը­սէ․ՙԱ­նոր Ծա­ռե­րու Պա­րը գե­ղե­ցիկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը կը դրսե­ւո­րէ խոր ո­գե­ղի­նա­կա­նու­թիւն եւ կա­րեկ­ցանք հան­դէպ բնու­թեան: Մենք հպարտ ենք ու պա­տիւ ու­նինք Եու­րո­զի երփ­նա­գի­րը նե­րառ­նե­լու Coral Springs Museum of Art թան­գա­րա­նի մնա­յուն հա­ւա­քա­ծո­յէն ներս՚: Ի դէպ բարձր հե­ղի­նա­կու­թիւն վա­յե­լող այս թան­գա­րա­նը) իր լա­ւա­գոյն տաս­նեա­կի մէջ՝ Տէյլ Չիու­լիի եւ Թու­լուզ Լոթ­րէ­քի շար­քին կը յի­շէ նաեւ Եու­րո­զի ա­նու­նը:

գ. Երկ­րոր­դը՝Հի­յաթթ հիւ­րա­նո­ցա­յին ցան­ցի պա­տո­ւէրն էր: Շնոր­հիւ Եու­րո­զի ներ­կա­յա­ցու­ցած յղաց­քի՝ սեր­տո­ւած ու մարդ­կայ­նա­կան բո­վան­դա­կու­թեան՝ եւ մա­նա­ւա’նդ ­գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ինք­նա­տիպ լու­ծում­նե­րուն, բազ­մա­թիւ թեկ­նա­ծու­նե­րէն նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը կը տրո­ւի ի­րեն: Ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եր­կա­տեւ եր­կուն­քէ մը ետք ի վեր­ջոյ ՙզրոյց՚ խո­րագ­րո­ւած այս գլուխ գոր­ծո­ցի պաշտoնա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ անց­նող տա­րո­ւայ Նո­յեմ­բե­ր 16-ին, Կլէն­տէյ­լի մէջ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­սի­կա բարդ եւ բո­վան­դա­կա­լից յօ­րի­նում (installation) մըն է, ձօ­նո­ւած՝ Մարդ էա­կի եւ մի­ջա­վայ­րի փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան թե­մա­յին: Պող­պա­տա­կերտ գլխա­ւոր կո­թո­ղը, որ խօ­սակ­ցու­թեան բռնո­ւած եր­կու վե­րա­ցար­կո­ւած դէմ­քեր կը ներ­կա­յաց­նէ, զե­տե­ղո­ւած է ՍԷնթ­րըլ եւ Ո­ւիլ­սըն պո­ղո­տա­նե­րու խաչ­մե­րու­կին՝  նո­րա­կերտ Հի­յաթթ հիւ­րա­նո­ցի ան­կիւ­նը, ո­րուն ճակ­տո­նա­պա­տը քան­դա­կա­զար­դո­ւած է ներ­սէն թէ դուր­սէն, իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը մուտ­քին սկսո­ւած ՙԶրոյց՚-ին: Եու­րոզ այս ա­ռի­թով հեե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւ­նը կու տայ․ՙ Յոյս ու­նիմ որ իմ յղաց­քը կրնայ ո­գե­ւո­րող կապ մը ստեղ­ծել ակն­դիր­նե­րու՝  ըլ­լայ տե­սո­ղա­կան թէ զգա­ցա­կան ո­լորտ­նե­րու մի­ջեւ:Այս­պի­սով ա­րո­ւես­տի գոր­ծը չի մնար լոկ իբ­րեւ քան­դակ ա­րո­ւես­տա­սէր­նե­րու հա­մար,այլ իբ­րեւ ան­բա­ժա­նե­լի մաս, կ­’ը­դե­լու­զո­ւի ա­նոնց էու­թեան, այն­պէս ինչ­պէս բարձ­րո­րակ ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց մը իր մի­ջա­վայ­րին: Այս նա­խա­գիծ ի­րա­գործ­ման հա­մար մղո­ւած եօթ տա­րո­ւայ տար­բեր բնոյ­թի ո­րո­նում­նե­րը ներշն­չե­ցին զիս, որ­պէս զի կա­րո­ղա­նամ շա­րու­նա­կել ու բա­ցա­յայ­տել ու­րոյն (գե­ղա­գի­տա­կան) ու­ժը իւ­րա­քա­չիւր ար­տա­յայտ­չա­մի­ջո­ցի եւ նո­ւա­ճո­ւած յղաց­քի: Այս­պի­սով իմ կեան­քի ՙպոէ­մը՚ կը թե­ւա­կո­խէ դէ­պի (ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան) նոր տա­րա­ծա­կա­նու­թիւն:

