Նախկին Պոլսահայ Պերճ Սրկ. Լիւլէճեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Երախտագիտութեան Բարձր Մետալով


Յարութիւն Դերձակեան


Քաղաքիս քաջածանօթ նախկին պոլսահայ  Պերճ Սրկ. Լիւլէճեան ամէն առիթով Թորոնթոյի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կը սատարէ ու ազգանուէր դեր կը խաղայ՝ իշխանական նուիրատուութիւններ կատարելով ազատագրուած Արցախի վերաշինութեան եւ զարգացման համար։ Վերջերս իր կատարած մեծագումար նուիրատուութեամբ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող հայոց բանակի զինուորներուն համար խաչեր պիտի պատրաստուին եւ պիտի դրուին բոլոր զինուորներու համազգեստներուն վրայ։

Հոկտեմբեր 15ին Կիրակի առաւօտ, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց

Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին կը հանդիսապետէր Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, Ս. Պատարագը մատուցեց փոխառաջնորդ՝ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։

Ներկայ էին Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, որուն կ՚ընկերանային հիւպատոսը եւ դեսպանատան աշխատակիցներ, ՀՀ Օնթարիօ նահանգի պատուակալ հիւպատոս Պերճ Սվազլեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Խորէն Մարտոյեան։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Տէր Հայրը, խօսք առնելով տեղեկութիւններ փոխանցեց

նորակազմ «Բարեւ» անունով «Գանատահայ Համայնքի Ծառայութեան Կեդրոն»ի նպատակներուն մասին՝ նշելով, որ կեդրոնը պիտի ծառայէ կրթական, մշակութային, ընկերային եւ բարեսիրական նպատակներու։ Ապա նորակազմ «Բարեւ» կեդրոնի անդամները ու իրենց օգնականները «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ դէպի Ս. խորան յառաջացան, ուր ստացան Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութիւնները։

Առաջնորդ Աբգար Սրբազան իմաստալից իր պատգամը փոխանցեց՝ նիւթ առնելով «Այրի կնոջ լուման»։ «Գործնական սիրոյ եւ քրիստոնէութեան արտայայտութիւնը այս օրերուն կը դրսեւորուի եւ կը գնահատուի Լիւլէճեանի անձին մէջ։ Կը նմանի այն օրինակին, որ այս օրուան աւետարանական մէջբերումի արտայայտութեան մէջ էր. ահաւասիկ այս ան լուման է, որ կը ներդրուի իբր քրիստոնէութեան գործնական երեւոյթ»։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութիւնը․ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան կարդաց Լիւլէճեանի երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրուելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրը, որ կը յայտնէր՝ «Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործերուն ներդրած աւանդին համար Պերճ Յովհաննէս Վահրամ սարկաւագ ԼԻՒԼԷՃԵԱՆԻՆ ( ԳԱՆԱՏԱ ) կը պարգեւատրենք Երախտագիտութեան մետալով»։ Ապա դեսպանը անոր լամբակը զարդարեց Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր շքանշանով եւ ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին մեծարեալը։

Վերջաւորութեան ան ընդունեց ներկայ հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները։