Նախագահ Սարգսեան Սարդարապատի Մէջ Մասնակցեցաւ Հանրապետութեան Տօնին Նուիրուած Տօնակատարութեան


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 28ին, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ յուշահամալիր այցելած հիւրերուն հետ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան:

Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցանեց: Զօրահանդէսի մասնակիցներուն ողջունելէ եւ Պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը ընդունելէ ետք՝ նախագահը հանդիսութեան մասնակիցներուն հետ Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ դիտեց «Գալէմքարեաններ պղնձագործ վարպետաց սուրիահայոց դպրոց. փրկուած եւ Հայրենիքին նուիրաբերուած մշակութային արժէքներ» խորագիրով ցուցահանդէսը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սարդարապատի մէջ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հանրապետութեան տօնին առթիւ: Ան իր ուղերձին մէջ ըսաւ․

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս Հանրապետութեան տօնին առիթով:

1918 թուականի մայիսեան յաղթանակները նոր եւ փառաւոր էջ բացին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն մեր նախնիները նուաճեցին ապրելու իրաւունքը:

Այդ կռիւները բնաջնջման եզրին յայտնուած ժողովուրդի վերջին եւ օրհասական ճիգերն էին, որ կոչուած էին պաշտպանելու մեր պատմական հայրենիքի վերջին հողակտորները եւ փրկելու մեր ժողովուրդի վերջին բեկորները: Այդ անհաւանական թուացող սխրանքը գործեցին մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը, բոլոր շերտերը: Գործեցին բացառիկ միասնականութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ, անձնազոհ խիզախութեամբ եւ աննահանջ կամքով: Գործեցին ազգային գիտակցութեան եւ պատմական պատասխանատուութեան բարձր մակարդակով:

Նորանկախ Հայաստանը ծնունդ առաւ Առաջին աշխարհամարտի համազարկերու տարափին տակ: Մենք ամէն տարի հաւատարմութեան երդումի նման կը կրկնենք պարզ ճշմարտութիւն մը. եթէ չըլլար 1918 թուականի Մայիս 28ը, չէր ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, եւ չէր ըլլար ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին մենք, թերեւս, չենք ունեցած պետականութենէն զրկուած ըլլալ աւելի մեծ ժամանակահատուած, քան այն փուլը, որ անմիջականօրէն նախորդած է Մայիս 28ին: Եւ, անկասկած, չենք ունեցած աւելի ծանր եւ ողբերգական ճակատագիր նախորդ որեւէ դարաշրջանի մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ 99 տարի առաջ պետականութեան վերականգնումը կրկնակի թանկ էր եւ նուիրական, եւ այսօր ալ սրբազան է իւրաքանչիւր հայու համար:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր քաղաքացիներուն բերաւ ոչ միայն անկախ պետականութիւն, այլեւ մարդու իրաւունքներ եւ ազատութիւններ, որոնք արդէն ամրագրուած էին օրէնքներով:

Այսօրուան Հայաստանը նոյնպէս ծնաւ պատերազմի կրակի բովին մէջ, բայց այս անգամ` արցախեան ճակատի վրայ: Մենք` ներկայ Հայաստանի քաղաքացիներս, հաւատարիմ ենք Առաջին Հանրապետութեան պատգամներուն:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս մեծագոյն տօնին առիթով: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ ստեղծագործ աշխատանք` յանուն մեր երկրի յառաջընթացի եւ բարօրութեան:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Փա՛ռք հայ ժողովուրդին: