Նամականի․ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի Հաւաքներու Շարքին


Թամար Տօնապետեան


Նամակագրութիւնը, իրարմէ հեռու գտնուող անհատներու միջեւ հաղորդակցութեան միակ միջոցն էր ատենօք։ Հաղորդակցութիւն, որ ոմանց գրիչին տակ այնքան մշակուած ու գեղեցիկ է որ այսօր, դադրած է այլեւս հասարակ նամակ մը ըլլալէ եւ որպէս արուեստի կտոր կարելի է մեր գրականութեան գոհարներուն հետ դասել։ Այսպիսին են օրինակ, Դանիէլ Վարուժանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Շանթի նման գրողներու նամակները, որոնց ընդմէջէն մենք ոչ միայն իրազեկ կը դառնանք պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններու, այլ նաեւ կը մօտենանք մեր հանճարներու ներաշխարհին, մասնակից կը դառնանք իրենց ապրած վերիվայրումներուն. մէկ խօսքով՝ ա’լ աւելի կը ծանօթանանք իրենց ու իրենց ապրած ժամանակաշրջանին, գեղարուեստի այս նրբակերտ նմոյշներուն շնորհիւ։

Նոյեմբեր 2, 2018-ին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքը մեր առջեւ կը բանայ քսաներորդ դարէն փրցուած էջ մը, որուն հերոսներն են Դանիէլ Վարուժան, Լեւոն Շանթ, Համաստեղ, Արամ Հայկազ, Լեռ Կամսար։ Ուրախալի երեւոյթ էր, երիտասարդ գրասէրներու կողքին լսել նաեւ երեք պատանի գրասէրներու ներկայացումները։ Նախքան այդ սակայն, որպէս հակիրճ նախաբան, հանդիսատեսին հետ կը բաժնենք «Արուեստ նամակագրութեան» խորագիրը կրող 1863-ին կոստանդնուպոլսոյ մէջ տպագրուած գիրքի մը մասին, որ այդ տարիներուն, կը միտէր պատանիներուն փոխանցել նամակագրութեան արուեստը. փաստ մը եւս թէ որքան կարեւոր տեղ կը գրաւէր նամակագրութիւնը այդ օրերուն։ Ներկայացումներուն համապատասխան պաստառները կ՚ընկերակցին խօսողներուն, հաւաքի ընթացքին։

Ալիք Պապողլեան, Խմբակի նոր անդամներէն է. Դանիէլ Վարուժանի կենսագրական տուալները փոխանցելէ ետք, կ՚անցնի իր նամակներուն։ Ապագայ տիկնոջ՝ Արաքսի Թաշճեանին ուղղուած նամակէն կը հասկնանք իրենց տագնապալի յարաբերութեան մասին. անսահման սէր եւ ամէն գնով իրարու հետ ամուսնանալու անխախտ վճիռ։ Հօրեղբօր ուղղուած նամակին մէջ, դէպի «ապագայի ջահ»ը իր երթին համար, յաջողութեան մաղթանք է որ կը հայցէ.- «Յաջողութի՜ւն, այս բառին համար աներեսաբար Ձեզմէ մաղթանքի բոյլ մը կը խնդրեմ, շնորհմանը վրայ չեմ տարակուսիր։» Իսկ իր Արշակ Չօպանեանին ուղղուած նամակին մէջ երիտասարդ գրողին երախտագիտական զգացումներն են որ կը դրսեւորուին, իր գրիչին նկատմամբ Չօպանեանի քաջալերական քայլերուն ակնարկելով։ Նամակները, գրողի կեանքէն փրցուած երեք կարեւոր հանգրուաններու մասին ըլլալէ անդին, գրական գոհարներ են իրենց հարուստ ու պատկերաւոր լեզուով։

Կ՚անցնինք Խմբակի մէկ այլ նորագոյն անդամներէն՝ Անի Յովհաննէսեանին։ Համազգայինի հիմնադիրներէն, թատերագիր, մանկավարժ Լեւոն Շանթի մասին հակիրճ տեղեկատուականէ մը ետք, կ՚ունկնդրենք Շանթի նամակներէն մէկուն, որ ուղղուած է մեր գրողներէն՝ Համաստեղի, երեսունականներու սկիզբը, երբ հիմը կը դրուէր Ճեմարանին (Համազգայինի Ն Փալանճեան Ճեմարան), Պէյրութի մէջ. «…պէտք ունինք ուսուցչի մը, որուն հոգին թաթխուած ըլլայ մեր հայրենիքի յիշատակներովը եւ լեզուն բուն ժողովուրդի աղը, գոյնը եւ պարզութիւնը ունենայ։» Խօսք, որ մտածել կու տայ մեզի այսօր, հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն ներկայ եւ ապագայ իրավիճակին մասին։ Երկրորդ նամակը՝ դարձեալ Համաստեղի ուղղուած, խնդրանք մըն է «Հայ Ճեմարանին մէջ որդեգիրներ պահել»ու. պատանիներ, որոնք Եղեռնին որպէս հետեւանք սփռուած են Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի տարածքին եւ փափաք ունին սորվելու։ Այս մէկը եւս

թէ մեր ազգի պատմութեան թէ Համազգայինի դերին կ՚ակնարկէ. աւելին՝ հայապահպանման ճամբուն մէջ, երկու մտաւորականներու կատարած դերին մասին գաղափար կու տայ։