գ. Եր­րոր­դը՝ որ շատ ա­ւե­լի մեծ մի­ջազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն եւ տա­րո­ղու­թիւն ու­նի, անց­նող Յու­լի­ս 16-ին զե­տե­ղո­ւե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի Գան­ժու նա­հան­գի Մին­կո­ւին քա­ղա­քին անջր­դի բա­ցա­տի տա­րած­քին: Սա­կայն ին­չո՞ւ ­յատ­կա­պէս Գան­ժու նա­հան­գին մէջ: Այս հար­ցը իր տրա­մա­բա­նա­կան եւ հա­մո­զիչ բա­ցատ­րու­թիւ­նը ու­նի: Անց­նող տա­րի­նե­րուն բնակ­լի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով, Գան­ժու նա­հան­գը կը զրկո­ւի ջու­րէ եւ հե­տե­ւա­բար նաև՝ բու­սա­կա­նու­թե­նէ: Նա­հան­գը մար­դա­թա­փու­մէ փրկե­լու եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նը շա­հա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար, պե­տու­թիւ­նը նախ կ­’ո­րո­շէ ջրա­մա­տա­կա­րար­ման ար­հես­տա­կան ցան­ցեր կա­ռու­ցել և ա­պա յօ­րի­նում­նե­րու եւ կո­թող­նե­րու բա­ցօ­դեայ թան­գա­րան մը ստեղ­ծել, որ­պէս զի քա­ջա­լե­րեն նաեւ զբօ­սաշր­ջա­յին մշա­կոյ­թը: Բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն շա­հա­ւէտ այս մրցու­մին կը մաս­նակ­ցին 2700 կեր­պա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ ամ­բողջ աշ­խար­հէն: Մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ նախ կ­’ընտ­րո­ւին յի­սուն գոր­ծեր, ո­րոնք կը վստա­հո­ւին յա­տուկ դա­տա­կան կազ­մի մը վերջ­նա­կան վճի­ռին: Հա­մա­կող­մա­նի քննար­կում­նե­րէ եւ վեր­լու­ծում­նե­րէ ետք կ­’ո­րո­շո­ւի տա­սը յղացք­ներ միայն զե­տե­ղել խնդրոյ ա­ռար­կայ տա­րած­քին վրայ: Այս­պի­սով Եու­րո­զի ՙՓոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն՚ (communication) յօ­րի­նու­մը (installation) կը մտնէ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն տաս­նեա­կին մէջ: Պող­պա­տա­կերտ եւ ու­թը մեթր բարձ­րու­թիւն ու­նե­ցող այս յղաց­քը կը ներ­կա­յաց­նէ չոր­ցած, բայց բո­ղո­քե­լու և վե­րա­կեն­դա­նա­նա­լու ըն­դու­նակ ծառ մը, ո­րուն եր­կու կող­մե­րը զե­տե­ղո­ւած են կա­նա­ցի և տղա­մար­դու գլուխ­ներ, ո­րոնք մէկ կող­մէ հո­ղէն բու­սած կը թո­ւին ըլ­լալ և միւս կող­մէ հա­յեացք­նին ուղ­ղած են դէ­պի վեր, կը սպա­սեն, որ անձ­րեւ գայ, ՙԾա­ռը՚ ծլի ու ծաղ­կի եւ մի­ջա­վայ­րը վե­րա­կեն­դա­նաա­նայ:

Այս մէ­կը Եու­րո­զի կո­թող­նե­րէն երկ­րորդն է, որ կը զե­տե­ղո­ւի Չի­նաս­տա­նի մէջ: Ա­ռա­ջի­նը՝ 2016-ին, ա­նոր մէկ այլ գլուխ գոր­ծո­ցը՝ ՙՅա­ւեր­ժու­թիւն՚ը (Eternity)« այս ան­գամ ի­րենց հրա­ւէ­րով եւ պա­տո­ւէ­րով դար­ձեալ պող­պա­տա­կերտ եւ չորս մեթր բարձ­րու­թեամբ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ Chuangzhi-ի  GINO զբօ­սայ­գիի բա­ցօ­դեայ թան­գա­րա­նին մէջ:

Ի դէպ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն եւ աշ­խու­ժու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րո­ւի կեր­պա­րո­ւես­տի հան­դէպ, յատ­կա­պէս՝ մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ծի­րի վրայ: Թէ ա­րո­ւես­տի ու­սու­ցու­մը կը քա­ջա­լե­րո­ւի, թէ նոր կեդ­րոն­ներ ու թան­գա­րան­ներ կը հիմ­նո­ւին եւ թէ ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րու հա­ւա­քորդ­նե­րը կը բազ­մա­նան: Այս­պի­սով ի­րենց մշա­կոյ­թը կը հարս­տա­նայ ա­րեւմ­տեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեամբ եւս:

Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի մէջ Եու­րո­զի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­ներն ու նո­ւա­ճում­նե­րը պա­տա­հա­կան չեն կրնար ըլ­լալ: Ա­նոնք կ­’ո­րո­նեն ու կը գնա­հա­տեն մնա­յուն ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող՝  իւ­րա­յա­տուկ ու բարձ­րո­րակ ա­րո­ւեստ միայն: Անց­նող ի­րե­րա­յա­ջորդ չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Նոազ Արք ցու­ցաս­րա­հին կող­մէ Եու­րո­զի ա­րո­ւես­տը նե­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Սին­կա­փու­րի Art Stage մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին, միշտ ար­ժա­նան­լով ջերմ ըն­դու­նե­լիու­թեան եւ բարձր գնա­հա­տահք­նե­րու: Ինչ­պէս ի յայտ կու գայ իր  ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու վեր­լու­ծում­նե­րէն, ա­նոր ա­րո­ւես­տը  ար­տա­յայտ­չա­ձե­ւե­րով հա­րուստ է եւ բազ­մա­կող­մա­նի, իսկ  բո­վան­դա­կու­թեամբ՝ խո­րա­պէս մարդ­կա­յին եւ ի­մաս­տա­լից: 

“Զրոյց”

 

«Ծառերու Պարը»

Եուրոզ իր մէկ ստեղծագործութեան հետ։