Յովհաննէս Թումանեանի Հեքիաթները Արեւմտահայերէնով Կը Ներկայացուին Առցանց


ԵՐԵՒԱՆ, “Ազդակ”․- Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանը առցանց հարթակի վրայ սկսած է հեքիաթներ ներկայացնել նաեւ արեւմտահայերէնով։

Թանգարանը առցանց հարթակի վրայ բազմաթիւ ու բազմաբովանդակ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ այցելուներու հետ կապը չկորսցնելու նպատակով։ Թանգարանը կը փորձէ իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սփիւռքի մէջ բնակող հայրենակիցները։

«Սիրելի աշխարհասփիւռ հայեր` հայրեր, մայրեր, մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր,

կ’ուզենք տեղեկացնել, որ այսուհետեւ ամէն շաբաթ օր դուք կրնաք միանալ մեր էջին եւ  ձեր պզտիկներուն առիթ ընծայել, որ արեւմտահայերէնով լսեն Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները։ Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածումը կը պարտինք Թումանեանի մօտիկ ընկերոջ՝ Լեւոն Շանթին։

Պիտի խնդրենք ուշադիր ըլլալ եւ օգնել պզտիկներուն, որ հաճոյքով կատարեն հեքիաթասացին թելադրութիւնները։ Սիրով կը սպասենք ձեր արձագանգին», կը յայտնեն «Ընտիր հեքիաթներ արեւմտահայերէն» նախաձեռնութեան մասին թանգարանի աշխատակիցները ։

Թանգարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին «Արի ծանօթանանք» կրթական ծրագրի բաժինին մէջ նաեւ ներկայացուցած է Թումանեանի մասին պատմող շարժանկարի արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակները:

Կայքէջին հասցէն է՝ www.facebook.com/AriTsanotananq։

Ստորեւ արեւմտահայերէն հեքիաթներու շարքին առաջինը․