Համաստեղի նամակներէն երկուքը կը ներկայացնէ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբէն Հրակ Գարամարտեանը։ Յատուկ ուշադրութեան արժանի է եւս Համաստեղ, որ հակառակ անոր որ իր կեանքին մեծամասնութիւնը ապրեցաւ ԱՄՆի մէջ, իր սիրտն ու հոգին անքակտելիօրէն փարած մնացին հայրենի հողին ու գիւղին։ Նամակներէն առաջինը՝ 1933-ին գրուած, ուղղուած է Աղբալեանի, ուր Համաստեղ կը տեղեկացնէ թէ վասն Ճեմարանին որոշ գումար մը կրցած է ապահովել ասդիէն անդիէն, երբեմն ապարդիւն եղած են ջանքերը սակայն ան անվհատ կը շարունակէ գործը։ Վերջաւորութեան, «Սպիտակ ձիաւոր» վէպին կ՚ակնարկէ, որ իր նշանաւոր գործերէն մին եղաւ, հակառակ անոր որ սկսելէ յետոյ, երկար բացակայութենէ ետք է որ ամբողջացուց վէպը…այդ ալ կը վերագրէ ԱՄՆի կեանքի պայմաններուն։ Սիմոն Վրացեանին ուղղուած նամակէն կը տեղեկանանք Համաստեղի տիկնոջ՝ Սրբուհիի մահուընէ ետք իր ապրած հոգեվիճակին մասին. բանաստեղծի յատուկ նրբութեամբ գրուած՝ 1966-ին։

Տարօն Հալլաճեանի կը հասնի կարգը. ընտրութիւնն է Արամ Հայկազի նամակներէն մին, որ ուղղուած է հայրենի գրչեղբօր Գուրգէն Մահարիի, գրուած՝ 1966-ին։ Շապին Գարահիսարի ծնունդ, «չորս տարի քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» ծպտուած, վերապրող Հայկազ. ահաւասիկ գրող մը եւս, որ ԱՄՆի մէջ անցուց իր կեանքին մեծ մասը, սակայն մնաց մօտէն առնչուած հայրենիքի հետ. այս պարագային, սովետական օրերու հայրենիքի, ուր իբր գրչեղբայր սերտ յարաբերութիւն ունէր Գուրգէն Մահարիի հետ։ Գրելու յատուկ ոճ ունի Հայկազ. նամակներուն մէջ ոչ միայն տեղեկութիւն կայ, այլ կեանք կայ, ապրում կայ, օր մը իր ելեւէջներով ու յուզումներով։ Նամակի պարունակութեան մէջ, ի միջի այլոց, կը լսենք նաեւ Համաստեղի յոբելեանին կազմակերպումի ու Լեռ Կամսարի մահուան մասին։

Լեռ Կամսար. հալածուած, բանտարկուած, Վանի ծնունդ Արամ Թովմասեան, որ պիտի դառնար մեր մեծագոյն երգիծաբաններէն, Պարոնեանի ու Օտեանի շարքին։ Խմբակի անդամներէն Էօժենի Բարսեղեան կ՚ընթերցէ Պարոնեանէն Կամսարի ուղղուած նամակ մը. ի հարկէ երկուքին ապրած ժամանակահատուածները նկատի առնելով, կրնանք հետեւցնել որ «երկինքէն ուղղուած» նամակի մասին է խօսքը։ « [Երկինք] եկողները անանկ կը պատմեն, որ եթէ ես չմեռնէի ու շաբաթ մըն ալ դիմանայի, Ազգը որոշեր էր արդեն եւ օգնութեան պիտի փութար ինծի։ Ասիկա այն ցաւալի հանգամանքը կը ցուցադրէ, որ ես զուր տեղ, թիւրիմացութեամբ եմ մեռեր, զոհ անհամբերութեանս։» կ՚ըսէ Պարոնեան։ Խնդա՞ս թէ լաս, չես գիտեր. զգացում մը, որ Կամսարի գրիչին հզօրութիւնը կը փաստէ։ Նամակին մէջ Պարոնեանը օրինակ բերելով, Կամսար մատը կը դնէ խոր վէրքի մը վրայ, որն է ազգին անտարբեր վերաբերմունքը հանդէպ գրողին։

Խմբակի անդամներէն՝ Էօժենի կը բաժնէ իր տպաւորութիւնը.- «Ամէն անգամ որ կը կարդանք մեր գրողներուն գործերը, իրենց նոր կեանք կու տանք: Մեր գրականութեան անմահութեան գաղտնիքը այս է։» Ալիք կ՚աւելցնէ.- «Նամակներուն ընդմէջէն մօտէն ծանօթացայ Դանիէլ Վարուժանի անձնական կեանքին, մտածումներուն, զգացումներուն, առած գործնական քայլերուն։» Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքը ամբողջացուց իր հիմնադրութեան եօթներորդ տարին։ Հաւաքները, հանդիսատեսինբան մը փոխանցած ըլլալէ աւելի՝ ներկայացնող երիտասարդին եզակի առիթ կ՚ընծայեն, որպէսզի ան գրող մը կամ գրութիւն մը ընթերցէ, որոշ չափով ուսումնասիրէ, համադրէ ու ներկայացնէ մայրենի լեզուով։ Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ոչ միայն բանիւ այլ մանաւանդ գործով, իրենց ներկայութեամբ նեցուկ կը կանգնին այս համեմատաբար փոքր բայց գործնական ու արդիւնաւէտ քայլը առաջնորդող՝ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին։