ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ- Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (2)


ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այս օրերուն քաղաքական բոլոր ուժերուն գլխաւոր մտահոգութիւնն ու առաջնահերթութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաւելագոյն քուէներ ստանալն ու նոր կազմաւորուելիք Ազգային ժողովին մէջ ներկայութիւն ապահովելն է: Կայացած կուսակցութիւնները, որոնք ի դէպ ներկայ իշխանութեան մէջ են, կամ մօտիկ անցեալին իշխանութեան մէջ եղած էին, այլ ուժերու հետ դաշինքներ կնքելու կարիքը չեն զգար: Իսկ փոքր եւ նորակազմ քաղաքական խմբաւորումները, որոնք զուրկ են ազդեցութեան լծակներէ եւ չեն վայելեր ռուսահայ կամ հայաստանաբնակ սակաւապետերու (օլիկարխ) անդամակցութիւնը կամ աջակցութիւնը, դաշինքներ ու միացեալ ճակատներ կը կազմեն` ապագայ խորհրդարանին մէջ իրենց տեղը ապահովելու յոյսով: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հիմնադիր, մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեան հաւանաբար միակն է, որ, ունենալով հանդերձ նիւթական հնարաւորութիւն եւ կուսակցական համապետական ներկայութիւն, որոշած է դաշինք կազմել այլ կուսակցութիւններու հետ:

Հետաքրքրական է, որ կուսակցութիւններու ընտրական դաշինքները չունին գաղափարական հենք: Օրինակ` Ծառուկեանի դաշինքին մէջ ընդգրկուած են աջ, ձախ, ընկերվարական, ազատական եւ անյայտ հայեացքներ ու գաղափարաբանութիւն ունեցող կուսակցութիւններ: Դաշինքներուն նպատակը, պարզապէս, ընտրական ուժ դառնալն ու խորհրդարանին մէջ տեղ գրաւելն է: Նոր Սահմանադրութեամբ, երկրի կառավարման մէջ խորհրդարանին դերը զգալիօրէն կը բարձրանայ, իսկ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար Ազգային ժողովէն դուրս մնալ` կը նշանակէ լուսանցք մղուիլ եւ չունենալ որեւէ լուրջ դերակատարութիւն երկրի քաղաքական կեանքին մէջ:

Ընտրական նոր օրէնսգիրքով, Հայաստանը բաժնուած է ընտրական 13 տեղամասերու (Երեւանը` 4 տեղամաս, մնացեալ 9 մարզերը` իւրաքանչիւրը մէկ տեղամաս): Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ընտրակարգով, այսինքն` ժողովուրդը պիտի ընտրէ ո՛չ միայն անհատներ, այլ նաեւ` կուսակցութիւններու ցանկեր: Կուսակցական համապետական ցանկերուն, սակայն, կցուած պիտի ըլլան նաեւ ընտրատարածքային ցանկեր: Այլ խօսքով` կուսակցութիւն մը իր համապետական ընտրացանկին կողքին, իւրաքանչիւր ընտրատարածքի մէջ պիտի ներկայացնէ նաեւ անհատ թեկնածուներ: Օրինակ, Լոռիի մարզին մէջ, ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւն մը կամ դաշինք մը պիտի ունենայ համապետական ցանկ ու անոր հետ միասին` ընտրատարածքային առնուազն 5 անհատ թեկնածուներ: Ընտրողը, ուրեմն, պէտք է ո՛չ միայն իր նախասիրած կուսակցութեան քուէարկէ, այլ նաեւ այդ կուսակցութեան ընտրատարածքային թեկնածուներուն. (http://www.arlis.am/DocumentView.aspx?DocID=109081):

Բազմաթիւ դիտորդներ մտահոգութիւն յայտնած էին այն մասին, որ կուսակցական ցանկերուն կողքին անհատներու թեկնածութիւն դնելը պարզապէս մեծամասնական ընտրակարգի վերարտադրութիւնն է` համամասնականի անուան տակ…

Միւս կողմէ, նոր օրէնքները կը դժուարացնեն ընտրախախտումները, որոնք ահաւոր մակարդակներու հասած էին Հայաստանի մէջ: Այժմ, նկարահանող սարքեր պիտի տեղադրուին շուրջ 1500 տեղամասերու մէջ. ընտրութիւններէն ետք քուէարկողներու անուանացանկերը հասանելի պիտի ըլլան քաղաքական ուժերուն: Նաեւ, աւելի իրազեկ, երիտասարդ եւ աշխուժ դիտորդներ պիտի հետեւին ընտրութիւններու ընթացքին: Պարզապէս, շատ դժուար պիտի ըլլայ քուէատուփերու լցոնումները, կրկնակի քուէարկութիւնները, ընտրական յանձնաժողովներու խարդախութիւնները: Հիմա, սակայն, ի գործ կը դրուին այլ լծակներ, որոնց մէջ ամէնէն կարեւորը` փո՛ղն է: Արդէն իսկ կանխիկ գումարներ կը շրջագային գրեթէ բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ: Այս մասին` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com