Նամակ Սիամանթոյին


Րաֆֆի Սարգիսեան


 
Նեխած է սիրտը մարդկութեան,
եւ արդէն խաւարած է այդ երկինքը`
որուն կապոյտին անկեղծութեան մէջ,
մեր ազատութիւնը կը բնակէր:
 
Այժմ` երկինքն է սոսկալի ապականած, 
մարդասպաններու փսխած թոյներով,
որուն տակ կը թախանցեն ընդունիլ`
նենգ հանգամանքներ ու կանոններ:
 
Բայց կա՛ն խիտ անտառներ,
յամառ ճիւղերով երկինք պարզուած,
որ պղծութիւնները կը խոցեն, 
գարշ երկինքէն բարիքներ զտելով` 
կը կաթեցնեն դէպի աշխարհ, 
թմրածները կենդանացնելու, 
սնանկ հոգիները ճշմարտութեամբ ջամբելու,
լոյսը փրկելու յոյսով:
 
Քնարիդ լարերը թաց, կը լսուին դեռ՝ 
մինչ մայրեր դե՛ռ կը հեկեկան,
արդարութիւնը, որուն ճակտին թքեցիր`
բացակայ է դե՛ռ,
եւ  քու արդարահայց գրիչով անիծած,
դաւաճաններն ու ոհմակները անկաշկանդ`
«Մահուան Տեսիլ»դ, կրկին դժոխքէն կենդանութիւն կը կոչեն։
 
Բայց, ինչպէս երէկ, այսօ՛ր ալ,
պիտի տեսնենք կրկի՛ն,
քո՛ւ աւետած «Դարերու Վրէժ»ը,
պիտի յարինք քու անանց խօսքերուն 
եւ որոտանք միաբերան 
«Մեր Անունն է
Պայքար եւ Վախճանը Յաղթանակ»։