Նախագահ Սարգսեան Առաջարկած Է Գիւմրիի Մէջ Հայ-Ռուսական Ռազմարդիւնաբերական Համալիր Ստեղծել


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով՝ Մարտ 14ին՝ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ:

Ռուսիա այցելութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Ռուսիան հայաստանեան տնտեսութեան գլխաւոր ներդրողն է եւ հիմնական տնտեսական գործընկերը: Ռուսիան Հայաստանի առանցքային գործընկերն է շարք մը այլ մարզերու մէջ եւս, որոնց կարգին` ուժանիւթի եւ փոխադրութեան մարզերը: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» թերթին մէջ իր պաշտօնական այցելութեան ընդառաջ գրած է Հայաստանի նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ յօդուածին մէջ կարծիք յայտնած է, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան ներուժը շատ աւելի մեծ է` առաջարկելով, որ երկու երկիրները քննարկեն Գիւմրիի մէջ, ուր տեղակայուած է ռուսական 102րդ զինուորական կայանը, նաեւ  ռազմարդիւնաբերական միացեալ համալիր ստեղծելու հարցը: Այդ համալիրը, նախագահ Սարգսեանի խօսքով, կրնայ դառնալ հարթակ` Հայաստանի հետ սահմանակից պետութիւններու եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական արհեստագիտութեան համագործակցութեան հաստատման համար:

Հայաստանին սահմանակից չորս երկիրներէն երկուքին` Իրանի եւ  Ազրպէյճանի հետ Ռուսիան ունի խոր համագործակցութիւն` ռազմարդիւնաբերական մարզին մէջ: Այդ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ Մոսկուան արդէն իսկ միլիառաւոր տոլարներու  սպառազինութիւն վաճառած է Ազրպէյճանին: Իսկ Իրանի հետ Ռուսիոյ  «Ս-400» հրթիռային համակարգի վաճառքի գործարք կնքած է:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ, Հայաստանի նախագահը նշած է, որ Պաքուն պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանն ու համանախագահող երկիրները կը խօսին մէկ լեզուով: «Պատերազմը խնդիրներու լուծման ձեւ, ճամբայ չէ, եւ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ ո՛չ թէ շանթաժով, այլ բանակցութիւններու միջոցով», «Իզվեսթիա» թերթին մէջ գրած է Հայաստանի նախագահը: