Յունիսին Տեղի Պիտի Ունենայ «Քեզ Համար, Ղարաբաղ» Մեծ Փառատօնը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Այս տարուան Յունիսին նախատեսուած է իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօնը: 13 Յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին ըսած է սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:

Անոր համաձայն՝ «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» շարժման ծիրին մէջ Գերմանիոյ Պատեն-Վիւրթեմպերկ քաղաքի հայ համայնքը՝ հոգեւոր առաջնորդ Տիրատուր Սարդարեանի գլխաւորութեամբ, 25 թոն մարդասիրական բեռ հաւաքած է՝ մթերք, հագուստ, գրասենեակային ապրանքներ, որոնք 13 Յունուարին պիտի հասցուին Լեռնային Ղարաբաղ:

«Շարժման տարածումը մեզի հիմք տուած է 2017ը Ղարաբաղի տարի յայտարարելու: Ընթացիկ տարուան Յունիսին մենք կը նախատեսենք իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօն մը, որուն ծիրէն ներս ելոյթ պիտի ունենան Սփիւռքէն եկած խումբեր», նշած է Սրապիոնեան: