Նախագահ Յարութիւնեան Պատերազմէն Տուժած Ընտանիքներուն Բնակարաններով Ապահովելու Ծրագիրը Ստորագրեց


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց Կառավարութեան որոշումը` հաստատելով 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած (մահացած) եւ անյայտ կորածներու ընտանիքներու, 1-ին խումբի անժամկէտ հաշմանդամ ճանչցուած եւ (կամ) անօթեւան մնացած անձերու բնակարաններով ապահովելու ծրագիրը:

Յարութիւնեան այս մասին գրած  «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:

Նշեալ խումբերու անձիք բնակարանային տարածքով ապահովելու նպատակով կ՛իրականացուին հետեւեալ աշխատանքները.

Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ պիտի կառուցուին բազմաբնակարան շէնքեր` շուրջ 1200 բնակարանով:

Հանրապետութեան գիւղական բնակավայրերուն մէջ պիտի կառուցուին առնուազն 20 նոր բնակելի թաղամասեր, որոնց մէջ կը կառուցուին աւելի քան 2297 բնակելի տուներ աւելի քան 36 գիւղերու տեղահանուած բնակիչներուն համար: Այդ բնակելի տուներէն 1809-ի համար պիտի կառուցուին հիմքերը, իսկ թեթեւ շինութեամբ անոնց կառուցումը պիտի իրականացուի բարեգործական տարբեր ծրագիրներով:

Ստեփանակերտ քաղաքի բնակարաններու առաջնային շուկայէն պիտի գնուի մօտ 1000 եւ երկրորդային շուկայէն` աւելի քան 500 բնակարանային տարածք:

Հանրապետութեան շրջաններու բնակարաններու առաջնային շուկայէն կը գնուի մօտ 70 բնակարանի եւ երկրորդային շուկայէն պիտի գնուի եւ կը վերանորոգուի շուրջ 1000 միաւոր բնակարանային տարածք:

Ծրագրի ծիրէն ներս պիտի ապահովուի նաեւ կառուցապատուող բնակավայրերու բարեկարգումը, ենթակառուցուածքներու կառուցումը կամ վերանորոգումը եւ բնակարանային տարածքներու կահաւորումը:

Ծրագրի ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան պետական ամավարկերէն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, եւ օրէնսդրութեամբ չարգիլուած այլ միջոցներու հաշուին:

«ի դէպ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքներուն յառաջիկային առանձին պիտի անդրադառնամ: Նման ծրագիրներու միջոցով պիտի լուծենք բնակարանային ապահովման կարիք ունեցող մեր բոլոր քաղաքացիներու բնակարանային խնդիրը: Նշեմ, որ նախապատերազմեան ժամանակաշրջանին գործող պետական բնակարանային ծրագիրները եւս ուժի մէջ են, եւ կառավարութիւնը կը շարունակէ զուգահեռաբար իրականացնել իր պարտաւորութիւնները մնացած շահառու խմբերուն հանդէպ», գրած է նախագահը: