Նախաստորագրուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը


Մարտ 21ին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ, շրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿի հարցերով տնօրէն Լիւք Տեւինը եւ  Եւրոպական Միութեան կողմի առեւտուրի հարցերով գլխաւոր բանակցող Փեթրոս Սուրմելիսը:

Նախարար Նալբանդեան ողջունեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը նախաստորագրելու նպատակով Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաներու այցելութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ փաստաթուղթը նոր էջ կը բանայ Հայաստանի ու  Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեան շեշտեց, որ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի այս տարուան ընթացքին եւ աւելցուց, որ անիկա կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու  խորութիւնը, մակարդակը եւ ծաւալը: Արտաքին գործոց նախարարը  ընդգծեց, որ փաստաթուղթով կը շեշտուի այն կարեւորութիւնը, որ Հայաստան կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ իր համագործակցութեան:

Հանդիպումին յաջորդեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ  Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ համաձայնագիրը նախաստորագրեցին Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան , ինչպէս նատւ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու  նախարարի տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան: Եւրոպական Միութեան կողմէ նախաստորագրեցին գլխաւոր բանակցող Լիւք Տեւին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմի առեւտուրի հարցերով բանակցող Փեթրոս Սուրմելիս: