Յիշատակդ Անթառամ, Սրբազան Հայր


Գեղուհի Սարգիսեան

2002-ին Հայր Մեղ­րի­կը ժա­մա­նեց մեր ե­կե­ղե­ցին։ Մեր ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը իր հետ տիկ­նա­ցի ժո­ղո­վին էր, երբ մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին իր գա­լուս­տը՝ Թո­րոն­թո­յի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հայր Շա­հէ­նի ող­ջեր­թի ե­րե­կո­յին։ Ես ծա­նօ­թա­ցայ Սրբա­զան Մեղ­րի­կին եւ ե­ղայ իր խնա­մա­կա­լը։ Այն օ­րէն սկսեալ, ան ե­ղաւ մեր ըն­տա­նի­քին ան­դա­մը, իսկ մօրս հա­մար՝ մեծ թոռ­նի­կ (եղ­բօրս տղան նոյն տա­րի­քն էր): Սրբա­զա­նը  շատ  կը հո­գար մօրս, մա­մաս ալ ի­րեն չա­փէն ա­ւե­լի կը սի­րէր։ Իր հե­տը շատ սերտ մտեր­մու­թիւն ու­նե­ցանք, զա­ւա­կի պէս նա­յե­ցանք մին­չեւ եր­թա­լը։ Ան շատ հա­րա­զատ էր մե­զի հա­մար։ Որ­քան մեծ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նէր, նոյն­քան հա­մեստ եւ հո­գա­ցող էր բո­լո­րին: Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը օրհ­նու­թիւն էր մե­զի:

Իր վախ­ճա­նու­մը շատ ցա­ւա­լի ե­ղաւ ին­ծի հա­մար։