Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեակին Նուիրուած Գեղաթերթիկը Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ


“Արմենփրես”,- Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ «Հայփոստ»ի կողմէ թողարկուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ` նուիրուած «Մեծանուն հայեր. Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը» թեմային:

1100 ՀՀ դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկը տպագրուած է Գանատայի «Lowe Martin Group» տպագրատան մէջ` 20 հազար տպաքանակով:

Նամականիշի գծագրութեան հեղինակն է «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր ձեւաւորող Վահագն Մկրտչեանը:

Գեղաթերթիկի նամականիշի վրայ պատկերուած է հայ մեծանուն գրող, բանաստեղծ, ազգային եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեան` իր ստեղծագործութիւններու եւ ձեռագիրներու խորապատկերին:

Նամականիշին վրայ տեղադրուած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի պատկերանշանը, քանի որ Թումանեանի ծննդեան 150ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ` հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ: